«Հայրենիքի Համար Մարտնչիլը Ճակատագրի Պարգեւ Է». Էռնեսթ Շէկեան (1961-2019)
Ապրիլ 13-ին մահացաւ ազատամարտիկ, Արցախի Հանրապետութեան մարտական երկրորդ աստիճանի խաչի ասպետ, ՀՅԴ Շուշիի առանձնակի հրաձգային գումարտակի կրակային դասակի հրամանատար Էռնեստ Շէկեանը` 58 տարեկանին:
Ազատամարտին իր մասնակցութիւնը սկսած է 89-90 թուականներուն` զէնքի եւ զինամթերքի տեղափոխումէն Շահումեանի եւ Մարտակերտի շրջաններ: Անդամակցելով Դաշնակցութեան` ՀՅԴ Շուշիի առանձնակի գումարտակին մէջ կը ստանձնէ կրակային դասակի հրամանատարութիւնը: Զօրամիաւորման կազմին մէջ կը մասնակցի արցախեան գրեթէ բոլոր թէժ ճակատամարտերուն: 1992-1994 թուականներուն մասնակցած է Մարտակերտի, Հադրութի, Ասկերանի, Աղդամի, Քարվաճառի եւ այլ շրջաններու ազատագրական եւ պաշտպանական մարտերուն:
Զինադադարէն ետք ալ կը դառնայ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի սպայ` մինչեւ առողջական խնդիրներու պատճառով զօրացրւումը: Բայց սիրտը արդէն մնացած էր Արցախ: Այդտեղ ալ կը հաստատուի բնակութեան: Անոր համոզումով, հայրենիքի համար մարտնչելու հնարաւորութիւնը ճակատագրի պարգեւ է: Կ՛ըսէր` «Դեռ հայրենիք ձեռք չեմ բերած», ակնարկելով միացեալ Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին:
https://www.youtube.com/watch?v=uB2aaXsTxJo