Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասած է 1746ի

Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը կը տեղեկացնէ, թէ վերջին մէկ օրուան ընթցիքն, Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 69 նոր դէպք:

Ապրիլ 25ի դրութեամբ, «Քորոնա»-ի հաստատուած դէպքերուն ընդհանուր թիւը 1746 է, արձանագրուած է մահուան 28 դէպք, բուժուածներու թիւը՝ 885։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.