Հայ-ատրպէյճանական սահմանի Նախիջեւանի հատուածին ատրպէյճանական կողմը տարածքներ չէ գրաւած. Դաւիթ Տոնոյեան
Հայաստանի ու Ատրպէյճանի սահմանի Նախիջեւանի հատուածին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը տարածքներ չեն գրաւած։ Այս մասին Նոյեմբերի 12-ին լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տոնոյեան:
«Նախիջեւանի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը ոչ մի տարածք չեն գրաւել։ Դա եղել է միջդիրքային տարածութիւն, որը կրճատուել է։ Ընդ որում՝ Նախիջեւանի Հանրապետութեան տարածքում, որտեղ ՀՀ Զինուած ուժերը երբեւէ վերահսկողութիւն չեն իրականացրել», նշած է Տոնոյեան։
Նախարարին պաշտօնակատարին խօսքով՝ հայկական կողմը անոր հետեւանքները չէզոքացնելու համար համապատասխան գործողութիւններ իրականացուցած է
Հարցին, թէ արդեօ՞ք հայկական կողմը այդ ուղղութեամբ ունի դիրքային բարելաւումներ, նախարարը պատասխանած է. «Այո՛, եւ ոչ՝ մէկ տեղ։ Ընդ որում՝ ոչ պարտադիր ՀՀ տարածքում»: