ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի Խօսքը` ՀՅԴ 131-ամեակի Հալէպի Հանդիսութեան

Այսօրուան խորհուրդը իր մէջ կ՛ամփոփէ հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը եւ Դաշնակցութեան հաշուետուութիւնը իր ժողովուրդին:

Բոլորդ գիտէք, որ սփիւռքի յանձնառու հայորդիներս հայրենազուրկ սերունդի ամէն դառնութիւն եւ աքսոր ճաշակած` ապրած ենք անկախ Հայաստանի երազով: Եւ Հալէպը` որպէս հայակերտման գլխաւոր հնոց, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ կերտած է Հայ դատի պայքարի աննահանջ վճռակամութիւն:

Ես ալ սփիւռքի այդ իտէալապաշտ հայորդիներէն եմ, Հալէպի զաւակ եւ վերապրողներու սերունդի ժառանգորդ: Մանկութիւնս թրծուած է հոս, պատանեկութիւնս Լիբանանի մէջ, իսկ համալսարանական ուսման բերումով երիտասարդ տարիքիս հաստատուած եմ Քանատա:

Միջինարեւելեան մեր համայնքներու հայաբոյր մթնոլորտը, հայ տան տաքուկ բոյնին կողքին, դպրոց-ակում-բեկեղեցի երրորդութեան ջամբած հայրենասիրութիւնն ու ազգային, կամաւոր ծառայութեան սկզբունքը համակած էին զիս, ինչպէս` մեր սերունդի իւրաքանչիւր նուիրեալ հայ երիտասարդի էութիւնը:

Իսկ հիմա, Հայաստան ու Արցախ շարունակաբար գործուղումներովս եւ ազգային պարտականութիւններուս բերումով, դարձած եմ հայրենի եւ սփիւռքահայ մարդու միաձուլուած մէկ կերպար, որ ամէն հայրենակեդրոն հայորդիի էութիւնը կը հանդիսանայ այսօր:

Սփիւռքի հայրենազուրկ սերունդի փաղանգը ապրեցաւ իր հրճուանքի մեծագոյն պահերը 1980-ականներուն վերջաւորութեան եւ 1990-ականներու սկիզբը: Վերջին երեսուն տարիներուն Հայաստանի անկախ պետականութիւնը վերահաստատած, Արցախը ազատագրած, ջաւախահայութիւնը վերաշխուժացուցած եւ սփիւռքը հայրենակեդրոն ու պահանջատէր դարձուցած մեր ժողովուրդը արդարօրէն ցնծութեան պահեր կ՛ապրէր: Եւ ՀՅԴ-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ ձեռքբերումներու իրականացման մէջ` ի գին մեծ զոհողութեանց. հազարաւոր նահատակներու արիւնով նուիրականացած յաղթանակները, քաղաքական մեծ աշխատանքը, քարոզչական համադրուած արշաւները եւ հայրենիքին ուղղուած հսկայածաւալ օժանդակութիւնները տուած էին ակնկալուած արդիւնքը, եւ Արցախը ազատագրուած էր, իսկ Հայաստան վերադարձած էր աշխարհի քարտէսին` որպէս անկախ պետութիւն:

Հայրենիքով ու հայութեամբ տոգորուած ոչ մէկ հայ անտարբեր կը մնար ի տես այս մեծ իրագործումներուն, որոնք ամրապնդած էին մեր ազգային արժանապատուութիւնը, գօտեպնդած` ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը եւ ստեղծած աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն` ի սպաս մեր հայրենիքին ու իտէալներուն: Մերթ ընդ մերթ ի յայտ եկող ներազգային տարաձայնութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւններու բազմապիսի խարխափումները մանր անախորժութիւններ եւ սրբագրելի վրիպումներ կը թուէին ըլլալ մեծ պատկերին մէջ: Ազգային վճռակամութիւնը վերազարթնած էր, ու յաղթանակները ամրապնդուած էին: Մէկ խօսքով, համազգային առումով, տարուած էինք անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան զգացումներով, որովհետեւ աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք պայծառ դարաշրջան մը բացուած էր հայութեան առջեւ:

Այդ պատճառով ալ ապրեցանք ահաւոր ցնցում, երբ 2020-ի աշնան արցախեան երկրորդ պատերազմին մեր կրած պարտութիւնը խորտակեց այդ անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան հանգանակը:

Պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած` նուիրուած էինք հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին չորս ուղղութիւններով.

Ա.- Մարդուժ-պահեստազօր

Առաջին ուղղութիւնը պատերազմին մարդուժի տրամադրումն էր: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերակենդանացուցած էր իր առասպելական, ֆետայական կերպարով թրծուած ամէն տարիքի երիտասարդութեան համախմբումը իր կամաւոր պահեստազօրի մէջ: Գրեթէ հազարի հասնող այդ կամաւորներու փաղանգը տրամադրուած էր պատերազմին, արիաբար մասնակցած մարտերուն, կերտած յաղթանակներ եւ տուած զոհեր, որոնց վերջինը ձեր շատ սիրելի հայրենակիցներն էին: Անոնց յիշատակը յարգեցինք երէկ, բացումը կատարեցինք իրենց նուիրուած յուշակոթողին եւ այնտեղ տեղադրուած անոնց  մասունքներով ստեղծեցինք կամուրջը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ:

Բ.- Քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ

Երկրորդ ուղղութիւնը մեր քաղաքական ու համաշխարհային զօրաշարժն էր:

Հայ դատի յանձնախումբերով, մեր մարմիններու ներկայացուցիչներով, հայ երիտասարդութեան մեծաթիւ մասնակցութեամբ կարողացանք շարժել աշխարհին սիրտը, միտքը, որպէսզի ճշգրիտ գնահատում տար պատերազմին, հարկ եղած միջամտութիւնները կատարէր` մերթ անյաջող, բայց շատ մը պարագաներու նաեւ մեր թշնամիներուն` թուրք-ազրպէյճանական զօրքերուն աշխատանքներուն հակազդող:

Գ.- Քարոզչական պատերազմ

Երրորդ ուղղութիւնը քարոզչական պատերազմն էր:

Վստահ եմ, որ բոլորդ ալ ականատես էիք այն հսկայական արշաւին, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան շղթայազերծած էին ոչ միայն Հայաստանի եւ Արցախի դէմ, այլեւ` ամբողջ հայութեան դէմ: Հարկ էր անմիջապէս անցնիլ աշխատանքի, ողողել աշխարհի մայրաքաղաքները` ցոյցերով, հաւաքներով, բողոքի արտայայտութիւններով, հրդեհի տալ ընկերային ցանցերը, որոնց մէջ կը տարուէր, դժբախտաբար, շատ յաջող հակահայ պայքար, մեծապէս ֆինանսաւորուած` այդ երկու պետութիւններուն կողմէ: Փա՛ռք ու պատիւ մեր երիտասարդութեան մենք կարողացանք առաջքը առնել այդ պայքարին եւ կարողացանք նաեւ ընկերային ցանցերու մէջ անհրաժեշտ հակազդեցութիւնը տալ:

Դ.- Նիւթական օժանդակութիւն

Աննախընթաց միասնակամութեամբ մենք կարողացանք պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք իսկ ապահովել այնպիսի նկատառելի նիւթական օժանդակութիւն, որ աննախընթաց ձեւով եւ մեծ գումարներով սատարեց նաեւ պատերազմին եւ անկէ ետք սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն: Աւելի քան 170 միլիոն տոլարի գոյացումով, մենք կարողացանք նաեւ մեր բաժինը բերել այդ գործին:

Կասկած չկար, որ համահայկական այս միասնութիւնը, այս ընդհանուր գօտեպնդումը, բռնցքուիլը կարեւոր էին, որպէսզի մենք հասնէինք պատերազմի կարիքներուն, որպէսզի ամէն ինչ մէկ կողմ դրած` մենք կարողանայինք առաջ տանիլ միասնական մեր պայքարը, թէեւ վտանգուած էր մեր ազգային գոյութիւնը, սակայն ամէն պարագայի կարելի չէր տարբերութիւն դնել մեր ազգային շերտաւորումներուն միջեւ, ուստի հարկ էր, որպէս մէկ բռունցք, լծուիլ այդ գործին: Այդպէս ալ եղաւ, սակայն իրականութիւնը դառն էր:

