«Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածուն Ռոպերթ Քոչարեանն է

Այսօր՝ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր միջոցարման ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ որպէս «Հայաստան» դաշինքի վարչապետի թեկնածուն։ Իր ելոյթին մէջ Քոչարեան շեշտեց, որ իրենք տրամադրուած են վճռականօրէն եւ իրենց միակ նպատակը յաղթանակն է։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ «չարը մարմնաւորող իշխանութիւնը պիտի պարտուի»։

Յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ եւ ԱԺ պատգամաւոր Իշխան Սաղաթելեանը, որ տեղեկացուց, թէ Ռոպերթ Քոչարեան յառաջիկայ յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Հայաստան» դաշինքով, որուն առանցքային մաս կը կազմեն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւ «Առաջ» կուսակցութիւնը։ Սաղաթելեան իր խօսքին մէջ յատուկ շեշտադրեց դաշինքի ամրութիւնը՝ նշելով, որ իրենց սխալները պայքարողի սխալներ են եւ ոչ թէ դաւաճանի կամ անտարբեր դիտորդի, քանի որ անսխալական միայն ան, որ ոչինչ կ’ընէ։ Ան ընդգծեց, որ այս միաւորումը սոսկ նախընտրական համախմբում չէ, այլ Հայաստանի ճակատագրով մտահոգ ուժերու ջանքերու մեկտեղում՝ հայկական ինքնութիւնը պահելու եւ անվտանգ հայրենիք վերակերտելու նպատակով։

Անդրադառնալով ներկայիս ստեղծուած կացութեան՝ Սաղաթելեան յայտարարեց, որ իրենց առաջարկը ոչ թէ հաւերժական պատերազմն է, այլ արժանապատիւ կայունութիւնը։ Ան շեշտեց, որ իրենք չեն գար պատերազմ բերելու, այլ կու գան զայն կանխելու, երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու եւ ինքնիշխանութիւնը վերականգնելու համար։ Դաշինքը հրապարակեց նաեւ իր նախընտրական կարգախօսը՝ «Միասին կարող ենք», կոչ ուղղելով ժողովուրդին միասնաբար հեռացնելու գործող վարչախումբը եւ կառուցելու մրցունակ ու անվտանգ պետութիւն մը՝ հիմնուած ազգային արժէքներու եւ հզօր տնտեսութեան վրայ։