Հայ Օգնութեան Միութեան Յայտարարութիւնը

Հայ Օգնութեան Միութիւնը, որպէս մարդասիրական, միջազգային հայկական կազմակերպութիւն եւ գործունեայ անդամ Մ.Ա.Կ.-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Յանձնաժողովին, խստօրէն կը դատապարտէ Յուլիս 12-էն ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան շրջանի Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերուն ուղղուած ռմբակոծումները եւ սահմանը խախտելու փորձերը։ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն սպառնացող հակահայ այս քաղաքականութեան հետեւանքով թիրախաւորուած են խաղաղ բնակավայրեր՝ վտանգելով հայ քաղաքացիին կեանքը։

Ատրպէյճանի կառավարութիւնը իր ռազմատենչ քաղաքականութիւնը կը շարունակէ առաւելաբար օգտուելով «Քորոնա» Ժահրին ստեղծած համաշխարհային ներկայ տագնապէն։ Առ այդ, կը դիմենք միջազգային հանրութեան եւ կառավարութիւններուն՝ դատապարտել Ատրպէյճանի կեցուածքը, քաղաքականութիւնն ու վերջին յարձակումները անտարբեր չմնալով թշնամական այս արարքին առաջ։ Նոյնանման գործողութիւններ կը սպառնան հայրենիքի եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան, միաժամանակ խախտելով Մ.Ա.Կ.-ի Մարդկային իրաւանց սկզբունքները։

Բարձր գնահատելով Հայոց Բանակին կարողականութիւնն ու կամքը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, իր համահայկական կառոյցով, ինչպէս անցեալին, այսօ՛ր եւս նեցուկ կը կանգնի Հայրենիքին, Հայոց Բանակին եւ հայ ժողովուրդին՝ ի սպաս Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան։ Հ.Օ.Մ.-ը, համայն հայութեան կողքին, կը սգայ Հայոց Բանակի չորս հերոսներուն մահը, որոնք իրենց կեանքին գնով պաշտպանեցին հայրենի հողը։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.