Հիասթափութիւնը ճնշող էր, մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններու շղարշը պատռեցաւ եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին:

Ազգային նսեմացումի առաջնորդած ՀՀ ղեկավարը մերժեց արժանավայել կերպով ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ սատարեց հայրենիքը նսեմացնող պարտուողական պայմաններու գոյացումին:

Եւ տիրեց համատարած յուսահատութիւն ու ընկճուածութիւն` ի տես այդ մեծագոյն աղէտին: Յառաջացաւ նոյնիսկ խզում հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Ընդդիմութիւնը ստեղծեց Հայրենիքի փրկութեան շարժում, փորձեց վերականգնել ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերու վրայ գործող պետութիւնը, բայց իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց ապակողմնորոշելու եւ շարունակաբար պառակտելու հայրենի ժողովուրդը եւ յաջողեցաւ ինքզինք  վերարտադրել:

«Բաժնէ՛, որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը որդեգրած ՀՀ իշխանութիւնը այսօր սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին է լծուած: Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համահայկական կուռ միասնականութիւնը:

Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու հայկականութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են եւ ամէն տեսակի զիջումներու` պատրաստ:

Եւ այս կացութեան մէջ մեր առջեւ կը ցցուին հիմնականաբար երեք մեծ հարցեր:

Առաջինը Ազրպէյճանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են, որոնցմով պիտի ճշդուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանները: ՀՅ Դաշնակցութիւնը զգուշացուցած էր, որ այս պատրուակի տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան, որպէսզի այդ ձեւով չթաղուի Արցախի հարցը: Արցախը կը մնայ համաշխարհային ուշադրութեան առարկան, Արցախի վիճակը ճշդուած չէ, եւ այդ սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացքին մէջ պէտք չէ զոհել անոր ապագան:

Երկրորդը վերաթարմացուող հայ-թրքական յարաբերութիւններու կծիկն է: Մենք անցեալին յայտարարած ենք եւ ունեցած ենք այն ահաւոր փորձառութիւնը 2008-2009 տարիներու ընթացքին, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձուեցաւ համակարգել այդ յարաբերութիւնները:

Այն օրերուն մենք յայտարարեցինք, այսօր ալ նոյն կեցուածքը ունինք, որ մենք դէմ չենք յարաբերութիւններու հաստատման, մինչեւ այն ատեն որ անոնք չեն ըլլար նախապայմաններով, մինչեւ այն ատեն որ մենք մեր ձեռքէն դուրս չենք ձգեր մեր անժամանցելի իրաւունքները, մինչեւ այն ատեն որ թրքական տնտեսութիւնը եւ թրքական ուժերը ամբողջովին չեն ողողեր Հայաստանը, իսկ մեր հայրենիքը պէտք է պատշաճօրէն պատրաստուած ըլլայ օրէնսդրական նախագիծներով, գործնական քայլերով` այդ բնականոնացման համար, եւ ո՛չ թէ այդ յարաբերութիւնները մշակէ զիջումներով ու պարտադրանքի տակ: Այսօր, այո՛, գաղտնաբար տեղի կ՛ունենան յարաբերութիւններ, նշանակուած են անձինք, որպէսզի փորձեն կարգաւորել այդ յարաբերութիւնները, բայց` պարտուած մթնոլորտի մէջ եւ թրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ:

Իսկ երրորդը այն է, որ Հայաստանի գերիշխանութիւնը վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը պէտք եղած ձեւով չի մտահոգեր մեր իշխանութիւնները:

Մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է, մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը այն պաշտպանութեան գիծն է, որ ո՛չ միայն կը պաշտպանէ Արցախը, այլեւ կը պաշտպանէ նոյնիսկ Հայաստանի սահմանները: Որքան ճիշդ դուրս եկաւ այդ հանգամանքը, այդ սահմանումը, եւ այսօր շատ աւելի մեծցած են այդ սահմաններուն պաշտպանութեան ու ապահովութեան խնդիրները: Իսկ մեր թշնամիները, որոնց ախորժակները այսօր աւելի քան բորբոքած են, իրենց Արցախի հանդէպ ունեցած «յաջողութիւններու» բերումով, այսօր թիրախաւորած են նաեւ Հայաստանը, մանաւանդ` անոր Սիւնեաց աշխարհը:

Այսօր կարելի չէ լուռ մնալ մեր համահայկական եւ հայրենի մարտահրաւէրներու այս հոյլին հանդէպ: Մենք սոթտած ենք մեր թեւերը եւ անցած` շարունակական աշխատանքի, ինչպէս պատերազմէն առաջ, ինչպէս պատերազմին ընթացքին, այնպէս ալ` պատերազմէն անմիջապէս ետք:

Այսօր Հայաստանի մէջ կը վերսկսի նաեւ ժողովրդային դիմադրութեան շարժումը: Ձեզմէ շատեր տեղեակ են, որ քանի մը ժամ առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան ցոյցեր, որպէսզի անգամ մը եւս այդ ժողովրդային ցասումը կարողանայ արտայայտել իր դժկամութիւնը, իր դժգոհութիւնը` կատարուող գաղտնի բանակցութեանց գծով:

Բնականաբար Հայաստանի մէջ ծայր առած այս դիմադրութեան շարժումը չի կրնար մնալ միակ, չի կրնար մնալ մեկուսացուած, եւ անոր արդէն իսկ միացած են Արցախն ու սփիւռքահայութիւնը:

Արցախի խորհրդարանը իր բոլոր ուժերով, կուսակցական տարբեր շերտաւորումներով յատուկ օրակարգի քննութիւն կը կատարէ, որպէսզի երկու հանգամանք յստակօրէն նշէ` թէ կարելի չէ վերադառնալ ազրպէյճանական գերիշխանութեան, եւ թէ` Արցախի ժողովուրդը վճռած է իր ոտքերը ամուր կառչած պահել հայկական հողին, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ Արցախը պիտի վերականգնի:

Այսօր արցախահայութիւնը թէեւ վիրաւոր է, սակայն իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ վերադարձը բացառելու լուրջ գործին է լծուած: Եւ այդ պատճառով է, որ անցեալ շաբաթ, Արցախի այցելութեան ընթացքին, կարողացանք համախմբել բոլոր ուժերը, երեք նախագահներով` ներկայ եւ երկու նախկին նախագահներ, խորհրդարանական բոլոր ուժերով, որպէսզի այդ վճռակամութիւնը հաստատուի, եւ որպէսզի մենք` որպէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, նաեւ տանք այն երաշխիքը, որ ամրօրէն կառչելու ենք Արցախի կողքին, որպէսզի հսկայաթիւ մեր զոհերուն պայքարը զոհը չդառնայ աճապարանքի, զոհը չդառնայ իշխանատենչութեան, այլ հայկական հողին խառնուած արիւնը տայ իր արգասիքը, եւ Արցախը վերագտնէ իր նախկին վերաշխուժացումն ու սահմանները:

Այսօր սփիւռքը եւս մէկ մարդու նման պիտի փարի հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարին` թրքաազրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց` ոչ անկարելի: Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ո՛չ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած եւ կերտած են մեծ յաղթանակներ:

Անկախ պետականութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէք է: Ամէն զոհողութիւն արդարացուած է պաշտպանելու համար այդ անկախութիւնը եւ իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը:

Մենք կը հաւատանք, որ փակած ենք սուգի եւ ընկճուածութեան էջը եւ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան եւ արիութեան վերադրսեւորումներուն:

Որովհետեւ մեր պայքարը արդար է ու վախճանը կրնայ ըլլալ միայն յաղթանակ:

8 նոյեմբեր 2021

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.