ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան Դաստիարակչական Առաջին Սեմինարը
«Հորիզոն», 20 Դեկտեմբեր 1982
«Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին առթիւ, «Հորիզոն»ը հերթաբար պիտի հրապարակէ շաբաթաթերթի արխիւէն մեր համայնքի կարեւոր իրադարձութիւններու լրատուութիւններ, թղթակցութիւններ եւ հարցազրոյցներ: Ստորեւ կը հրապարակենք ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան Դաստիարակչական Առաջին Սեմինարը, որ տեղի ունեցած էր Սենթ Գաթրինզի Հայ կեդրոնին մէջ.
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան Դաստիարակչական Առաջին Սեմինարը
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան, 13-14 Նոյեմբեր շաբաթավերջին, Սենթ Գաթրինզի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան Ա. դաստիարակչական սեմինարը։ Սեմինարին մասնակցեցան Պատանեկան միութեան Սենթ Գաթրինզի Գարեգին Նժդեհ, Համիլթընի Խանասոր, Գեմպրիճի Վարդան, Թորոնթոյի Քրիստափոր եւ Մոնթրէալի Դրօ մասնաճիւղերէն շուրջ 80 պատանիներ (12-16 տարեկան)։ Իւրաքանչիւր հինգ պատանիի նշանակուած էր Երիտասարդականի շարքերէն պատասխանատու մը։
Սեմինարը բացուեցաւ Շաբաթ օր, առաւօտեան ժամը 11։30-ին։ Առաջին դասախօսն էր ընկ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան, նիւթը՝ «Հայ պատանին Սփիւռքի մէջ եւ Դաշնակցական պատանիին դերը»։ Ընկերը նախ բացատրեց Սփիւռքի իմաստն ու Սփիւռքի կազմութեան պայմանները, ապա պարզեց, թէ մենք Սփիւռք ունեցած ենք նաեւ անցեալին, ինչպէս Հնդկաստանի եւ Լեհաստանի գաղութները, որոնք ընդհանրապէս քաղաքական-տնտեսական-ընկերային պայմաններու արդիւնքն էին։ Ներկայ Սփիւռքը, որ կազմուած է հակառակ հայ ժողովուրդի կամքին, բռնութեամբ, արդիւնքն է Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեան։ Ապա, ընկերը անդրադարձաւ Հայ Դատը հետապնդելու ստիպողականութեան եւ այդ պայքարին մէջ դաշնակցական պատանիի դերի մասին։ Դասախօսութենէն ետք եղան հարցումներ։
Կէսօրուան ճաշի դադարէն ետք տեղի ունեցաւ միջ-մասնաճիւղային ընդհանուր զարգացման մրցում մը, որուն առաջնութիւնը շահեցաւ Դրօ մասնաճիւղը։
Երկրորդ դասախօսն էր ընկ. Նազարէթ Սէֆէրեան, որ դրուագներ ներկայացուց դաշնակցական պատանիներու կեանքէն։ Ընկերը բացատրեց 1890-ական թուականներու մեր պատանիներու կեանքը, զոհաբերութեան ոգին, գաղտնապահութիւնը եւ սէրը հանդէպ Հայրենիքին։ Ընկերը ապա խօսեցաւ սուրհանդակ եւ թռուցիկ պատանիներուն, մարտական պատանիներուն եւ աշակերտ պատանիներու կեանքին եւ գործունէութեան մասին եւ ապա, ան բաղդատական մը ըրաւ անցեալի եւ ժամանակակից պատանիներու ապրելակերպին միջեւ, եւ ծանրացաւ հայախօսութեան կարեւորութեան վրայ։ Իրեն ուղղուած հարցումներուն ընկերը պատասխանեց մանրամասնօրէն։
Ընթրիքէն ետք տեղի ունեցաւ խրախճանք։
Կիրակի օրուան նիստը սկսաւ առաւօտեան ժամը 11։30-ին։ Զեկուցաբերն ու զրուցավարն էր ընկ. Յակոբ Սեւակեան, նիւթը՝ Հայ Դատը հետապնդելու ձեւեր։ Ընկերը նախ բացատրեց Հայ Դատին իմաստը, ազգային դատերու ծագումն ու անոնց ուր եւ ինչպէս լուծուիլը։ Ընկերը թուեց ազգային դատ հետապնդելու ձեւեր եւ միջոցներ։ Ապա, պատանիները բաժնուեցան 7 խումբերու եւ իրենց վարիչներու հսկողութեան տակ տեղի ունեցան կարծիքներու փոխանակում արծարծուած հարցին շուրջ։ Իւրաքանչիւր խումբի եզրակացութիւնը կարդացուեցաւ ընդհանուրին։ Ընկեր զրուցավարը համադրեց ներկաներուն կարծիքները, ապա մանրամասնօրէն պատասխանեց իրեն եղած բոլոր հարցումներուն։
Սեմինարը վերջացաւ կ.ե. ժամը 2։30-ին։
Երկու օրերու ընթացքին, սեմինարի մասնակիցներու ճաշերն ու ընթրիքը հոգացին ՀՕՄ-ի Ս. Գաթրինզի մասնաճիւղը, ՀՅԴ Անդրանիկ կոմիտէն եւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Յառաջ մասնաճիւղը։
Սեմինարը, իբրեւ Պատանեկանի առաջին դաստիարակչական սեմինար արդիւնաւէտ էր ընդհանուր առմամբ, բայց մանաւանդ պատանիներու բերած մասնակցութեամբ։
Comments are closed.