«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան 

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան, խմբակցութեան պատգամաւորներ Արթուր Խաչատրեան, Աննա Գրիգորեան եւ Արմէն Գէորգեան 23 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վասիլիս Մարակոսի հետ՝ վերջինիս խնդրանքով:

Հանդիպումին ընթացքին, «Հայաստան» խմբակցութիւնը շարք մը հարցերու գծով իր տեսակէտները ներկայացուց: Մասնաւորաբար անդրադարձ կատարուեցաւ հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան հետ կապ ունեցող հարցերուն: Միտքեր փոխանակուեցան Ատրպէյճանի մէջ պահուող պատանդներու հարցին եւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն մասին: