ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Գիտական Հետազօտութիւններու Պայմանագիրներու Կնքում
Փետրուար 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ գիտական գործընկեր կազմակերպութիւններու միջեւ տեղի ունեցաւ 2018թ. թեմատիկ պատուէրներու իրականացման վերաբերեալ պայմանագիրներու կնքման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ողջունելով ներկաները` ան մասնաւորապէս նշեց. «Շնորհակալ եմ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Ինչպէս գիտէք, Սփիւռքի նախարարութիւնն ամէն տարի դրամաշնորհներ է տրամադրում գիտական հաստատութիւններին` իրաւագիտական, լեզուաբանական, ցեղասպանագիտական, պատմագիտական ու սփիւռքագիտական հետազօտութիւնների համար : Այս ուսումնասիրութիւնները խիստ անհրաժեշտ են նախարարութեան ռազմավարութիւնը, սփիւռքի համայնքների հետ ճիշտ աշխատելու մարտավարութիւնը մշակելու համար»: Ան նաեւ աւելցուց, որ 2017թ. պատուիրուած բոլոր հետազօտութիւններն իրականացուած են, եւ յառաջիկային կը կազմակերպուին այդ աշխատանքներու շնորհանդէսները:
Նախարարը ներկայացուց 2018թ. պատուիրուած հետազօտութիւններու թեմաները, կարեւոր համարեց, արեւմտահայերէնի աւելի խոր ուսումնասիրութիւնը, քերականութեան կանոնակարգումը, ինչպէս նաեւ` Հիւսիսային Կովկասի, Իրաքի, Թեհրանի, Լոս Անճելըսի, Պէյրութի, Փարիզի, Թիֆլիսի հայ համայնքներու պատմական, ազգային-ընկերաբանական համակողմանի ուսումնասիրութիւնը:
Պայմանագիրներու կնքման արարողութեան մասնակցեցան ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, ՀՀ ԳԱԱ լեզուի հիմնարկի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեանը, ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան, ՀՀ ԳԱԱ գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեան, ԵՊՀ փոխ-տնօրէն Գեղամ Գէորգեան, «Նորավանք» ԳԿՀ տնօրէն Գագիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն գիտահետազօտական հիմնադրամի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան, թրքագէտներ, սփիւռքագէտներ, իրաւաբաններ:
Այնուհետեւ ներկաները մտքեր փոխանակեցին ծրագիրի արդիւնաւէտութեան, հետազօտութիւններու անհրաժեշտութեան, ատոնց արդիւնքներու կիրառականութեան վերաբերեալ: Առաջարկներ հնչեցին 2018թ. գիտական հետազօտութիւնները հրատարակել դասական ուղղագրութեամբ:
Նախարարը շեշտեց, որ պատուիրուած հետազօտութիւնները կարելի է բաժնել հինգ խումբի` պատմական եւ իրաւական հարցերու հետազօտութիւններ, հայոց ցեղասպանութեան, հակահայկական քարոզչութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ, արեւմտահայերէնի եւ քերականութեան կանոնակարգման գործընթացներ, գրական ստեղծագործութիւններու ամէնամեայ ժողովածուի կազմին մէջ եւ հրատարակում, որոնք կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման: