Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը` թիրախ

Մուրատ Փափազեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

Ես Ֆրանսա ծնած եմ, իր հերթին Ֆրանսա ծնած ծնողքէ: Ուսանած եմ Փարիզ եւ այսօր կը ղեկավարեմ բաւական հեղինակաւոր հաստատութիւն մը, որ կը գործէ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ, մասնագիտացած` հաղորդակցութեան, լրագրութեան եւ թուային բնագաւառներու մէջ: Այս մանրամասնութիւնը անիմաստ չեմ գտներ յառաջիկայ տողերուս տրամաբանութեան համար:

Հայ Դատի աշխատանքներուն մէջ ունիմ երկար տարիներու ներդրում` ՀՅԴ-ի ճամբով, որուն համար խորապէս հպարտ եմ: Ֆրանսայի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուած հաւաքական աշխատանքին էապէս մասնակից եղած եմ, Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան դէմ արշաւին ոգի ի բռին աշխատանք տարած եմ, Արցախի միջազգային ճանաչման գործընթացին ի խնդիր կը պայքարիմ մինչեւ պահս, եւ մասամբ նորին: Եւ այս աշխատանքները միասնաբար հազարաւոր միութենականներով եւ համակիրներով տարած ենք անշուշտ: Իսկ այս ամէնը անկարելի կը դառնար առանց Դաշնակցութեան: Հայաստանի, Արցախի ու Հայ Դատի ի նպաստ յստակ ու խիստ պաշտպանական ըրած եմ ֆրանսական իշխանութիւններուն բարձրագոյն մարմիններուն ու կառոյցներուն մօտ, ինչպէս նաեւ` հանրապետութեան իրերայաջորդ նախագահներու: Երկար ժամանակ կուսակցութեան Ֆրանսայի ղեկավարութեան մաս կազմած եմ, իսկ վերջին հինգ տարիներուն Բիւրոյի անդամ եմ: Ազրպէյճանի դեսպանին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ փաստաբանին դէմ յանդիման գտնուած եմ ֆրանսական պատկերասփիւռի ուղղակի հաղորդումով, ուր բնականաբար պաշտպանած եմ հայկական մեր թեզերը, յստակ փաստարկներով մերկացնելով անոնց վարած ժխտողական, ուրացման եւ հակահայ քաղաքականութիւնը: Մասնակցած եմ Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ փրոթոքոլներու դէմ արշաւին եւ հրապարակային բուռն վէճ ունեցած եմ Սերժ Սարգսեանի հետ, Փարիզի մէջ, ինչպէս նաեւ յաճախ քննադատած եմ անոր իշխանութիւնը հրապարակաւ, այլ դաշնակցական պատասխանատուներու նման, որովհետեւ կուսակցակա՛ն որոշում էր: Տասնամեակներու ընթացքին տեսած, հետեւած , կարդացած կամ լսած եմ բաւական էական, անկիւնադարձային իրադարձութիւններ հայ քաղաքական թէ հասարակական կեանքին մէջ: Օրինակ` ինչպէ՛ս Դաշնակցութիւնը աշխարհի տարածքին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ պայքար մղեց ու դեռ կը շարունակէ մղել, ինչպէ՛ս պայքարի տարբեր ոճ կիրարկեց 1975-1985 տասնամեակին, ինչպէ՛ս Արցախը փրկեց Ազրպէյճանի ճանկերէն` 90-ականներու սկիզբը, ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ զոհաբերութիւն մատուցեց 19-րդ դարուն յանուն ազատագրական պայքարին` Վանէն մինչեւ Սասուն, մինչեւ Կարս ու Կարին եւ մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Ա. Հանրապետութեան փառահեղ կերտում: Եւ դեռ` ինչպէ՛ս կազմակերպեց Նեմեսիսի գործողութիւնը` զգետնելով Ցեղասպանութեան պատասխանատու ճիւաղները աշխարհով մէկ թաքնուած, ինչպէ՛ս կազմաւորեց ու կազմակերպեց Սփիւռքը տասնամեակներով ու դեռ կը շարունակէ միեւնոյն ծով աշխատանքը, ինչպէ՛ս ամբողջ եօթանասուն տարի հաւատաց, պայքարեցաւ ու վառ պահեց անկախութեան գաղափարը` խորհրդային կարգերուն դէմ ԱՌԱՆՁԻՆ, փայփայեց ու բարձր պահեց Եռագոյնը` դարձեալ ԱՌԱՆՁԻՆ: Ապա` 1991, վերանկախացում եւ ԼՏՊ-ի իշխանութիւն: Բացարձակ մեծամասնութեամբ ընտրուած առաջին նախագահը կը համարուէր անհպելի ու լայն ժողովրդականութիւն վայելող: Հակառակ այս տուեալին, սակայն, Դաշնակցութիւնը գիտէր, որ ան պիտի չի պաշտպանէ երկրին ու հայութեան շահերը, որոնք էականն են եւ ընդդիմացաւ անոր, քաջ գիտնալով, որ ան ունի քուէատուփերուն վստահութիւնը … Արդիւնք` ԼՏՊ Հայաստանէն արտաքսեց Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանը 92-ին եւ երկու տարի ետք կուսակցութեան գործունէութիւնը արգիլեց երկրէն ներս: Առաջին նախագահը այսպէսով պատերազմ յայտարարեց Դաշնակցութեան դէմ, Խորհրդային Միութեան, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի օրինակով … Ու տեսանք, թէ ինչպէ՛ս անոր օրով դաշնակցական ընկերներ բանտարկուեցան կամայականօրէն, ու տեսանք նաեւ, թէ ինչպէ՛ս հակառակ այս թշնամական հոլովոյթին, յանուն Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան` կուսակցութիւնը շարունակեց գործակցիլ իշխանութիւններուն հետ: Ապա տեսանք նաեւ, թէ ինչպէ՛ս մասսայական քուէարկած նոյն այդ ժողովուրդը փողոց իջաւ ու պահանջեց իր նախագահին մեկնումը …
Պատմութիւնը սրընթաց կը թաւալի: Եւ այնուհետեւ տեսանք ի՛նչ ձեւով Դաշնակցութիւնը Քոչարեանի տարբեր կառավարութիւններու մաս կազմեց 98-2008 տասնամեակին, փորձելով ներսէն կշռել: Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ շահ ունէր մաս կազմելու կառավարութիւններու, ուր բացարձակ փոքրամասնութիւն էր: Սակայն փորձեց, քաջ գիտնալով, որ այս ճանապարհը պիտի վնասէ իր ժողովրդականութեան: Դաշնակցութիւնը քաջ գիտէր նաեւ, որ ամբողջ ութ տարի ընդդիմութիւն ըլլալէ ետք վերադառնալով ու վերստին մաս կազմելով Սերժ Սարգսեանի վերջին կառավարութեան` 2016-2018, կրնայ նոյնիսկ այրիլ քաղաքական դաշտին մէջ: Սակայն այս քայլին գնաց, որպէսզի առանձին չձգէ երկրին իշխանութիւնը մէկ ուժի` Հանրապետականին ձեռքը: Վերադարձի գծով Սարգսեանի եւ կուսակցութեան միջեւ ամբողջ մէկ տարի տեւած երկար բանակցութիւններուն ընթացքին իսկ, Դաշնակցութիւնը բուռն քննադատութեան կ‘ենթարկէր նոյնինքն Հանրապետականներու իշխանութիւնը: Բաւարար է այս ուղղութեամբ բանալ օրուան մամուլի էջերը եւ վերաթարմացնել յիշողութիւնը ու տեսնել թէ ինչպէ՛ս, օրինակ, իշխանութեան մաս կազմող դաշնակցական ղեկավարութիւնը ընդդիմացաւ նախագահ Սարգսեանին եւ պահանջեց Ալեք Ենիգոմշեանի ազատ արձակումը, որ ձերբակալուած էր Սասնայ Ծռերու յայտնի գործողութեան հետեւանքով: Կամ, ինչպէ՛ս նոյն նախագահէն անյապաղ պահանջուեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի ազատ արձակումը, եւ կուսակցութեան ներկայացուցիչը անձամբ այցելեց անոր, բանտին մէջ: Ապա տեսանք նաեւ, թէ ի՛նչպէս Դաշնակցութիւնը ընդունեց մաս կազմել այնուհետեւ վարչապետ հանդիսացած Փաշինեանի առաջին կառավարութեան, անոր իսկ առաջարկով: Պարզապէս` ծառայելու, նորէն ծառայելու, միշտ ծառայելու:

