«Հայաստան» Դաշինքի Ներկայացուցիչներուն Հանդիպումը` Երեւանի Երկու Վարչական Շրջաններու Քաղաքացիներու Հետ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան շաբաթ, 5 յունիսին Երեւանի մէջ հանդիպած են Քանաքեռ-Զէյթուն եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու քաղաքացիներու հետ:

«Իմ նախորդ երկու ընտրարշաւներուս ժամանակ մարդոց այսպիսի հակազդեցութիւն, ներուժ եւ միեւնոյն ժամանակ` նման խոր մտահոգութիւն չեմ տեսած», ըսած է Ռոպերթ Քոչարեան` աւելցնելով, որ հանդիպումներու տարբերութիւնը այն է, որ այն ժամանակ եղած են ուղղակի նախագահական ընտրութիւններ, ոչ թէ` երկրի գոյութիւն ունենալ-չունենալու հարց:

«Ես դուրս կու գամ հանդիպումներէն շատ մեծ լիցքեր ստացած, ես յոյսով լեցուած եմ եւ կը փորձեմ նման կարգի լաւատեսութիւն ապագայի նկատմամբ հաղորդել ձեզի: Մեր խումբը կ՛աշխատի այդ լաւատեսութիւնը ըստ կարելւոյն տարածել, որ մարդիկ հասկնան, թէ ով ի վիճակի է երկիրը այս այս իրավիճակէն դուրս հանելու», ըսած է Ռ. Քոչարեան:

 

«Մեր նպատակը մարդոց նոր յոյս հաղորդելն է, եւ մենք կը հրաւիրենք ձեզ դիտելու իրավիճակը այս անկիւնէն, եւ լաւատեսութեան ուղղուած կարգախօսով փորձենք ուղղորդել մեր ընտրողները դէպի ընտրատեղամասեր», ընդգծած է «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր կարգին ընդգծած է. «Այս հողատուի աշխատելաոճին մէջ ոչինչ փոխուած է. նոյն զազրախօսութիւնն ու նոյն սուտերը կը տարածեն: Զաւեշտը այն է, որ այս մարդիկ այդպէս ալ իշխանութիւն չդարձան: Չկայ իշխանութիւն, որուն հետ ընդդիմութիւնը դասական պայքարի մէջ մտնէ: Թող նային գիւղացիներու աչքերուն ու հաշուետուութիւն ներկայացնեն` ի՞նչ ըրած են»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.