Հայութեան հոգին ըստ Մաղաքիա Վրդ. Օրմանեանի
- (0)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.
ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՐՏԱԿԵԴՐՈՆՈՒԹԻՒՆ
Օրմանեան վարդապետ համոզուած է, թէ հայութեան անդամները «անհատական իրաւանց խստիւ նախանձախնդիր» էին եւ են։ Եւ հոսկէ կու գայ հայութեան «կեդրոնացուցիչ վարչութիւն»ներու դէմ նշկահելը։ Եւ ընդունակութիւնը՝ «արտակեդրոնական» վարչաձեւին (արդէն ժամանակէ մը ասդին՝ ասոր համարժէք կը գործածուի՝ «ապակեդրոնական» եզրը)։ Ըստ իրեն, հայութեան կարգ մը «թերութիւններ»ը, եւ անոնց մէջ՝ անմիաբանութիւնը մանաւանդ, իրենց «արդարացում»ը կը գտնեն հայութեան «արտակեդրոնական» հակումին մէջ։ Հայութեան անմիաբանութիւնը «բնածին» չէր, այլ «արտակեդրոնական դրութեան հակամիտութիւն»։ Այս պատճառով ալ, հայութիւնը «իրեն համար այնպիսի վարչական ձեւեր եւ մատակարարութեան ոճեր փնտռեց եւ պատրաստեց, որոց վրայ ամէնէն թեթեւ ակնարկ մը՝ անմիջապէս կը համոզէ, թէ այս ժողովուրդը, որ այդ ճամբաներով ապրեցաւ կամ կ’ապրի, չկրնար ընդունակ ըլլալ կեդրոնական ոճոյն»։
Միջնադարու հայութեան յատկութիւններուն մասին խօսած ատեն՝ միաբանութիւնն ալ ցոյց տուած է իբր անոնցմէ մէկը, տեսանք։ Սակայն անցեալի պատմութեան իր ընթերցումը՝ այն միաբանութիւնը առհասարակ հասկցած է իբրեւ ապակեդրոն հատուածներուն սեփական ազգութեան ընդհանուր զգացում եւ գիտակցութիւն, որ «իրական» միութեան մը չէ վերածուած։ Երբ կեդրոնական մական եղած է՝ միաբանութիւնը մտածելի չէր։ Իսկ երբ կեդրոնական մական չէ եղած՝ թոհուբոհը, ապա նաեւ հայութեան գլխուն եկած փորձանքները թոյլ չեն տուած միաբանութիւնը ընդհանուր գիտակցութեան եւ ներգործական գործունէութեան վերածելու։ Անիկա թէպէտ չէ վերածուած այնպիսի գիտակցութեան եւ գործունէութեան, բայց միջնադարեան Հայաստանի մէջ «կրաւորական եւ տոկուն միութիւն մը կայր», գրած է։ Վարդապետը այս «կրաւորական եւ տոկուն միութիւն» միտքը կապած է պատկերի մը, որ սա է․ «ոչնչացնող հեղեղաց մէջ թաւալելով՝ անեզր ովկիանին անդնդոց մէջ չսուզանելու համար»։ Պատկերը կը յիշեցնէ նաւ մը, որ կը թաւալի ովկիանին անդունդներուն մէջ։ Եւ որքան ալ անոր նաւապետը ջանք թափէ ղեկավարելու ընթացքը՝ ենթակայ է ալիքներու բազմահոլով բարձրացումներուն եւ յաճախադէպ անդունդներն ի վար սահումներուն։ Սոյն կացութեան մէջ, հայութեան նաւը չէ խորտակուած, այլ իր համբերութեան մէջ մնացած է տոկուն։ «Ոչնչացնող հեղեղաց մէջ» թաւալող նաւը՝ հայութեան անխորտակ համբերութեան նաւն էր։ «Կրաւորական եւ տոկուն» միութեան յաջորդած էր «իմացական միութեան եւ առաքինական եւ ըղձական միութեան ժամանակը», զոր Օրմանեան տեսած է զինք կանխած երկու դարերուն մէջ։ Գրած է․ «Քառասուն դարուց կեանք մը ունի հայութիւնը, բախտին ամէն արկածները կրեց, բայց չկործանեցաւ, չվախճանեցաւ, եւ յոյսն մեր հաստատուն է՝ թէ անմահ պիտի պահէ Աստուած մեր հայութիւնը աստեացս յաւիտենին մէջ», այսինքն՝ այս աշխարհի վրայ հայութիւնը պիտի գոյատեւէ ընդմիշտ, կամ աւետարանին բացատրութեամբ՝ մինչեւ վախճանը այս աշխարհի։ Սակայն, ըստ իրեն, սկսեալ, այլեւս անբաւարար է հայութեան «իմացական», «առաքինական» եւ «ըղձական» միութիւնը։ Անոր մէջ հաստատուած բաժանումները պէտք է վերնան («բաժանեալ եմք հայքս եկեղեցեաւ, բաժանեալ եմք ազգաւ, բաժանեալ եմք տեղեաւ, բաժանեալ եմք պետութեամբ, բաժանեալ եմք լեզուաւ, բաժանեալ եմք իշխանութեամբ․․․»)։ Անոնց վերացման համար, արդէն ոչ փառք ընդունող եւ ոչ ալ յիշուող «նախնիք»՝ նման «բարձրաբերձ շինուածոյ մը հիմ եղող կոշտ քարերու», հայութեան հանդէպ հաւատարմութեան իրենց գործերը կատարած են, ոմանք ալ անոր «շէնքին ներքին որմերը» բարձրացնելու սկսած, եւ հնչեցուցած «միութեան ձայնը»։ Այն ձայնը կը պահանջէ հայութեան «իրական» միութիւնը։
Այստեղ քանի մը խօսք՝ վարդապետին «իրական» միութեան հասկացողութեան մասին։
«Իմացական», «առաքինական» եւ «ըղձական» միութիւնը՝ «առաջին աստիճանն էր ներգործական գործունէութեան»։ Ատիկա այլեւս կարելի չէր «բաւական» սեպել։ Ժամանակները յառաջացած են եւ փոխուած։ Հայութիւնը կ’ապրի «լուսաւոր եւ քաղաքական դարու» մը մէջ։ Ուստի՝ իրմէ կը պահանջուի «իրական եւ զգալի, գործնական եւ հիմնական, վարչական եւ տեղական» միութիւն մը։
Միութեան պահանջքը չի վերաբերիր «բռնական» միութեան, այսինքն՝ միութեան մը, որ կ’ուզէ ջնջել անհատներուն տարբերութիւնը թէ՛ տեղով, թէ՛ բնակութեամբ, թէ՛ սովորութեամբ, թէ՛ կարծիքներով, թէ՛ եկեղեցիով եւայլն։ Ինք խորհած է, թէ հայութեան միութեան համար՝ ոչ ամենայն ինչ որ ի շինութիւն է եւ ի շահ»․ թէ «կան կէտեր», ուր իւրաքանչիւր անհատի ազատութեան սկզբունքը պէտք է յարգուի։ Ապա, աւելցուցած է, թէ ազատութեան սկզբունքը բացարձակ պէտք չէ ըլլայ, եւ գտնուի «առաւել մեծ եւ ընդհանուր բարւոյ մը» գաղափարին ներքեւ, այլ խօսքով՝ պիտի գիտնայ ընդհանրական օգուտին համար՝ նոյնիսկ զոհել ինքզինք։ Ընդհանրական բարիին համար ներգործական գործունէութիւնը՝ «օծութիւն» մըն է, որ կը դարմանէ բոլոր բաժանումները (այս «օծութիւն» բառը կը թելադրէ, որ այնպիսի գործունէութիւն մը Աստուածահաճոյ է)։
Գրած է․ «Նոր չէ հայերուն՝ հայութեան համար աշխատիլը»։ Ընդհանրութեան համար այս գործունէութիւնը՝ միաբանութեան նշան էր։ Միաբանութիւն մը՝ որ մերժեց «կեդրոնական վարչութեան ձեւ»ը, երբ անիկա «այս կամ այն կերպով Հայաստանի մէջ հաստատել կ’ուզուէր»։ Հայութեան հոգին կ’ապստամբէր կեդրոնաձիգ իշխանութեան մը մականին ենթարկելու բոլոր փորձերուն դէմ, որովհետեւ այն փորձերը պարզապէս «յարմար» չէին իրեն։ «Պակաս չեղան եւ չեն դէպքեր, յորս կեդրոնական եւ կեդրոնացուցիչ հոգւոյ օգուտները ակներեւ էին եւ են, բայց հայութիւնն նաեւ օգուտէն հրաժարեցաւ», ու այսպիսով՝ կարծես իր հոգիին «բնական դրդմանց հպատակեցաւ»։
Ըստ իրեն, Ազգային Սահմանադրութիւնը, որ Կ․ Պոլսոյ Պատրիարքութեան կողմէ ընդունուեցաւ 1860-ին եւ Օսմանեան իշխանութեան կողմէ վաւերացուեցաւ 1863-ին, հայութեան հոգիին համար «նորագիւտ ինչ» մը չէր, այլ դարաւոր ձգտումի մը իրացումը։ Հայութեան հոգին դարերու ընթացքին զայն կ’ըղձար «ինչպէս նուրբ օդը կը ձգտի ի բարձր, կամ ինչպէս՝ ծանրը կը դիմէ ի ստոր»։ Ազգային Սահմանադրութեամբ հայութեան հոգին հասաւ իր ըղձանքի արդիւնքին, եւ «դժուարին գործոց թեւակոխելու կարողութիւն ունեցաւ»․․․
(Շարունակելի 3)