Ուրեմն այո՛, այս կուսակցութեան մէջ ենք ծառայելու համար ազգին ու հայրենիքին, հսկայական թիւով երդուեալներով, խորապէս հաւատալով այս կազմակերպութեան կարողութիւններուն եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան: Եւ ինչ որ ըրած ենք, կ‘ընենք եւ դեռ պիտի ընենք, անհնար կ‘ըլլար առանց այս կուսակցութեան կարգապահական կուռ համակարգին, խստապահանջ կանոններուն, զորս ունի, եւ որոնք իր լինելութեան ու գոյատեւման հիմնական երաշխիքներէն մէկն են:

Ուրեմն ո՛չ, չենք ընդունիր ու կը մերժենք, որ մեծամասնութեան կողմէ ու հաւաքական տրուած մեր կուսակցական խնդիրներն ու որոշումները, որոնք դաշնակցական կարգ մը անհատներու կողմէ չեն բաժնուիր, հրապարակային քննարկումի առարկայ դարձուին: Նիկոլ Փաշինեան կ‘ընդունի՞, որ իր որոշումներուն դէմ արտայայտուի իր նախարարներէն մէկը հրապարակաւ: Բնականաբար` ոչ: Ոչ ինքը, ոչ Թրամփը, ոչ Մաքրոնը: Հակառակ պարագային տուեալ նախարարը տուն կը ճամբուի, դուրս կը դրուի կառավարութենէն: Բնական է, պարզ է: Դաշնակցութեան համար ալ նոյնն է: Քննարկումները կը կատարուին ներսը, ժողովներու ընթացքին, ուր անխտիր իւրաքանչիւր կուսակցական ունի իրաւունքը ազատօրէն արտայայտուելու, հակառակ տեսակէտ պաշտպանելու: Բայց, երբ կ‘աւարտի քննարկումի, բանավէճի օրակարգը եւ կը տրուի հաւաքական որոշումը, կը սկսի անոր գործադրութեան պահը, եւ բոլորը կ‘ենթարկուին անոր: Այս ընթացքը, այս կանոնը, այս օրէնքը նոր չէ, մաս կը կազմէ կուսակցութեան էութեան, հիմնադրութեան օրէն:

Բոլոր անոնք, որոնք կը յայտարարեն, որ կուսակցութեան մէջ ներքին խոր տագնապ կայ, պարտին աւելցնել նաեւ, որ ժողովրդավար որեւէ կուսակցութեան համար բնական երեւոյթ է, երբ կայ քննարկումներու եւ որոշումներու պահ ու կարգ: Եւ երբ այդ քննարկումները կը կատարուին հրապարակաւ ու դուրս կու գան վերոյիշեալ կարգէն, զայն կատարողները իրե՛նք է, որ չեն յարգեր մեծամասնութիւնը եւ հետեւաբար` ժողովրդավարութիւնը եւ ապա իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբրեւ զոհ, որմէ ետք անմիջապէս բեմ կը ստանան լրատուամիջոցներու կողմէ, որոնք ուղղակի թէ անուղղակի հակադաշնակցական ուղղուածութիւն ունին: Եւ ցաւալի է, որ ոմանք այսպէսով կը շահագործուին տուեալ քարոզչամեքենաներուն կողմէ, եւ ափսոս, որ հանրային կարծիքը իր հերթին կը տարուի անով: Բայց հանրային կարծիքին կը մնայ կուրօրէն չընկալել ամէն հրամցուած տեղեկութիւն, իսկ մեզի կը մնայ մեր հերթին համապատասխան լուսաբանութիւն տալ մեզի առնչուող տեղեկութեանց իսկական էութեան մասին: Ինչ կը վերաբերի այսպէս կոչուած մասնագէտներու այն չարախօսութեան, թէ Դաշնակցութիւնը բացակայ է հանրային դաշտէն, չարաչար կը սխալին, իսկ երբ նոյն այդ կարծեցեալ ու չակերտեալ մասնագէտները կը չարախօսեն, թէ ընդդիմութեան դաշտին մէջ ՀՅԴ-ն չունի յստակ ճամբու քարտէս, ուղղակի դառնութիւն ու նողկանք կ‘ապրիմ, որովհետեւ լաւապէս ծանօթ եմ ճամբու այդ յստակ քարտէսին իբրեւ բարձրագոյն ղեկավարութեան անդամ եւ գիտեմ թէ որքան սխալ է անոնց այդ չարախօսութիւնը: Ինչպէ՞ս կրնան անոնք հասնիլ անպարկեշտութեան ա՛յս աստիճանին, ա՛յս մակարդակին: Կրնանք համաձայն չըլլալ, կրնանք տարակարծիք ըլլալ: Բայց ստելը վատագոյն բանն է, հանրային կարծիքը սուտով, կեղծիքով խաբելը ահաւոր է:

Այս կէտերը, այս մտածումներս ուզեցի բաժնել, որովհետեւ ես` Ֆրանսա ծնած հայը, Ֆրանսա ծնած ծնողքէ, Հայ Դատի հաւատարիմ գործիչ, դաշնակցական, պատասխանատու, ի տես այս ընթացքին տխուր եմ ու միաժամանակ ընդվզած: Կը վերահաստատեմ վստահութիւնս զոր ունիմ հանդէպ Դաշնակցութեան, որ հայ կեանքի մէջ իւրայատուկ երեւոյթ է, որ կը գործէ միաժամանակ աշխարհի չորս ծագերուն` Սփիւռքի, Հայաստանի, Արցախի մէջ: Ուստի լաւ կը հասկնամ նաեւ, թէ ինչու՛ ՀՅԴ-ն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար թիրախ է ու ամէն գնով անոնք կը փորձեն տկարացնել զայն …

Ա՛յսքան: Ուզեցի պարզապէս արտայայտուիլ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.