Հայրենահանուածներու սփիւռքը կը վերանուաճէ՞ արեւմտահայութիւն-ազգ ըլլալու գիտակցութիւնը եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ տէր կը կանգնի՞ իր բռնագրաւուած հայրենիքին

Յ. Պալեան  

Խորհրդային Միութիւնը յայտարարած էր, որ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունէր, այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոյնը կ’ընէ եւ կը յայտարարէ որ հարեւաններէն հողայէն պահանջ չունի, որ կը նշանակէ՝  Արեւմտահայաստանը գրաւած եւ գրաւուած պահող Թուրքիայէն պահանջ չունի:

Հանրապետութեան կառավարութեան յայտարարութիւնը կրնա՞յ վերաբերիլ Արեւմտահայութեան հայրենիք ունենալու իրաւունքին: Ազգային ըմբռնումով ան իրաւասութիւն ունի՞ յանուն հայութեան յայտարարելու, որ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունի: Ո՞վ տուած է այդ ընելու իրաւունքը: Արեւմտահայութիւնը նման լիազօրութիւն տուա՞ծ է Հանրապետութեան իշխանութիւններուն: Անոնք ինչպէ՞ս կրնան արդարանալ Հայ Ազգի պատմութեան առջեւ:

Հանրապետութիւնը կրնա՞յ անգիտանալ Սեւրի դաշնագիրը, հրաժարիլ անկէ, եւ ծալել ու վրան նստիլ Ամերիկայի Խաղաղութեան Վեհաժողովին  կողմէ լիազօրուած նախագահ Վուտրօ Ուիլսոնի վճռած եւ գծած սահմաններուն:

Արեւմտահայութիւնը, եւ ընդհանրապէս հայ քաղաքական միտքը, կրնա՞ն յայտարարել, որ հարեւաններէն հողային պահանջներ չունին, առանց հայ ժողովուրդի պատմութենէն դուրս գալու, հայ ժողովուրդը պատմութենէն դուրս հանելու,   ընդունելու որ շարունակութիւն չեն:

Այդ պարագային ի՞նչ  են, ո՞վ են:

Պէտք է պատասխանել հարցումին: Հայ ժողովուրդը, արեւելահայ եւ արեւմտահայ, կրնա՞ն ընթանալ ինքնուրացման այս ճամբուն վրայ, եւ հուսկ՝ դադրիլ որպէս ինքնուրոյն եւ մէկ ազգ ըլլալէ:

Կարճամիտ յուզական հայրենասէրներ, որոնք ժառանգած են Ստալինը որպէս հայր ընդունելու եւ «Սուլթանի «Բարեխնամ» տիրապետութեան» տակ գոյութիւն պահելու վարքը, կը հետեւին չանհանգստանալու եւ չանհանգստացնելու մսկոտի հին եւ վերանորոգ գործնապաշտութեան, հասնելով հոն, ուր հայրենիքը կը դառնայ քանի մը արտավար հող, որուն համար չ’արժեր թշնամանալ եկուորի եւ նախայարձակի  հետ:

Եւ անհայրենիքի վիճակին դատապարտուած մնալու սովորութիւն կը ստեղծուի, կը հաշտուինք:

Հայրենահանուած եւ հայրենազրկուած հայ հաւաքականութիւնները, անոնք ըլլան Հանրապետութեան մէջ ապրողներու սերունդներ եւ սփիւռքացածներու ժառանգներ, հետզհետէ ծագումով հայ ըլլալու դատապարտուածներ, ընդունա՞ծ են, պիտի ընդունի՞ն, որ իրենց Արեւմտահայաստան հայրենիքը վերջնականապէս արձանագրուի որպէս պատմութեան-շահ-վնաս, կամ՝ աւար, իսկ իրենք, այդ ժառանգները, որպէս ի՞նչ պիտի տեւեն մարդկային ընկերութեան մէջ: Հարկ է անկեղծիք բնորոշում մը տալ:

Այդ անորոշ թիւով հաւաքականութիւնները հրաժարա՞ծ են  պատմական եւ ինքնուրոյն  ըլլալու գիտակցութենէ, թէ՞ գիտակցաբար յանձնառու պիտի ըլլան շարունակութիւն ըլլալու:

Հանրապետութեան Թուրքիայէն հողային պահանջ չունենալու եւ նոյն հունով ցեղասպանութեան ճանաչումը քաղաքական օրակարգէ հանելու ընթացքը հակազգային քաղաքական վարդապետութիւն-դոկտրին է, որ հանրապետութիւնը կ’առաջնորդէ ազգի հինգհազարամեայ կեանքէն օտարման, ընդունելով շարունակութիւն չըլլալու որոշումը:

Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ պառակտումը:

Եթէ շարունակութիւն չըլլանք, ի՞նչ պիտի ըլլանք:

Հին եւ ժամանակակից իմաստասէրներ ըսած են, որ հարցումները պատասխաններէն աւելի կարեւոր են:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իշխանութիւն, մտաւորականութիւն եւ ժողովուրդ, ճշմարտութեան պահանջին անսալով, առանց ճապկումներու, պէտք է պատասխանեն հարցման: Պիտի մնա՞ն որպէս հայ կոչուած ազգի ժառանգութիւն-շարունակութիւն, թէ՞ պիտի դառնան օտար իշխանութեան մը ենթակայ  նորատեսակ գաղութ, ենթակայ այս կամ այն ուժին, ըլլալ անոր լրացուցիչը, ընդունելով անոր մշակութային-քաղաքակրթական շապիկը:

Այսինքն՝ ազգովին դառնալ ծագումով հայեր:

Անհատներ եւ անոնց յաջորդները, թերեւս պիտի կարենան լաւ ապրիլ, աւելի մեծ ամբողջի մը մէջ, նոր եւ տարբեր ինքնութեամբ:

Հայրենահանուածներու սփիւռքը, որ կայ, կ’ապրի զանազանութիւններով, բարքեր եւ մշակոյթ, պիտի կարենա՞յ հարազատ ազգային ենթահողի մը վրայ ինքզինք վերասահմանել եւ միանալ որպէս ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, որ կ’առաջադրէ իր հայրենիքի ազատագրութիւնը եւ անոր վրայ որպէս հայրենատէր ապրելու իրաւունքը: Բովանդակութիւն ունեցող պատասխան տալու համար, նախ պէտք է հասկնալ, համոզուիլ եւ ըստ այնմ գործել: Անորոշ սահմանումներով եւ սահմաններով որպէս ընկերային-քաղաքական երեւոյթ ըմբռնուած Սփիւռքը ոչ Ազգ է եւ ոչ Հայրենիք:

Այսօր պատմութիւն եւ շարունակութիւն ըլլալու համար, Սփիւռքը իր ինքնութիւնը պէտք է ստանձնէ որպէս Արեւմտահայութիւն-ազգ եւ Արեւմտահայաստանի տէր ժողովուրդ, յառաջացնելով այս ըմբռնումով գործող առաջնորդող եւ առաջնորդուող ինքնուրոյն ղեկավարութիւն, ներկայացուցչութիւն: Անոր ստեղծման եղանակը եւ ապա իրաւասութիւնները կը ճշդուին Արեւմտահայութեան կողմէ, զոր պէտք է կազմակերպել, որ յանձնառութեան եւ իրաւախոհութեան բարձր գիտակցութեամբ պէտք է որոշէ տէր ըլլալ իր ճակատագրին, իրաւունքին եւ իւրաայտկութեան: Այս հարազատութիւնը նուաճելու եւ դառնալու համար քաղաքական ինքնուրոյնութիւն, ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԵՒ ԱՆՈՐ ԺԱՌԱՆԳՆԵՐՈՒ մարդահամարը պէտք է ընել, եթէ հնարաւոր ըլլայ՝ անուններով եւ հասցէներով, որպէսզի Արեւմտահայաստանի տիրութիւնը օրակարգ դարձուցած եւ ստանձնած ինքնուրոյն ղեկավարութիւնը ըլլայ իրաւ ներկայացուցչութիւն եւ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԱԶԴԱԿ, ժողովուրդի կամքով, եւ խօսի ու պահանջէ Արեւմտահայ ժողովուրդի անունով, որ բանիւ եւ գործով, զօրավիգ կը կանգնի իր ներկայացուցչութեան,

