ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Ուղերձը՝ Տէր Զօր Ուխտագնացութեան Առիթով
1474
0
Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ,
Կրկին Ապրիլ է. Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով գլխահակ կը յարգենք մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն անմար յիշատակը եւ անգամ մը եւս կը բարձրացնենք մեր բողոքն ու արդարութեան պահանջքը համաշխարհային մայրաքաղաքներուն մէջ:
Կրկին Տէր Զօր ենք՝ հաղորդուելու համար հայութեան կոտորածի, տառապանքի, ողբի, արեան ու զոհողութեան մեծագոյն այս յուշակեդրոնի խորհուրդով։ Իւրաքանչիւր հայորդի քաջ գիտէ, որ Սուրիոյ «անապատի մարգարիտ»ը նկատուող այս քաղաքին մէջ մահուան առաջնորդուեցաւ արեւմտահայութեան կարեւոր մէկ տոկոսը. հոս էր, որ միախառնուեցան սպանդ, հրդեհ, սարսափ, մոխիր, մասունք, յիշատակ. հոս բարձրացաւ ապրիլեան եղեռնի գլխաւոր կայանի մեծագոյն յուշակառոյցը՝ Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրը իր եկեղեցիով, Յարութեան սիւնով ու մասունքներով, թանգարանով, յուշակոթողով, յուշամատեանով եւ բարեկամութեան պատով. դժբախտաբար հոս էր նաեւ որ 8 տարիներ առաջ աւերուեցաւ այս համալիրը մարդկութեան յիշողութեան դէմ դաւադրող մոլեռանդ խուժաններու ձեռքով։
Այսօր կրկին մթագնած է հայոց երկնակամարը. թրքական ու ատրպէյճանական աքցանի մէջ առնուած է մեր հայրենիքը, վտանգուած են Հայաստանի ու Արցախի պետութիւնները։ Մարտահրաւէրները բազմաթիւ են եւ ճնշող, սակայն վհատողը չենք. ընդհակառակն՝ թող համայն աշխարհն իմանայ, որ Տէր Զօրէն վերապրողներու մնացորդացի պողպատեայ վճռակամութեամբ վերազինած ենք մեր պայքարի հաւաքական կամքը:
Ուխտի եւ Պահանջատիրութեան այս ուղեւորութիւն մասնկացող հոգեհարազատ քոյրեր եւ եղբայրներ,
Ապագան կերտելու համար պարտինք ամրապնդել մեր հաւաքական յիշողութիւնը, որպէսզի այսքան չարիք չմոռնան մեր ժողովուրդն ու գալիք սերունդները։ Այդ յիշողութեան կարեւորագոյն վկայարաններէն է այս կառոյցը, որուն առջեւ կը վերանորոգենք մեր ուխտը:
Դուք՝ այսօր Տէր Զօր հաւաքուած ուղեւորներդ, հայ ժողովուրդի կողմէ լիազօրուած պահապաններն էք այս փլատակուած սրբավայրին։ Ի սրտէ կ՚ողջունեմ ձեզ որպէս վկաները այս աւերակ բոյնը վերաշինելու խոստումին։ Դուք կը հնչեցնէք առաջին կանչը եւ հաւատացէք, որ այդ կանչին պիտի անսայ աշխարհասփիւռ ողջ հայութիւնը եւ փիւնիկի նման յարութիւն պիտի առնէ այս կառոյցը որպէս վկայարան հայոց տառապանքին ու գոյատեւելու անսասան կամքին:
Երախտապարտ ենք, որ Սուրիոյ պետութիւնն ալ իր օժանդակութեան ձեռքն է երկարած մասնակցելու վերաշինութեան աշխատանքներուն: Սա լաւագոյն գրաւականն է այն անկեղծ ու հոգատար վերաբերմունքին, որ Սուրիան կը տածէ իր հայ քաղաքացիներուն նկատմամբ:
Սիրելիներ,
Այս համալիրի վերակառուցման խոստումին հետ կը վերանորոգենք նաեւ մեր աներեր պայքարի, յարատեւ կռուի ուխտը՝ մինչեւ որ արդարութիւնը յաղթանակէ, արիւնարբու թշնամին ճանչնայ մարդկութեան եւ ի մասնաւորի հայութեան դէմ գործած իր ահաւորագոյն ոճիրները եւ հայ ժողովուրդը վերատիրանայ իր անժամանցելի իրաւունքներուն։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան