January 26, 2026
ՀՅԴ-ին
- (0)

ԱՆԱՀԻՏ
Ծնունդ առած ժողովուրդէդ,
Անշեղ մնաս վեհ ուղիէդ
Հաւատարիմ տարերքներուդ
Կը ծառայես սրտովն հոգուդ։
Խիզախ քայլով, ոգով անպարտ,
Արդար տենչով, կամքով անխախտ,
Նուիրումով՝ գործի պատրաստ,
Բարիքներով՝ անվերջ, առատ։
Ազատատենչ՝ընդդէմ մահին,
Ստեղծագործ՝ ընդդէմ չարին։
Զոհաբերուած՝ յանուն ազգին,
Յանուն ուխտին, հայրենիքին։
Երիտասարդ ուժերով նոր,
Արթուն հսկող՝ խիտ շարքերով,
Ազգանուէր զաւակներով,
Կը զօրանաս դուն օրէ օր։
Յունուար 2023