Հայ Օգնութեան Միութեան Անկոտրում Գործունէութիւնը՝ Արցախի Մէջ

Արցախեան պատերազմի սկզբնական օրերէն ի վեր, Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ․Օ․Մ․) իր աշխոյժ դերակատարութեամբ թիկունք կանգնեցաւ հայ զինուորին։ Պատերազմի ընթացքին, Հ․Օ․Մ․-ը յաճախակի դրութեամբ դեղորայք, յատուկ վիրակապեր եւ շտապ օգնութեան իրեր ղրկեց դէպի առաջնագիծ։ Առաւելաբար, Հ․Օ․Մ․-ի ճիգերով կարելի եղաւ շտապ օգնութեան ինքնաշարժ մը ապահովել եւ այն նուիրել Հայոց Բանակին՝ յատուկ լեռնային շրջաններէն ներս օգտագործելու նպատակով։ Իսկ, Ախուրեանի “Մօր ու Մանկան” Կեդրոնի շտապ օգնութեան ինքնաշարժներէն մին տրամադրուեցաւ օգտագործելու համար քաղաքի շրջակայքին մէջ։ Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, պատերազմին առաջին իսկ օրէն գործնական քայլեր ձեռնարկելով իրագործեց անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներ՝ օգնելու եւ բաւարարելու համար Հայաստան ապաստանած Արցախի բնակիչներուն անմիջական կարիքները։
Պատերազմին հետեւանքով հազարաւոր հայորդիներ ստիպուեցան իրենց տուները լքել անորոշ ապագայի մը մտահոգութեամբ։ Պատերազմի ընթացքին եւ Նոյեմբեր 10-ի եռակողմանի համաձայնագրէն անմիջապէս ետք, տասնեակ հարիւրաւոր Արցախահայ ընտանիքներ ապաստանեցան Հայաստանի զանազան մարզերէն ներս, ապահովելով իրենց երեխաներուն անվտանգութիւնը, երբ տակաւին ընտանիքի հայրերն ու արի զաւակները քաջաբար կը պաշտպանէին Արցախի հողերը։ Անոնցմէ շատեր ամենակարճ ժամանակամիջոցի մէջ պարտադրուեցան իրենց պապենական հողերէն հեռանալ։
Պատերազմին արհաւիրքը տակաւին թարմ իրենց միտքերուն մէջ, Հայ Օգնութեան Միութիւնը իր համայն կառոյցով, հիմը դրաւ անմիջական օժանդակութեան ծրագիրներուն, ձեռք երկարելու համար տուժածներուն։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Հ․Օ․Մ․-ի մարդասիրական օժանդակութեան գործունէութիւնը։ Ամենօրեայ աշխատանքներուն հետեւելու համար, կրնաք արձանագրուիլ Հ․Օ․Մ․-ի ընկերային ցանցներուն։
Նոյեմբեր 22-ին, Հ․Օ․Մ․-ը նախաձեռնեց “Թիկունք Կանգնինք Արցախահայ Ընտանիքին” ծրագիրը, որուն ընդմէջէն տեղահանուած 1000 ընտանիքներ, 4 ամսուան տեւողութեամբ եւ ամսական դրութեամբ, $250 նիւթական օժանդակութիւն պիտի ստանան (հոգալու համար սննդեղէնի, հագուստեղէնի եւ կենցաղային ծախսերուն)։ Այս ծրագիրը իրականացնելու համար կը դիմենք ձեր նիւթական օժանդակութեան։ Նուիրատուութեան համար այցելել՝ http://www.ars1910.org/withartsakh ․

Հ․Օ․Մ․-ի աւանդական “Ամանոր” ծրագրին կողքին, այս տարի, Հայ Օգնութեան Միութիւնը հանրութեան կը դիմէ, որպէսզի $10 նուիրատուութեամբ մաս կազմեն Արցախի երեխաներուն համար նուէրներ գնելու եւ ամանորի առթիւ հաւաքոյթներ կազմակերպելու նախաձեռնութեան։
“Ամանոր” ծրագրի ընդմէջէն ամէն տարի օժանդակութիւն կը տրամադրուի Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Հարաւային Ամերիկայի, եւ Պուլկարիոյ մէջ հայկական հաստատութիւններու, որոնք կը խնամեն հայ երեխաներ ու տարեցներ։ Նուիրատուութեանց համար այցելել՝ http://www.ars1910.org/donations/amanor ․

