Հայաստան Սահմանային Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Կոչ Կ՛ընէ Ատրպէյճանին
Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած միջադէպի վերաբերեալ հաղորդագրութիւն տարածած է:
«Վերջին օրերուն ասիկա Ատրպէյճանի հերթական փորձն է միտումնաւոր կերպով սրելու իրավիճակը հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ. Մարտ 6-ին ատրպէյճանական զինուած ուժերը փորձած էին իրականացնել ներթաձանցում Տաւուշի շրջանին մէջ:
Ատրպէյճանի պարբերական փորձերը սրելու իրավիճակը Հայաստանի հետ պետական սահմանին, ընդլայնելու լարուածութեան աշխարհագրութիւնը եւ չկիրառելու առկայ լարուածութիւնը նուազեցնելու ուղղուած մեքանիզմները կը վկայեն, որ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը եւ խաղաղութիւնը վտանգելու Ատրպէյճանի քայլերը կը կրեն միտումնաւոր բնոյթ:
Ատրպէյճանի նման գործողութիւնները կը փաստեն, որ ԼՂ խաղաղ գործընթացին մէջ վտանգներու նուազեցման միջազգային մեքանիզմներու ներդնումը կարեւոր գերակայութիւն է, եւ այս ուղղութեամբ առկայ պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչելը անհրաժեշտ պայման է խաղաղ գործընթացը յետագային առաջ մղելու համար»,- ըսուած է ԱԳՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Մարտ 10-ին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու կողմէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պետական սահմանի նախիջեւանեան հատուածին մէջ հրադադարը խախտելու հետեւանքով դիպուկահարի կրակոցէն զոհուած է ՀՀ ԶՈՒ պայմանագրային զինծառայող, շարքային Զոհրապ Գրիգորիի Սիանոսեանը (1984-ի ծնունդ):