Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հանդիպում ունեցան Parti Québécois կուսակցութեան ղեկավար Փօլ Սենթ-Փիեռ Փլոմոնտոնի հետ
8 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները Լաւալի Հայ կեդրոնին մէջ հանդիպում ունեցան Parti Québécois կուսակցութեան ներկայացուցիչ եւ Քեպէգի խորհրդարանի երեսփոխան Փօլ Սենթ-Փիեռ Փլոմոնտոնի հետ: Հանդիպման ներկայ էին ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան եւ Կ.Կ.ի անդամ Յովիկ Թիւֆէնքճեան, Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան եւ կոմիտէի անդամ Սագօ Եագուպեան, Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Գաթարոյեան, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Դաւիթեան եւ յանձնախումբի անդամ Աբրահամ Նիզիպլեան, Լաւալի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Աֆարեան եւ յանձնախումբի անդամներ Արեւիկ Աֆարեան եւ Թալին Ապրաքեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան գանատահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, յատկապէս Քեպէգի կրթական ծրագրին վերաբերեալ առաջադրութիւններ, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հիմնահարցին եւ Հայաստանի քաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցերու:
Հանդիպումէն ետք Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Գանատայի եւ Քեպէգի խորհրդարաններու երեսփոխաններու ի պատիւ ընթրիք մը, որուն ներկայ էին Գանատայի Խորհրդարանի երեսփոխաններ Ֆայսալ Ալ Խուրի եւ Անժելօ Եագոնօ, Քեպէգի խորհրդարանի երեսփոխաններ Փօլ Սենթ-Փիեռ Փլոմոնտո եւ Սելին Հայթայեան, Լաւալի քաղաքապետ Ստեփան Պուայէ եւ քաղաքապետարանի անդամներ Տաւիտ Տը Գոթիս, Փաուլօ Կալաթի, Վասիլիոս Քարիճիանիս, Ռէյ Խալիլ, Իզապէլ Փիշէ, Ակլէա Ռեվելաքիս, Սեդա Թոփուզեան Նիքոլա Պորն, Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան եւ անդամներ, Լաւալի եւ Մոնթրէալի կոմիտէներու ներկայացուցիչներն ու անդամներ, Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ, Հայ կեդրոնի յարկէն ներս գործող կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շանթ Աֆարեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը, յայտնելով թէ հայերս զայն կը նշենք Յունուար 6-ին, ապա ըսաւ. «Հայ համայնքը վերջին տարիներուն լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւեց, յատկապէս արցախեան պատերազմի եւ բռնագրաւման, Հայաստանի անկայուն իրավիճակին պատճառաւ։ Վերջերս նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը շարունակեն ցնցել հայ համայնքը: Հետեւաբար այսօր, այս պահուն մենք ձեզի կը դիմենք, սիրելի հիւրեր եւ արժանապատիւ գործընկերներ, միասին խորհրդակցելու մեր համայնքը յուզող հարցերուն շուրջ»:
Խօսք առաւ նաեւ Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրանդ Թաշճեան եւ ըսաւ. «Մենք յոյսով ենք, իշխանութեան տարբեր մակարդակներու ներկայացուցիչնե՛ր, որ միասնաբար առաջ կը տանինք մեր համայնքին համար կարեւոր խնդիրները: Վստահ եմ, որ մենք կը յաջողինք համագործակցիլ հարցերու շուրջ, որոնք երբեմն բաւականին բարդ են, ձեզի հետ հնարաւոր լուծումներ գտնելու»։
Լաւալի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Արժ. Տէր Յակոբ Քհն. Կեատայեանի սեղաններու օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկում:
Comments are closed.