ՀԻՓԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՓԱՌՈՒԽԻ ՇՐՋԱՆԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՄԱՍԻՆ ԼԱՒՐՈՎԻ ԽՕՍՔԸ
Բրիտանիոյ զինեալ ուժերու նախարար Ճէյմս Հիփին 30 մարտին միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Պաքու։ Բրիտանացի նախարարը հանդիպում ունեցաւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ՝ յղում կատարելով Ազրպէյճանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան հաղորդեցին, որ այդ հանդիպումներու գլխաւոր թեմաները «պիտի ըլլան» երկու երկիրներու համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները, Ուքրանիոյ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ չլուծուած հարցերը։
Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն՝ «Պրեքզիթ»-էն ետք, Լոնտոնի արտաքին քաղաքականութիւնը արմատական փոփոխութիւն կրած է։ Այդ մէկը յստակ կերպով կ’երեւի Ուքրանիոյ հակամարտութեան ծիրին մէջ, ուր Բրիտանիան կը տեսնենք եւրոպական մակարդակի վրայ Քիեւի օգնութեան եւ աջակցութեան «առաջին ջութակահարի» եւ մինչեւ իսկ ամերիկեան դերակատարութեան առնուազն համազօր դերի մէջ։
Մինչ Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը Լոնտոնին կ’արտօնէ Ուքրանիոյ հակամարտութեան մէջ աւելի ազատ ու հանդուգն կերպով գործել՝ ՕԹԱՆ-ին անդամ ըլլալու իրողութիւնը կը սանձէ անոր «թռիչքը» , կը սահմանափակէ անոր ազատութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանայ, որ Ուքրանիա զօրք ուղղարկելով՝ 1853-1856-ի Խրիմեան պատերազմին օրինակով՝ ուղղակի կերպով պատերազմի իր պատմական թշնամիին՝ Ռուսիոյ դէմ։ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը այս պարագային սանձիչ գործօն է, որովհետեւ ՕԹԱՆ-ն ու դաշինքի ղեկավար Միացեալ Նահանգները դէմ են Ուքրանիա զօրք ուղարկելուն՝ այն պատճառով, որ այդ քայլը համաշխարգային Գ. պատերազմի կը հանգեցնէ ։ Այլ խօսքով՝ Բրիտանիան Եւրոպական Միութենէն դուրս գալէն ետք, որոշակի չափով, սակայն ոչ լիարժէք կերպով վերադարձած է Պերլինի վեհաժողովի ժամանակաշրջան՝ Տիզրայէլիի եւ Փալմերսթոնի հակառուս եւ ոչ հայանպաստ քաղաքականութեան։
Բրիտանացի նախարարին անակնկալ այցելութիւնը Պաքու պէտք է դիտել այսօր լրատուամիջոցներու մէջ գոյութիւն ունեցող Կովկասի մէջ Ռուսիոյ դէմ 2-րդ ճակատ մը բանալու ջանքի մը գոյութեան մասին շշուկներու ծիրին մէջ։ Ուքրանիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեքսէյ Տանիլով Մարտի վերջաւորութեան կոչ ուղղած էր՝ Ռուսիոյ դէմ նոր ճակատներ բանալու։ Ան ողջունելով Ազրպէյճանի կողմէ Փառուխի մէջ գործողութիւնները՝ Մոլտովային եւ Վրաստանին կոչ ուղղած էր զբաղիլ «սեփական տարածքներուն վերատիրանալու գործով»։
Ուշագրաւ է ու բառացուցական է այն իրողութիւնը, որ բրիտանացի նախարարին այցելութիւնը կը յաջորդէ 24 Մարտին, Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ ուժերու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ գտնուող Փառուխ գիւղի եւ Քարագլուխ բարձունքի շրջանին մէջ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու յառաջխաղացքին։ Բրիտանիոյ զինեալ ուժերու նախարար Ճէյմս Հիփի, ազրպէյճանական այդ ոտնձգութենէն վեց օր ետք, Ազրպէյճան այցելութիւնը կը վկայէ, թէ Ռուսիոյ դէմ 2-րդ ճակատ մը ըլլալու թեկնածուններէն մէկը Արցախն է։
Միւս կողմէ՝ Թիֆլիս չէ միացած Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն եւ ըստ «Ռուսթրաթ» հիմնարկի տնօրէն Էլենա Փաննայի, չի լսեր արեւմուտքցի խորհրդատուներու կարծիքը «օգտուելու Ուքրանիոյ կացութենէն, որպէսզի ուժի կիրարկման ճամբով վերականգնէ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ վրայ իր վերահսկողութիւնը»։ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Զալքալիանին ալ յայտարարած է. «Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ դէմ ուժի կիրարկումը վրացական կառավարութեան ծրագիրներուն մաս չի կազմեր»։ Ապրիլի 4-ին հաղորդուեցաւ, որ ան պաշտօնազրկուած է…։
Ուքրանիոյ հետ պատերազմի պայմաններուն մէջ, իր դէմ երկրորդ ճակատի մը ստեղծման հեռանկարը բնականաբար կը մտահոգէ Ռուսիան։ Այդ մտահոգութիւնը յստակօրէն կ’երեւի 8 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի Փառուխ գիւղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին ոչ համոզիչ եւ հայկական կողմին համար անախորժ խօսքին մէջ։
Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը կը զբաղի բացայայտումովը կատարուածի բոլոր հանգամանքներուն, որոնց մասին բանակցութիւններուն ընթացքին խօսուած է: «Այդ հանգամանքները մեզի համար մինչեւ վերջ յստակ չեն: Չէի ուզեր հիմա յառաջ անցնիլ ու որեւէ վերջնական դատողութիւն ընել: Մենք վստահ ենք, որ մեր հայ բարեկամները ամբողջապէս կը վստահին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին եւ որ այդ զօրակազմը պատասխանատուութեան ենթարկելու երբեմն հնչող կոչերը, որոշ ծառայողական հետաքննութիւն կատարելու վերաբերեալ, չեն արտացոլեր հայ ժողովուրդի, երկրի ղեկավարութեան վերաբերմունքը այն ահռելի դերակատարութեան նկատմամբ, որ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը ունի այդ շրջանին մէջ կայունութեան ապահովման հարցին մէջ: Եւ տուեալ միջադէպի պարագային մեր զինուորականները ուսումնասիրութիւն կը կատարեն, որովհետեւ կան բաներ, որոնք յստակացման կարիք ունին», ըսաւ ան։
Անոր խօսքին «այդ հանգամանքները մեզի համար մինչեւ վերջ յստակ չեն: Չէի ուզեր հիմա յառաջ անցնիլ ու որեւէ վերջնական դատողութիւն ընել» բաժինը Ռուսիոյ դէմ 2-րդ ճակատի մը բացման հարցին նկատմամբ մտահոգութեան, այդ խաղին մէջ չներքաշուելու, ուստի եւ Պաքուի հետ ճակատումէն խուսափելու մտադրութեան արտայայտութիւն է, իսկ «մենք վստահ ենք, որ մեր հայ բարեկամները ամբողջապէս կը վստահին ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին»-ը եւ անոր յաջորդող տողերը հայ հասարակութեան մօտ ազրպէյճանական իշխանութիւններու քայլին եւ զայն կանխարգիլելու ձախողութեան ստեղծած ժխտական ազդեցութիւնը մեղմացնելու փորձ մըն է։
Բրիտանիոյ Ռուսիոյ դէմ 2-րդ ճակատ մը բանալու նպատակն ու Ազրպէյճանի ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը հեղինակազերծելու նպատակը իրարամերժ չեն, ընդհակառակը շահերու համընկնում ստեղծած են։ Լոնտոն հաւանաբար կը փորձէ Պաքուն խրախուսել, որպէսզի, եթէ նոյնիսկ լայնամասշտապ գործողութիւններու չձեռնարկէ, առնուազն շարունակէ իր նմանօրինակ ոտձգութիւնները՝ քայլ առ քայլ գրաւէ Արցախի Հանրապետութեան ազատ տարածքները եւ այդպիսով՝ քիչ առ քիչ հիւծէ ռուսական ուժերու վարկն ու հեղինակութիւնը։ Ռուսական դիւանագիտութեան պետի խօսքը ցոյց կու տայ, թէ Մոսկուան կը գիտակցի Լոնտոն-Պաքու շահերու համընկնումին ու ատկէ բխող թաքուն համաձայնութեան գոյութեան ու վտանգին։
Ռուսական կողմին ներկայ զգուշաւորութիւնը, սակայն, յարատեւ չի կրնար ըլլալ։ Բնականաբար պիտի գայ պահ մը, երբ անոր համբերութեան բաժակը պիտի յորդի։ Իրողութիւն մը, որուն վստահաբար կը գիտակցին Բրիտանիան ու Ազրպէյճանը։ Երբ այդ պահը գայ, Պաքուն հաւանաբար պիտի նախընտրէ վերջ տալ Լոնտոնի հետ իր «զուգերգ»-ին։ Հայկական ու ռուսական կողմին շահերէն կը բխի չարտօնել, որ այդ դժոխային երգը շարունակուի։
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