Հայաստան Այցելած է 1,894,377 Զբօսաշրջիկ. Այցերը Աւելցած Են Աւելի Քան 14 Տոկոսով
2019-ին Հայաստան այցելած է 1,894,377 զբօսաշրջիկ՝ նախորդ տարուան համեմատ աւելնալով 14.7 տոկոսով: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Ամփոփուած տուեալներուն համաձայն, 2019-ին Հայաստան այցելած է 1,894,377 զբօսաշրջիկ: Այս թիւը 2018-ի համեմատ աւելի է
242,595-ով կամ 14.7%-ով, իսկ 2017-ի նկատմամբ՝ 399,598-ով կամ 26.7%-ով»,- նշած է վարչապետը:
Ան նաեւ գրած է, որ բացի այս՝ Համաշխարհային զբօսաշրջային կազմակերպութեան կողմէ Փետրուար 4-ին հրապարակուած հաշուիչներուն համաձայն՝ Հայաստանը 2019-ին զբօսաշրջութեան ոլորտէն մէջ ամենաարագ զարգացող ուղղութիւններու շարքին զբաղցուցած է 12-րդ տեղը աշխարհի մէջ:
Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը զբօսաշրջութեան աճի իրենց տուեալներով զիջած են Հայաստանին՝ զբաղցնելով համապատասխանաբար 13-րդ եւ 17-րդ տեղերը՝ 14% եւ 11.4% աճով։
Վրաստանը ընդհանրապէս տեղ չէ գրաւած զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս ամենաարագ զարգացող 20 երկիրներու շարքին:
ԵԱՏՄ երկիրներու շարքին եւս Հայաստանը առաջնակարգ է: ԵԱՏՄ երկիրներէն ցանկին վրայ է միայն Ղազախստանը, որ սակայն նոյնպէս իր տուեալներով կը զիջի Հայաստանին՝ արձանագրելով 10 տոկոս աճ (20-րդ հորիզոնական):