Գործնապաշտներ եւ հոգեպէս պարտուածներ, նման գաղափար պիտի համարեն ցնորք, ուդոպիա, utopie:

Պահ  մը կանգ առնենք ԺԹ․ դարու ամերիկացի Օսքար Ուայլտի կողքին եւ մտածենք իրեն հետ:Ան ըսած է, թէ Աշխարհի քարտէս մը համատարած մը, ուր չէ պատկերուած ցնորքի երկիրը, արժանի չէ որ պահիկ մը անգամ անոր նայինք: Մեծ գաղափարի մը հետապնդումը ցնորք է մինչեւ այն ատեն, որ ձեռնածալ կը նստինք, սպասելով որ ուրիշներ որոշեն մեր փոխարէն, չենք մտածեր որ ցնորքը իրականութեան սպասման սենեակն է: Ինչո՞ւ հայրենատէրի պէս պիտի չըսենք եւ գործենք համոզումով եւ յանձնառութեամբ՝ որ Արեւմտահայաստանը Հայրենիք է:

Մարդն է որ ցնորքը կը դարձնէ իրականութիւն: Այդպէս եղած են մեծ յաջողութիւնները, գիւտերը, յաղթանակները: Բայց ցնորքը իրականութիւն դարձնելու համար պէտք է ունենալ հաւատք, կամք, ըլլալ յանձնառու եւ մերժել ամէն տեսակի ստրկացումերը:

Արեւմտահայութիւնը, որ այսօր դադրած է ինքզինք ազգ եւ իրաւատէր-պահանջատէր  համարելէ, Հանրապետութեան կողմէ, բախտաւոր պարագային կը դիտուի որպէս կառքին հինգերորդ անիւը եւ կը ցանկայ այդ դերը, կը պայքարի անոր համար, կը գտնուի անձնատուական եւ անհետացման դիրքերու վրայ: Հայրենահանման հետեւանք բազմագոյն եւ բազմաշերտ սփիւռքը, որ յոգնակիացած է, տարտղնուած, հակառակ աւանդական դարձած ճառերու, համայնք ըլլալու ձգտող գաղթականութիւն է, իր կայք հաստատած եւ ապահովութիւն գտած երկիրներուն մէջ մերուած-համարկուած գաղթականութիւն է, իր ծագումնային գոյութիւնը եւ իրաւունքները իր հետզհետէ իր առօրեային մաս չեն կազմեր: Ծագումնայինէն փորձելով պահել կրճատուող մշակոյթ-լեզու, առանց կարենալ ըլլալու ազգերու շարքին՝ ինքնուրոյն եւ հաւասար:

Արեւմտահայութիւնը հարկ է վերականգնել որպէս լիիրաւ ազգ, մերժելով քաղաքական եւ հոգեբարոյական անհետացումը, եւ կազմակերպուիլ այնպէս, որ ան տէր կանգնի Արեւմտահայաստան հայրենիքին:

Արեւմտահայութիւնը, գումարուելով թէեւ բռնագրաւուած բայց իր իրաւունք հայրենիքին վրայ, ինքզինք պէտք է յայտարարէ ԱԶԳ եւ մերժէ ամէն կարգի հրաժարում:

Իր հայրենիքը բռնագրաւելու համար գործուած ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրները եւ պետութիւնները, հետեւողական ըլլալու համար պէտք է ընդունին Արեւմտահայութիւնը որպէս ինքնուրոյն ազգ, ճանչնան, եւ միջազգային բեմի վրայ անոր ստորոգելիներու վերականգնման նպաստեն, ինչ որ տրամաբանական լրացումը կ’ըլլայ ցեղասպանութեան ճանաչումներուն:

Դադրելով Թուրքիայէն հողային պահանջ ունենալէ, Հանրապետութիւնը սեպ կը խրէ ազգը բաղկացնող հատուածներուն միջեւ, եւ ինքնաբերաբար կը հրաժարի համայն հայութեան պետութիւն ըլլալէ, թշնամիներու առջեւ ընդունելով հատուած ըլլալու կարգավիճակը, ներազգային ճակատի վրայ՝ միացնելու անկարողութիւնը:

Հանրապետութեան հայ մտաւորականութիւնը պատասխանատուութեան պէտք է հրաւիրէ ամէն կարգի ղեկավարութիւնները,- պետական, կուսակցական, տնտեսական, ազգային ապագայատես գիտակցութեամբ լուսաբանէ ժողովուրդը, զայն կանգնեցնէ իր պատասխանատուութեան առջեւ:  Իսկ Արեւմտահայութիւնը բացարձակ կերպով պէտք է մերժէ եւ դատապարտէ լքման-անձնատուութեան այս հակահայ ընթացքը, որ ծառայութիւն է թշնամիին, որպէսզի ան աւարտին  հասցնէ իր հայաջինջ երազանքը:

Մինչեւ այն ատեն որ չկան ցնորքի հաւատացողները եւ անոր իրականացման համար գործողները, Արեւմտահայութիւն եւ Արեւմտահայաստան պիտի դիտուին որպէս անկարելիութիւնններու միգամած մը, հակառակ անոր որ կայ   ժողովուրդ մը եւ կայ անոր բռնագրաւուած հայրենիքը: Հետեւաբար այդքան ալ անորոշութեան մէջ կորսուած միգամած մը չէ իրականութիւնը: Նոյնքան մեծ յանձնառութեան առաջնորդող իմաստութիւն կայ ԺԹ դարու ֆրանսական ակադեմիայի անդամ եւ քաղաքական գործիչ Էտուար Հերիոյի հետեւեալ միտքին մէջ.  «Ցնորք (Utopia, խմբ․) մը կարողական իրականութիւն  մըն է»:

Անկարելի համարուածը միշտ անկարելի է մինչեւ այն ատեն, որ իրականութիւն չէ դարձած: Իսկ ան իրականութիւն կը դառնայ երբ իրականացած կ’ըլլայ, կը դառնայ ընդունուած, սովորական:

Արեւմտահայ ժռղովուրդը այսօր պէտք է Օսքար Ուայլտի պէս կանգնի  պատմութեան զեղծուած քարտէսին դիմաց եւ տեւաբար կրկնէ, նայելով այն տարածութիւններուն որոնք իրեն պատկանած են, եւ քաղաքական յանձնառու յամառութեամբ կրկնէ՝ որ ԱՅՍ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՏԷՐԸ ԵՍ ԵՄ: Այս արժանաւոր մարդու կորսուիլ չուզող եւ ազգի եւ անոր անդամներուն ինքնահաստատման յանդգնութիւնն է, բիզնեսային, շաուերու եւ տիկնիկային թատրոնի ամբոխի սիրած զուարճութիւններէն տարբեր:

Մեր ընչաքաղցութիւնները, թաղային փառասիրութիւնները եւ պարտուածի հոգեխոցը յաղթահարելով ծնունդ կու տա՞նք մեր մանրուքներէն եւ մանրուածութիւններէն անդին նայող հեղինակութիւն ունեցող առաջնորդին, առաջնորդութեան, որոնք դուրսէն պիտի չգան, պիտի ըլլան գոյատեւել ուզող  ազգի ծնունդը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.