Յառաջիկայ շաբաթներուն, Հ․Օ․Մ․-ի յաւելեալ նախաձեռնութիւններուն մասին կը տեղեկանաք յայտարարութեամբ։
Հայաստանի զանազան մարզերէն ներս ապաստանած Արցախի ընտանիքներուն կարիքները հոգալու նպատակով, Հայաստանի Հ․Օ․Մ․-ի Շրջանային վարչութեան անդամները, Կեդրոնական վարչութեան ընկերակցութեամբ, շարունակական այցելութիւններ կատարելով ձմեռնային հագուստներ, սննդեղէն եւ “Քորոնա” ժահրին դէմ ապահովական իրեր կը տրամադրեն մեր հայրենակիցներուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ցարդ Հ․Օ․Մ․-ի իրագործած նախաձեռնութիւնները։
Հ․Օ․Մ․-ը ստանձնեց Զուարթնոցի շրջանին մէջ 165 ապաստանեալներու մէկ ամսուան սնունդի ծախսը։
Պատերազմի սկիզբէն ի վեր, Հ․Օ․Մ․-ը յաճախակի այցելութիւններ կը կատարէ հիւանդանոցներու՝ մօտէն ծանօթանալու համար բուժում ստացող զինուորներու կարիքներուն եւ օժանդակելու համար անոնց ընտանիքներուն։
Հ․Օ․Մ․-ը նաեւ յատուկ յատկացումներ կատարեց Արցախի “Սօսէ” մանկապարտէզներու պաշտօնէութեան։
Հոկտեմբեր 27-ին, հայկական ընկերութեան մը նուիրատուութեամբ, հայկական արտադրութեամբ 100 բաճկոններ Հ․Օ․Մ․-ի կողմէ բաժնուեցան Սեւանի շրջանի գիւղերուն մէջ ապաստանած Արցախցիներուն։
Իսկ, Հոկտեմբեր 30-ին, Code3Angels կազմակերպութեան շնորհիւ, Հ․Օ․Մ․-ի անդամներ եւ ներկայացուցիչներ այցելեցին Մուղնի եւ օժանդակութիւն տրամադրեցին 6 տուներու մէջ ապաստանած ընտանիքներու։ Այդ ընտանիքներէն մի քանին Սումկայիթի ջարդերուն հետեւանքով հաստատուած էին Արցախ եւ ցաւօք, անգամ մը եւս ստիպուեցան գաղթական դառնալ։
Նոյեմբեր 1-ին, Հ․Օ․Մ․-ի Հրազդանի մասնաճիւղին գործակցութեամբ, Հ․Օ․Մ․-ը այցելեց Աղվերան։ Թիւով 80 բնակիչներ, որոնք հիւրանոցի մէջ հաստատուած են, ստացան սննդեղէն, հագուստեղէն եւ խաղալիկներ։ Հիւրանոցը վերջին մէկ ամսուան ընթացքին օրական 3 անգամ ճաշ կը տրամադրէ ապաստանեալներուն, որուն դիմաց ոչ մէկ յատուցում կը ստանայ կառավարութեան կողմէ։ Հետեւաբար, Հ․Օ․Մ․-ը նուիրեց ուտեստեղէն։ Հիւրանոցը ապաստանած ընտանիքները Ստեփանակերտի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններէն են։
Նոյեմբեր 3-ին Հ․Օ․Մ․-ը այցելեց Պռոշյան, 35 ընտանիքներու օժանդակութիւն տրամադրելով։ Շրջանը Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին տուած է բազմաթիւ զոհեր յանուն մեր ապրելու վճռականութեան։
Նոյեմբեր 24-ին, Արցախի ընտանիքներուն կարիքները ուսումնասիրելէ ետք, Հ․Օ․Մ․-ը այցելեց Ծաղկաձոր եւ բաճկոններ, ձմեռնային հագուստներ, կօշիկներ, ինչպէս նաեւ սննդեղէն յատկացուց 68 անհատներու։
Հայաստանի Հ․Օ․Մ․-ը կը ջանայ արժեւորել Արցախէն ապաստանած ընտանիքներու կացութիւնը, լաւագոյնս կարենալ օգնելու անոնց։ Հ․Օ․Մ․-ի ներկայացուցիչներ այցելեցին Արցախցի ընտանիքներ, որոնք ապաստանած են Քանաքեռ-Զէյթուն Հայորդաց Տան մէջ եւ Երեւանի Վալերի Պրուսովի անուան համալսարանի հանրակացարանը։ Իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին, Հ․Օ․Մ․-ուհիներ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն երեխաներուն եւ ընտանիքներու կարիքներուն։
Հ․Օ․Մ․-ի պատմութիւնը հարուստ է հայութեան իր ընծայած ծառայութիւններով։ Մեր, մէկ դարէ աւելի, ծառայութիւնը մարդասիրական գործունէութեան մարզէն ներս կը ներկայացնէ մեր առաքելութիւնը։ Մեր անդամներուն ճիգերուն, նուիրումին եւ կամքին շնորհիւ մեր աշխատանքներու որակը կը մնայ բարձր մակարդակի վրայ շուտափոյթ օգնութիւն հասցնելու մարզէն ներս։
Ձեր աջակցութեամբ պիտի շարունակենք օժանդակել մեր Հայրենի ոստաններուն հայութեան։
1910-ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը (Հ․Օ․Մ․) 27 երկիրներու մէջ գործող մասնաճիւղերով, ոչ-յարանուանական, մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ գաղութներուն եւ նեցուկ կը կանգնի կնոջական իրաւունքներու պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու:
Մամլոյ հաղորդագրութիւններու եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել Հ․Օ․Մ․-ի մայր կայքէջը․- http://www.ars1910.org/ եւ դիմատետրի էջը․- (@ars1910) :
Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Հ․Օ․Մ․-ի աշխատանքներուն մասին հարցազրոյցներու համար դիմել՝
Նելլի Նարկիզեան
secretary@ars1910.org
(617) 926-5892 (կեդրոնական գրասենեակ)

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.