«Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնները միասնաբար առաջադրած են Արծուիկ Մինասեանի թեկնածութիւնը Մրցակցութեան եւ սպառողներու շահերու պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամի պաշտօնին համար
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովին ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութիւնները միասնաբար առաջադրած են ՀՅ Դաշնակցութեան անդամ, նախկին նախարար եւ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի թեկնածութիւնը՝ Մրցակցութեան եւ սպառողներու շահերու պաշտպանութեան յանձնաժողովի անդամի պաշտօնին համար։
Հոկտեմբեր 30-ին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումին ընթացքին թեկնածուն ներկայացուցած է «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Խաչատրեան՝ ընդգծելով Մինասեանի պետական կառավարման, օրէնսդրական եւ մասնագիտական հարուստ փորձառութիւնը։
Իր ելոյթին ընթացքին Մինասեան առաջնահերթ նկատած է յանձնաժողովի անկախ գործունէութեան ամրապնդումը, նիւթական եւ մասնագիտական միջոցներու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ շուկաներու արդիւնաւէտ վերահսկողութիւնը։
Ան յատկապէս շեշտած է արհեստական բանականութեան ընձեռած կարելիութիւններուն օգտագործումը՝ հակամրցակցային համաձայնութիւնները բացայայտելու, շուկաներու մէջ գոյութիւն ունեցող խոչընդոտները ուսումնասիրելու եւ արդար գնագոյացման պայմաններ ստեղծելու նպատակով։
Մինասեան նաեւ դիտել տուած է, որ յանձնաժողովին վերապահուած նոր պարտաւորութիւնները չեն ուղեկցուած համապատասխան նիւթական եւ արհեստագիտական միջոցներու տրամադրումով։ Ան անհրաժեշտ նկատած է մարմինին պիւտճէի վերանայումը՝ յստակ նպատակներու եւ չափելի արդիւնքներու հիման վրայ։
Անդրադառնալով իր կուսակցական պատկանելիութեան՝ Մինասեան յայտնած է, որ ընտրուելու պարագային պիտի դադրեցնէ կուսակցական անդամակցութիւնը՝ պաշտօնին անկախութեան վերաբերող օրէնսդրական պահանջներուն համաձայն։ Միաժամանակ շեշտած է, որ Դաշնակցական իր համոզումները իր քաղաքական ինքնութեան անբաժան մասն են։
Երկու ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն միասնական առաջադրումը կը հանդիսանայ խորհրդարանական գործակցութեան յատկանշական քայլ մը՝ պետական վերահսկող կառոյցներուն մէջ մասնագիտական կարողութիւն եւ անկախութիւն ապահովելու նպատակով։