Հայ մամուլ. Աւելի արդիւնաւէտ ըլլալու համար

Խօսքը կը վերաբերի մեր՝ ՀՅԴ եւ ընդհանրապէ՛ս հայ մամուլին։

Խօսքը կը վերաբերի նաեւ որակի՛ն՝ ըլլա՛յ լեզուի, ըլլա՛յ բովանդակութեան տեսակէտէն։

Խօսքը կը վերաբերի վերջապէս ա՛յն արդիւնաւէտութեան, որ նոյն միջոցներով՝ մարդկային թէ նիւթական, կարելի կը դարձնէ հասնիլ աւելի բարձր որակի, մատչելի ըլլալ ընթերցողներու աւելի լայն շրջանակի։

Իսկ ի՞նչ է առաջարկուածը։

Հայ մամուլը նկատի առնել որպէս մէկ մեծ ցանց, որ կը պարփակէ անոր բոլոր անդամները, Հայաստան թէ Սփիւռք, կեդրոնական, շրջանային թէ տեղական մակարդակի, կուսակցական թէ անկուսակցական պատկանելութեամբ, արեւելահայերէն թէ արեւմտահայերէն, տպագիր թէ առցանց։ Ստեղծել այս բոլորը միացնող լայն պարունակ մը, իրարու առնչող ոստայն մը, առանց կաշկանդումներու կամ պարտադիր պայմաններու։ Պարզապէս հորիզոնական կապ մը, բայց անպայման գործակցութեան յօժարութեամբ մը։

Մամուլի դերը առաջին հերթին լրատւութիւնն է, ճիշտ այդ մարզին մէջ ալ անհրաժեշտ է մեր տունը կարգի դնել ամենէն առաջ։

Հայրենի լուրերը որոշ չափով կանոնաւոր կերպով կը հաղորդուին Արմէնպրես գործակալութեան կողմէ։ Ան իր լրատւութիւնը կը կատարէ արեւելահայերէնով։ Ան աստիճան մը վեր պիտի ելլէ իր ներկայ մակարդակէն՝ ուշադիր ըլլալով, որ անհարկի կերպով օտար բառերով չխաթարէ մեր լեզուն։ Հայերէնի զարգացումը մամուլի առաքելութեան մաս կը կազմէ, կազմած է հինէն ի վեր։ Այսօր ալ տարբեր չի կրնար ըլլալ, ու մեծ պատասխանատւութիւն ունի այստեղ Արմէնպրեսը։ Իր հաղորդումները պէտք է ըլլան անթերի հայերէնով։

Միւս կողմէ, Սփիւռքի թերթերը լուրերը ստանան նաեւ արեւմտահայերէնով։ Անհրաժեշտ է, ուրեմն, որ Արմենպրեսը, ինչո՞ւ ոչ՝ «Հայմամուլ» կամ «Հայլուր» վերանուանուելով, ի հարկին օժանդակ սպասարկութեամբ մը, արեւմտահայերէն ալ հաղորդէ իր լուրերը, սակայն այդ տարբերակը պիտի չըլլայ պարզ մեքենական վերածում մը, այլ պիտի շարադրուի արեւմտահայ լեզուամտածողութեամբ։ Այստեղ շեշտելով աւելցնեմ, որ որքան բառամթերքային տեսակէտէն, նոյնքան ալ ուղղագրական ու խմբագրական տեսակէտէն պէտք է հաստատուի միօրինակութիւն մը, արեւմտահայերէնի ինչպէս նաեւ արեւելահայերէնի պարագային։ Արեւելահայերէնի մէջ այդ միօրինակութիւնը որոշ չափով առկայ է, բայց հոն եւս սկսած է տատանումներու ենթարկուիլ։ Այստեղ նկատի առնել տարբեր ձեւերով գրուող բառերու, գլխագրերու, թուականներու գրելաձեւերը եւ այլ խնդիրներ, որոնց շուրջ կարեւոր է ընդհանուր համախոհութեան մը հասնիլ։

Բոլոր պարագաներուն լուրը պիտի տրուի երկու ձեւով՝ ամբողջական ու ամփոփ։ Երբ լուրը կը պարունակէ արտասանուած ճառեր, ուղերձներ կամ յաւուր պատշաճի ներկայացուած խօսքեր, ատոնք բոլորը պիտի տրուին ամփոփ տարբերակին մէջ իրենց գլխաւոր միտք-բանիին համառօտ ներառումով։ Այդ բոլորը՝ առանց մեկնաբանութիւններու։ Զուտ առարկայական տեղեկատւութեամբ։

