«Հայ Մարզիկի Օր»
ՀՄԸՄ Կեդրոնական Վարչութիւնը հոյակապ գաղափար մը յղանալով թելադրեց իր բոլոր շրջաններուն եւ մեկուսի վարչութեանց, եղբ․Շաւարշ Քրիսեանի ծննդեան օրը՝ 22 Յուլիսը հռչակել «Հայ Մարզիկ օր»։ Եղբ․Շաւարշ Քրիսեան կը համարուի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան գաղափարը յղացող նախակարապետը, որովհետեւ ան երազած էր հայ մարզական խումբերը համախմբել մէկ միութեան շուրջ։ Սակայն անոր երազը չիրականացաւ իր ողջութեան ընթացքին, որովհետեւ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, ան եւս բազմաթիւ մտաւորականներու նման աքսորուեցաւ եւ Այնաշ բանտին մէջ նահատակուեցաւ։
Եւ այսպէս, ՀՄԸՄ-Կամք մասնաճիւղի վարչութիւնը, անսալով ՀՄԸՄ Գանատայի Շրջանային վարչութեան թելադրանքին, Կիրակի 7 Օգոստոս 2022-ին Bois de Boulogne դաշտին վրայ կազմակերպեց ոտնագնդակի մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան ոտնագնդակի աղջկանց եւ տղոց բոլոր խումբերը։ Ամրան բարձր ջերմաստիճանը բնաւ չխանգարեց, որպէսզի ծրագրուած օրակարգը բնականոն ձեւով ընթանայ եւ մեր կայտառ մարզիկները առաւօտեան ժամը 9։00-ին ներկայ եղան մարզադաշտ իրենց ծնողներուն հետ։ Նախաճաշի համար հիւրասիրուեցաւ համադամ պանիր հաց, ծոթրին հաց, բլիթներ, թխուածքներ, սուրճ եւ կէսօրուան համար լահմաճիւն ու զովացուցիչ ըմպելիներ։
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Արուշ» ընկերութեան, որ մասնակցեցաւ օրուայ հիւրասիրութեան, ինչպէս նաեւ համակիրներուն, որոնք վարչութեանս անունը կրող տուփիկին մէջ իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարեցին։
Մրցաշարքին մասնակցեցան U5-U8 փոքրերուն խումբերը, U13 տղոց խումբը, U18 աղջկանց խումբը, Veteran տղոց խումբը։ Մրցումներու աւարտին յաղթական խումբերը ստացան համապատասխան մետալներ եւ հանդիսութիւնը աւարտեցաւ կէսօրուան ժամը 1։00-ին։ Բոլոր ներկաները գոհ ու երջանիկ հեռացան մարզադաշտէն։
Յիշեցնենք, թէ կիրակի 20 Օգոստոսին ՀՄԸՄ-Կամք «Հայկ Մարգարեան» մարզարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ պասքէթպոլի մրցաշարք մը, որուն պիտի մասնակցին մասնաճիւղիս տղոց եւ աղջկանց խումբերը։
Քոյր Շողիկ Ազարիկեան