ՀՅԴ Գանատայի 48-րդ Շրջանային ժողովի յայտարարութիւն
Յուլիս 5-7 շաբաթավերջին, Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ՀՅԴ Գանատայի 48-րդ Շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ Վանգուվըրի, Թորոնթոյի, Լաւալի, Գէմպրիճի, Ս. Գաթրինզի Մոնթրէալի, Համիլթընի եւ Օթթաուայի կոմիտէութեանց պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեանց պատգամաւորներուն: Ժողովին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու եւ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչները, ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ ուղեկից կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Ժողովը, հանգամանօրէն քննարկելով ՀՅԴ Գանատայի կազմակերպութեան երկամեայ գործունէութիւնը, կատարեց իրավիճակի քննարկում եւ արժեւորում, նախանշելով կառոյցի յառաջիկայ ուղենիշներն ու առաքելութիւնները:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, քննարկուեցան Հայ Դատի, կազմակերպական, քարոզչական, եւ համագաղութային հարցեր եւ անոնց լուծման ի խնդիր տրուեցան համապատասխան որոշումներ:
Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց առջև ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն։
Ժողովը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն նկատեց Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան միասնական համակարգի ամրապնդումը՝ ռազմավարական դաշինքով, ընդգծելով այդ ուղղութեամբ անհրաժեշտ քայլերու և համարժէք պատասխանատուութեան կարևորութիւնը:
Ժողովը յատկապէս կարեւորեց երիտասարդութեան յաւելեալ ներգրաւումը Հայ Դատի գործունէութեան եւ ազգային կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ քարոզչական ռազմավարութեան ամրապնդումը «Հորիզոն»ի եւ այլ տեղեկատուական միջոցներով։
Շրջանային ժողովը վերահաստատեց նաեւ ՀՅԴ Գանատայի շրջանի յանձնառութիւնները հայրենիքի հզօրացման եւ հայութեան պատմական իրաւունքներու վերականգնման գծով:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2019-2021 տարեշրջանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմը:
ՀՅԴ Գանատայի 48-րդ Շրջանային ժողով