Հայեցի կրթութիւն – Բ.- Ծրագիր
Ծրագիր…
Ի՞նչ տեսակ կրթական ծրագիր պիտի ունենայ, պէ՛տք է ունենայ հայ դպրոցը։ Ընդհա՛նրապէս եւ ոչ պարզապէս հայեցի կրթութեան համար, որովհետեւ հայեցի կրթութիւնը վարժարանի կրթական ընդհանուր ծրագրին մաս կը կազմէ ու առանձին ոլորտ մը չէ։
Հայեցի կրթութեան ծրագիրը, ուրեմն, առաջին հերթին պիտի ըլլայ հա-մա-պար-փակ։ Այսինքն ան չի կրնար ունենալ այլ գլխաւոր յատկանիշ մը բացի համապարփակ ըլլալէ։ Մէկ քայլ անդին պիտի երթամ՝ ըսելու համար, որ հայ դպրոցի ամբողջ կրթական ծրագիրը միայն հայեցի կրնայ ըլլալ՝ ներառելով դասաւանդուող բոլոր նիւթերը, անոնք պետական պարտադիր ծրագրի մաս կազմեն թէ ոչ։ Այլ խօսքով, գոհացնելով հանդերձ ընդհանուր կրթութեան պահանջները, հայ դպրոցը պարտի ըլլալ հայեցիութեան հնոցը։
Ահա թէ ինչու նախ քան ծրագիր կազմելը անհրաժեշտ է սահմանել դպրոցին գոյութեան նպատակը, ճշտել նպատակակէտերը, ապա միայն ծրագիր մշակել, ծրագիր՝ որուն հիման վրայ ալ դասագիրքերը պիտի որոշուին, կամ պետութեան կողմէ որոշուած կամ առաջարկուած դասագիրքերը պիտի մեկնաբանուին ու գործածուին ըստ այդ ծրագրի պահանջներուն։
Արդարեւ, ի՞նչ կ՚ակնկալուի հայ դպրոցէն։ Անշուշտ ամենէն առաջ ի՛նչ որ կ՚ակնկալուի որեւէ դպրոցէ՝ ժամանակակից քաղաքակրթութեան լաւագոյն սկզբունքներուն համաձայն ուսում, մա՛րդակերտում, կերտումը ապագայ քաղաքացիին՝ իր ապրած երկրի կեանքին յարմարելու, զայն բարելաւելու եւ հոն, սեփական կեցութեան կազմակերպումով՝ իր պատուաբեր տեղը ունենալու հնարաւորութեամբ։ Այդ դաստիարակութեան անբաժանելի մասը պիտի ըլլան ընտանիք կազմելու, հաւաքականութեան պատկանելու թէ բարոյական ու գեղագիտական հասկացութիւններ ձեռքբերելու ընդունակութիւնները եւ այլն։ Այս բոլորը իրենց տեղը պիտի գտնեն դասաւանդուող նիւթերուն ճամբով, ըլլան անոնք լեզուներ, գիտութիւն, ուսողութիւն, արուեստներ թէ մարմնամարզ։
Ինչ որ հայ դպրոցը պիտի զանազանէ այլ դպրոցներէ, սակայն, այդ ամենը ունենալէ անդին՝ հայեցի՛ կրթութիւնն է, հա՛յակերտումը, որ չի սահմանուիր կամ չի սահմանափակուիր հայերէնի, հայոց պատմութեան կամ հայ մշակոյթի ու կրօնի դասաւանդութեամբ միայն։ Անոնք գլխաւոր կռուաններն են այդ կրթութեան, սակայն ոչ բացառաբար։ Կրթական ծրագրի բոլոր միւս նիւթերը նոյնպէս առիթ են, դաշտ են, միջոց են սատարելու հայեցի կրթութեան՝ թէկուզ այլ լեզուով դասաւանդուած, թէկուզ հայութեան հետ երեւութապէս ո՛չ մէկ առնչութեամբ։
Դպրոցի առաքելութեան գիտակցումը միայն հայ ուսուցիչին ճիտին պարտքը չէ։ Բոլոր նիւթերը դասաւանդողներուն պարտաւորութիւնն է, այլեւ մանաւանդ տնօրէնութեան ու պատկան մարմիններուն։ Բայց այս մասին՝ Ուսուցիչ բաժնին մէջ։
Այստեղ պէտք է նաեւ շեշտել հայերէնով դասաւանդուող նիւթերու եւ այլ լեզուներով դասաւանդուող նիւթերու զուգահեռականութեան կարեւորութիւնը։ Բոլորը, հայերէն թէ այլ լեզուներով, հիմնուած պիտի ըլլան աշակերտին մտային նոյն մակարդակին ու զարգացման նոյն փուլին վրայ։ Անոր խօսելու, այսինքն՝ բանաւոր արտայայտութեան, կարդալու, այսինքն՝ ըմբռնողութեան եւ գրելու, այսինքն՝ գրաւոր արտայայտութեան կարողութիւնները պիտի մշակուին միասնաբար ու հաւասարապէս բոլո՛ր լեզուներով, եւ այս պարագային հայերէնը պիտի հանդիսանայ յաւելեալ առաւելութիւն մը, յաւելեալ հարստացում մը, որմէ զուրկ պիտի ըլլան այլ վարժարաններ յաճախող ու հայերէն չգիտցող աշակերտները։ Ասիկա պիտի ըլլայ հայ վարժարանի մեծագոյն առաւելութիւններէն մէկը, նաեւ խայծերէն մէկը, ու ատոր շնորհիւ իր շրջանաւարտներու ուսման յաջորդ փուլերուն ցուցաբերած նուաճումները նախանձը պիտի շարժեն ոչ-հայ ուսանողներուն, որոնք պիտի ուզէին հա՛յ վարժարան յաճախած ըլլալ՝ այդ առաւելութիւններով օժտուած ըլլալու համար։
Աւելցնեմ, որ հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրը ո՛չ որոշ բառերու թիւ է, որ շրջանաւարտը սորված պիտի ըլլայ, ո՛չ որոշ քերականական օրէնքներ, ո՛չ որոշ անուններ ու թուականներ, ո՛չ ալ նոյնիսկ որոշ ազգային կարեւոր նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններ ու յոբելեաններ։ Այդ բոլորը՝ թերեւս, ի միջի այլոց։ Սակայն այդ բոլորէն անդին, այդ բոլորին իմաստ տուող՝ հայ ըլլալու ըմբռնո՛ւմը, եթէ կ՚ուզէք՝ առհաւակա՛ն զգացումը եւ անխախտելի՛ յանձնառութիւնը, առանց որոնց մնացեալ ամեն ինչը կրնայ անհեթեթ թուիլ։
Ուրեմն, կրթական ծրագիրը պիտի ըլլայ համապարփակ, հիմնուած պիտի ըլլայ վարժարանի ընդհանուր առաքելութեան ու նպատակակէտերուն վրայ, հայերէն թէ այլ լեզուներով դասաւանդուող նիւթերը պիտի կազմեն զիրար լրացնող մէկ ամբողջութիւն։
Այս ծրագիրը կրնայ իր տարբերակները ունենալ երկրէ-երկիր, քաղաքէ-քաղաք թէ վարժարանէ-վարժարան, սակայն անոր պատրաստութեան սկզբունքներն ու հիմքերը կը մնան նոյնը։ Ասիկա իրագործելու համար պատասխանատու մարմինները պիտի գիտակցին, թէ անհրաժեշտ է սերտ համագործակցութիւն տեղական, շրջանային թէ համահայկական առումով, ու մանաւանդ կենսական նիւթական կռուաններու յատկացում։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