ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցաւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան անդամներուն հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայա ցուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան  քաղաքական հանդիպումներուն ծիրէն ներս, Դեկտեմբեր 4-ին Օթթաուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան անդամ խորհրդարանի անդամներ Պապ Սարոյայի եւ Կարնէթ Ճէնըսի հետ։

Արցախի բարեկամ գանատացի պատգամաւորները յայտնեցին, թէ խմբակցութեան կազմաւորումը Գանատայի խորհրդարանէն ներս անհրաժեշտութիւն էր, որպէսզի խմբակցութեան աշխատանքներուն շնորհիւ, Գանատայի խորհրդարանէն ներս աւելի լայնօրէն քննարկուի Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացն ու Արցախի ժողովուրդի իքնորոշման իրաւունքի հարցը:

Նշենք, որ «Գանատայի Խորհրդարանի Արցախի ժողովուրդի բարեկամներ» խմբակցութեան հիմնադիր ժողովը տեղի ունեցած է 2019 թուականի մարտ 19-ին, որուն ներկայ գտնուած է Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.