Հանդիպում` ՀՅԴ Հայ Դատի Համաշխարհային Ցանցի Եւ Արցախի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Դեկտեմբեր 15-էն 16-ի լուսցող գիշերը ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաշխարհային ցանցի ներկայացուցիչները հեռավար աշխատանքային հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Բաբայեանի, պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեանի եւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի հետ:
Հանդիպման մասնակցեցան ՀՅԴ Հայ դատի համակարգի շուրջ 60 ներկայացուցիչներ` աւելի քան 25 երկիրներէ, որոնց կարգին` Հայ դատի Ամերիկայի, Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի, Քանատայի, Աւստրալիոյ ու Հարաւային Ամերիկայի տարածաշրջանային գրասենեակներու պատասխանատուները:
Առցանց հանդիպման ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան ներկայացուցիչները եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անդրադարձան ազրպէյճանական հերթական բռնարարքի իբրեւ հետեւանք Արցախի մէջ ստեղծուած ապահովական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, Արցախի շուրջ ստեղծուած արտաքին քաղաքական միջավայրին եւ իրավիճակի յաղթահարման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերուն:
ՀՅԴ Հայ դատի համակարգի ներկայացուցիչները ներկայացուցին նախորդող օրերուն ձեռնարկուած գործողութիւնները, աշխատանքի հիմնական ուղղութիւններն ու առկայ ձեռքբերումները:
Միտքեր փոխանակուեցան ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն կողմէ յառաջիկային ձեռնարկուելիք քայլերուն եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ` Արցախի նկատմամբ միջազգային զօրակցութեան ապահովման, ազրպէյճանական շարունակական ոտնձգութիւններու կանխարգելման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային շահերու պաշտպանութիւն ուղղութիւններով:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ
16.12.2022