Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ Այցելեց Մուսալերան Յուշահամալիր – Տեսանիւթ
2074
0
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժոնաթան Լաքոթ իր խորհրդականներու հետ այցելած է Մուսալերան հերոսամարտի պատմութեան եւ մուսալեռցիներու ազգագրութեան թանգարան:
Հիւրերը նախ ծաղիկներ խոնարհած են հերոսամարտի 18 նահատակներու տապանաքարին, այնուհետեւ թանգարանին մէջ ծանօթացած են Մուսալերան հերոսամարտի պատմութեան եւ մուսալեռցիներուն նուիրուած ցուցադրութիւններուն, որուն յաջորդած են հայ-ֆրանսական մշակութային համագործակցութեան եւ յուշահամալիրի զարգացման վերաբերող հարցերու քննարկումները:
Մանրամասնութիւնները «Երկիր Մեդիա»ի տեսանիւթին մէջ․