Հայ Դատի Գրասենեակը ՔՈՓ29-ին Ընդառաջ Եւրոպացի Գործիչները Կ՛իրազեկէ Ազրպէյճանի Մէջ Բնապահպանական Եւ Մարդու Իրաւունքներուն Առնչուող Խնդիրներու Մասին

Նոյեմբերին Պաքուի մէջ կայանալիք ՔՈՓ29 համաժողովին ընդառաջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու բնապահպանական տարբեր կազմակերպութիւններ կ՛ահազանգեն Ազրպէյճանի մէջ առկայ բնապահպանական, մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ շատ այլ խնդիրներու մասին:

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին համաձայն` համաժողովին ընդառաջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորները, համաժողովին մասնակցող ութ հարիւրէ աւելի միջազգային կազմակերպութիւններ, համալսարաններ, ակադեմականներ կ՛իրազեկուին Ազրպէյճանի մէջ առկայ մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ, որոնք կ՛առնչուին մարդու իրաւունքներուն ու բնապահպանական ոլորտին:

Արցախի 120.000 հայերու բռնի տեղահանութեան միջոցով Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղային զտումը, հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան վտանգուած ըլլալը, Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ պատանդներու, ռազմագերիներու ու Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անյապաղ ազատ արձակումը նախաձեռնութեան կարեւոր հարցերու շարքին են: Հակառակ միջազգային դատապարտումներուն, որոնց շարքին` Արդարադատութեան միջազգային դատարանին եւ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ կատարուածները, Արցախի մէջ հայկական մշակութային կոթողներու ոչնչացումը կը շարունակուի:

Նախաձեռնութեան նպատակն է նաեւ ուշադրութիւն հրաւիրել մարդու իրաւունքներուն վերաբերող լուրջ մտահոգութիւններուն վրայ, որոնց մասին իրենց զեկուցումներուն մէջ կը մատնանշեն «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի, «Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»-ի եւ «Հիումըն Ռայց Ուոչ»-ի նման միջազգային համբաւ ունեցող կառոյցները:

Կարեւորութիւն տրուած է նաեւ Ազրպէյճանի մէջ խօսքի եւ լրատուամիջոցներու ազատութեան խիստ սահմանափակուած ըլլալուն, հարիւրաւոր լրագրողներու եւ գործիչներու, ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու ձերբակալութիւններուն: Ոստիկանութեան կալանավայրերուն մէջ խոշտանգումները եւ դաժան վերաբերմունքը տարածուած են, եւ փոքրամասնութիւնները կը բախին խտրականութեան ու բռնութեան:

Յիշեցնելով, որ 26 օգոստոսին Պաքուն արգիլեց եւրոպական շարք մը երկիրներու 76 երեսփոխաններու մուտքը Ազրպէյճան, քանի որ անոնք քուէարկած էին ԵԽԽՎ-ի որոշումին օգտին, որ կը քննադատէր Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակը եւ որով ԵԽԽՎ-ն որոշեց չվաւերացնել ազրպէյճանական պատուիրակութեան հաւատարմագիրը, արձանագրուած է այն փաստը, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը այժմ կ՛ահաբեկէ եւրոպացի քաղաքական գործիչները, որոնք կը պաշտպանեն ժողովրդավարութիւնը, հիմնարար իրաւունքները:

Համապարփակ այս իրազեկումով Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը յոյս ունի, որ Պաքուի մէջ համաժողովին մասնակցող քաղաքական եւ հասարակական գործիչները իրենց պարտքը կը կատարեն յանուն ժողովրդավարութեան, արդարութեան ու մարդու իրաւունքներու եւ կը բարձրաձայնեն վերոնշեալ հարցերուն շուրջ, որոնք երկարաժամկէտ կտրուածքով ազդեցութիւն պիտի ունենան համաշխարհային քաղաքակրթութեան վրայ:

Comments are closed.