Հանդիպում Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյի հետ
2035
0
Յունուար ամսուան աւարտին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ գործավար Սեւակ Պէլեան շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ դաշնակցային երեսփոխաններու եւ պետական պաշտօնատարներու հետ:
Յատուկ հանդիպումներ կայացան Գանատա-Հայաստան Խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյի, խմբակցութեան փոխ-ատենապետ եւ Նոր Ժողովրդավարական Կուսակցութեան փոխ նախագահ երեսփոխան Ալէքսանտր Պուլէրիսի, երեսփոխան Մայքըլ Քուբըրի եւ շարք մը այլ պետական պաշտօնատարներու հետ:
Հանդիպուներու ընթացքին քննարկուեցան Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան գործունէութեան, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման հարցերը: