«Հայաստան» Դաշինքը Ներկայացուց ընկերա-տնտեսական ծրագիրը. Արդիւնաբերութեան կրկնապատկում եւ ընկերային նոր երաշխիքներ
- (0)

«Հայաստան» դաշինքը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ հանրութեան դատին յանձնեց իր նախընտրական ծրագրի ընկերա-տնտեսական բաժինը, որ կը նպատակադրէ երկիրը դուրս բերել ներկայ ճգնաժամային վիճակէն ու ապահովել թռիչքային զարգացում։
Ծրագրի հիմնական դրոյթները ներկայացուցին Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ, ՀՅԴ անդամն Արթուր Խաչատրեանն ու Արծուիկ Մինասեանը՝ շեշտադրելով թէ՛ պատմական յաջողութիւններու վերականգնումը եւ թէ՛ ապագայակեդրոն բարեփոխումները։
Արթուր Խաչատրեան իր խօսքին մէջ անդրադարձ կատարեց նախկին տարիներուն արձանագրուած տնտեսական վերելքին, երբ Հայաստանը միջազգային կառոյցներու կողմէ կոչուեցաւ տարածաշրջանի «տնտեսական վագր»։ Ան նշեց, որ դաշինքի յաղթանակի պարագային նպատակ կայ արդիւնաբերութեան տեսակարար կշիռը համախառն ներքին արդիւնքի (GDP) մէջ հասցնել 25 տոկոսի, իսկ բարձր արհեստագիտութեանց ոլորտը՝ 10 տոկոսի։ Այս նպատակին հասնելու համար նախատեսուած են հարկային լուրջ արտօնութիւններ, ներմուծման փոխարինման քաղաքականութիւն եւ ռազմավարական ճիւղերու մէջ շահութահարկի ու աւելացուած արժէքի հարկի (VAT) չեղարկում։ Խաչատրեան նաեւ քննադատեց ներկայ վարկային քաղաքականութիւնը՝ խոստանալով իրականացնել պետական պարտքի վերաքննութիւն եւ վերանայել դրամատնային «սեւ ցուցակները»՝ տնտեսութեան իրական հատուածը զարգացնելու նպատակով։
Ծրագրի ընկերային եւ բնապահպանական հատուածը ներկայացնելով՝ Արծուիկ Մինասեանը կարեւորեց «բնապահպանական ներդրումներ՝ պետական պարտքի դիմաց» նորարարական մօտեցումը, ուր արտաքին պարտքի որոշ մասը պիտի ուղղուի երկրի բնական պաշարներու վերարտադրութեան։
Դաշինքը կը խոստանայ նուազագոյն աշխատավարձը օրէնքի ուժով հաւասարեցնել կենսապահովման զամբիւղին, իսկ կենսաթոշակները բարձրացնել 50 տոկոսով։
Ընկերային արդարութեան ծիրէն ներս պիտի ներդրուի «շքեղութեան հարկ», որպէսզի թեթեւնայ ցած եկամուտ ունեցողներուն հարկային բեռը։ Ան նաեւ յայտարարեց, որ պիտի չեղարկուի եկամուտներու պարտադիր յայտարարագրումը եւ պիտի ստեղծուին յատուկ ներդրումային հիմնարկներ՝ սփիւռքահայութեան հսկայական դրամագլուխը դէպի Հայաստան ներգրաւելու համար, միաժամանակ խթանելով ծնելիութիւնը՝ եկամտահարկի նուազեցման ճամբով։
Մանրամասնութիւնները տեսանիւթին մէջ։