ՀՅԴ Անդամ Իկոր Սարգսեանի Կալանքը Փոխուեցաւ Տնային Կալանքով

«Սրբազան պայքար» դատական գործով կալանաւորուած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Իկոր Սարգսեանի կալանքը փոխուեցաւ տնային կալանքով։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Կարեն Ֆարխոյեան բաւարարեց իրաւապաշտպաններու ներկայացուցած միջնորդութիւնը։

«Նոյեմբերի 25-էն ետք, երբ կալանքի ժամկէտը լրանայ, պիտի կիրառուի տնային կալանք, բացակայութեան արգելք եւ երկու միլիոն դրամ գրավ»,— նշեց Ֆարխոյեանը։

Յիշեցնենք, թէ Իկոր Սարգսեանը կալանաւորուած է իշխանութիւններու կողմէ յօրինուած «յեղաշրջման» շինծու դատական գործի պատճառով, որուն ծիրէն ներս մեղադրանք առաջադրուած է տասնըութ անձի նկատմամբ, որոնց մէջ է նաեւ Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանը։