Հայաստան Եւ Գերմանիա Համաձայնեցան Ընդլայնել Պաշտպանութեան Ոլորտի Համագործակցութիւնը

28էն 29 Հոկտեմբերին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Գերմանիա երկկողմանի պաշտպանական խորհրդակցութիւններ: Նախարարութենէն կը յայտնեն, որ ձեռք բերուած են պայմանաւորուածութիւններ՝ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու շարք մը ուղղութիւններով:

Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի եւ Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ, գնդապետ Քրիսթիան Շմիթի համանախագահութեամբ  կայացած խորհրդակցութիւններուն քննարկուեցան ու ամփոփուեցան պաշտպանական համագործակցութեան արդիւնքները, եւ համաձայնութիւն գոյացաւ 2026 թուականի ծրագիրներուն վերաբերեալ:

Անոնք խօսեցան նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցերու, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններուն մէջ ընթացող բարեփոխումներուն մասին՝ կարեւոր նկատելով ՆԱԹՕի եւ Եւրոպական Միութեան ծիրին մէջ բազմակողմանի ձեւաչափերով համագործակցութեան զարգացումը: