«Հայաստան» դաշինքին կազմակերպած ջահերով երթը դէպի Եռաբլուր
կիրակի, 26 սեպտեմբեր 2021-ին, Երեւանի Գարեգին Նժդեհի հրապարակէն Սուրբ խաչի եւ պետականութիւնը խորհրդանշող դրօշներու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքին կազմակերպած ջահերով երթը դէպի Եռաբլուր զինուորական պանթէոն` խոնարհելու համազգային երազանքներու իրագործման համար պայքարին ընթացքին ինկած մեր որդիներու եւ եղբայրներու շիրիմներուն առջեւ:
Երթին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեանը, «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեանը, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանը, խմբակցութեան պատգամաւորները: Երթին միացան բազմաթիւ քաղաքացիներ:
«Այս քայլերթին նպատակն է արձանագրել` մենք տէրն ենք մեր նահատակներու թափած արեան, իրենց գաղափարին ու նուիրումին շնորհիւ գոյութիւն ունեցող մեր պետականութեան: Կան շատ ու շատ հայորդիներ, որոնք գիտակցելով մեր պետականութեան, ժողովուրդին առջեւ ծառացած այս դժուարին կացութեան, շարունակողն են այն պայքարին, որ դարերէ ի վեր մղած են մեր փառապանծ նախնիները, շարունակեցին արցախեան վերջին պատերազմի մեր հերոսները: Համոզուած ենք` Հայաստանն ու Արցախը այս վիճակին հասցնող ոչ մէկ մարդ անպատիժ պիտի մնայ, մեր պայքարը պիտի շարունակուի», յայտարարուեցաւ քայլերթէն առաջ:
Երթը ընթացք առաւ լուռ, միայն բարձրախօսով կը հնչէին 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներուն անունները:
«Հայաստան» դաշինքի նախաձեռնած երթ-մոմավառութիւնը հասաւ Եռաբլուր: Այդտեղ հնչեց Տէրունական աղօթք: Եկեղեցականները հոգեւոր կարգ մատուցեցին: Քահանայի յորդորով, երթին մասնակիցները իրենց ձեռքի վառ կանթեղները տեղադրեցին նահատակներու շիրմաքարերուն վրայ: