Հայերու եւ Յոյներու ոսկիները փնտռող թուրք գանձագողերը ամսագիր կը հրատարակեն

Ըստ թրքական «Հիւրրիէթ» օրաթերթին՝ Թուրքիոյ գանձագողերը սկսած են հրատարակել իրենց ամսագիրը «Define» («Գանձ»), որու էջերուն մէջ կը տրուի Հայերէ ու Յոյներէ մնացած ոսկիներու ու թանկարժէք իրերու թաքստոցներու վայրերուն մասին մանրակրկիտ տեղեկութիւններ, զանոնք ճիշդ փնտռելու եւ գտնելու «գործիքակազմերով» (mécanismes):

Կը նշուի, որ 25 լիրա արժող ամսագիրը արդէն վաճառքի հանուած է առցանց: Գնորդներուն կ՚առաջարկուի նաեւ առաքում, իսկ գովազդին մէջ կը նշուի, որ ամսագիրը պատրաստուած է «այս գործին մեծ սիրահարներուն կողմէ»:

Նման նախագիծի անարգել տարածումը խստօրէն քննադատած են Թուրքիոյ հնագէտներու միութեան անդամները: Միութեան նախագահ Սոներ Աթէշօղուլլարը կը նշէ, որ ամսագիրը կը նպաստէ երկրի օրէնքով արգիլուած պեղումներու դէպքերու տարածման:

“Ցաւօք, մեր օրէնքներուն մէջ առկայ թերութիւնները պատճառ կը դառնան երկրի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման։ Նախապէս միութիւն հիմնած գանձագողերը հիմա ալ ամսագիր կը հրատարակեն, մենք իսկապէս զարմացած ենք”, ըսած է ան:

Նշենք, որ Թուրքիոյ մէջ գանձագողերու գործողութիւններուն պատճառով ամէն տարի կը քանդուին բազմաթիւ եկեղեցիներ, պատմական բազմաթիւ յուշարձաններ ու նոյնիսկ հին գերեզմանատուներ:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.