Լրատու գործակալութիւնը պիտի ստանձնէ նաեւ Սփիւռքի լուրերու հաղորդումը, ինչ որ ներկայիս չի կատարուիր, կամ հազուադէպօրէն կը կատարուի։ Ան սակայն ամենուրեք չունի իր մնայուն թղթակիցները։ Հոս է, որ սփիւռքահայ մամուլը պիտի մտնէ ցանցին մէջ, ու ի՛ր ճամբով մեր գաղթօճախներու լուրերը, լուսանկարներու ալ ընկերակցութեամբ, պիտի փոխանցուին գործակալութեան, որպէսզի ան ալ զանոնք անյապաղ վերախմբագրէ, երկու լեզուաճիւղերով եւ զոյգ ուղղագրութիւններով, նոյնպէս ոչ միայն պարզ մեքենական փոխակերպումով, ու անմիջապէս վերադարձնէ ցանցին, միշտ ամփոփ ու ամբողջական ձեւերով՝ բոլորին կողմէ օգտագործուելու համար։

Գաղթօճախներու լուրերը պիտի չսահմանափակուին տեղական ձեռնարկներու թղթակցութիւններով, ինչպէս է պարագան ներկայիս՝ շատ քիչ բացառութիւններով։ Սփիւռքի կեանքը միայն ձեռնարկներու, պարգեւատրումներու կամ հանդիպումներու շարան մը չէ, այլեւ դժուարութիւններու յաղթահարման ճիգեր ու հաւաքական այլ աշխատանքներ։ Այդ կեանքին մաս կը կազմեն նաեւ անհատակա՛ն յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, գիտական, մարզական, ուսումնական, առեւտրական եւ այլն։ Այդ կեանքին մաս կը կազմեն նոյնպէս տեղական թէ միջազգային ոչ-հայկական լուրերը, յատկապէս այն իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, որոնք հեռուէն կամ մօտէն ի վերջոյ իրենց հետեւանքները կրնան ունենալ մեր կեցութեան վրայ։ Այդ բոլորը, իրենց այլազանութեամբ, պիտի ցոլան լուրերուն մէջ եւ մատչելի պիտի ըլլան հայ ընթերցողին՝ աշխարհի վրայ ուր որ ալ գտնուի ան։

Կեդրոնական, շրջանային կամ տեղական թերթերը իրենց տրամադրութեան տակ պիտի ունենան համայն հայաշխարհի լուրերը ու զանոնք պիտի կարենան հաղորդել ըստ իրենց հայեցողութեան, շեշտը դնելով այս կամ այն երեւոյթին վրայ, օգտագործելով ամփոփ կամ ամբողջական տարբերակը, կամ անոնց մէկ խառնուրդը, բայց ապահով պիտի ըլլան, որ պահուած է լեզուական ու լրատուական որակը։ Պիտի խնայուի անոնց լուրերու որոնումը, մէկ լեզուաճիւղէն միւսին վերածումը, խմբագրումը եւ մասամբ նորին։

Մեկնաբանութիւնները, վերլուծումները, տեսակէտներու հրապարակումը բոլոր մակարդակներուն վրայ կը կատարուին թերթերու խմբագրութիւններուն եւ իրենց աշխատակիցներուն կողմէ։ Անոնք եւս ցանցին վրայ կրնան մատչելի ըլլալ բոլորին։

Մամուլի իւրաքանչիւր անդամը իր դիմագիծը կ՚ունենայ իր խմբագրումին, լրատւութենէն անդին՝ ներկայացուցած նիւթերու ընտրութեան, հարցազրոյցներու, կլոր սեղաններու, յաւելուածներու ու բացառիկներու եւ հրապարակագրական այլ յատկանիշերու միջոցաւ. խմբագրութիւնները, ձերբազատուելով լուրերու պատրաստութեան ծանր աշխատանքէն, կրնան աւելի մարդուժ եւ ժամանակ տրամադրել ա՛յդ մարզերուն մէջ ու աւելի ներկայանալի, հրապուրիչ ու փնտռուած թերթեր հրատարակել։

Ցանցին մասնակցելու համար թերթերը կը ստանձնեն նիւթական փոքր պարտաւորութիւն մը՝ պահելու համար գործակալութեան յաւելեալ պաշտօնէութիւնը, նոյնիսկ հայթայթելով արեւմտահայերէնի ու դասական ուղղագրութեան քաջածանօթ մարդուժը, իրենց իսկ անձնակազմերէն թերեւս, որպէսզի այս քայլերը առնուին։ Այս գումարը կարելի է նոյնիսկ գոյացնել մամուլէն անկախ, թերեւս նոյնիսկ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին ճամբով։

Ի հարկէ այս ամենը կարելի կը դառնայ եթէ, ինչպէս ըսուեցաւ, գործակցելու պատրաստակամութիւնը ըլլայ։

Այո՛, աւելի արդիւնաւէտ, ուրեմն եւ աւելի տարածուն ու ազդեցիկ կրնա՛յ դառնալ մեր մամուլը, հա՛յ մամուլը, մանաւանդ լրատւութեան այսօրուան յառաջացած հնարաւորութիւններով եւ մեր ունեցած մարդուժով ու նիւթական միջոցներով։

Քայլ մը պէ՛տք է առնուի մտնելու համար… 21-րդ դար։ Առնե՛նք այդ քայլը։

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.