Հայաստանի Մէջ Սկիզբ Առաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական 12րդ Համահայկական Բանակումը

15 Յուլիսին, Երեւանի մէջ, Նեմեսիսի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Ուսանողական 12րդ համահայկական բանակումի պաշտօնական բացումին արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ 17 երկիրներէ 400 երիտասարդներու:

Բացման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ ու Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ:

Խօսքեր արտասանեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, Համահայկական բանակումի պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Ժոր Աւդալեան:

Յովսէփ Տէր Գէորգեան շեշտեց, որ, հակառակ անոր որ միջազգային հանրութիւնը, մեր թշնամիները եւ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն փակել Արցախի էջը՝  մենք պէտք չէ հրաժարինք ազատագրական պայքարէն։

Ան դիտել տուաւ, որ բանակումը տեղի կ՛ունենայ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բախումներու, ինչպէս նաեւ Արցախի ժամանակաւոր կորուստին եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ ընդդիմութեան, մասնաւորաբար Դաշնակցութեան վրայ յարձակումներու պայմաններուն մէջ:

«Հակառակ անոր որ ներկայիս պառակտուած է հայութիւնը եւ աշխատանք կը տարուի Հայաստանը Սփիւռքէն հեռացնելու՝ այս համահայկական բանակումով, ՀՅԴ երիտասարդութիւնը օրինակը կու տայ համահայկական համախմբուածութեան, եւ Սփիւռքէն մեծ թիւերով Հայաստան գալով կ՛ամրապնդէ Հայաստան-Սփիւռք կապը։ Հակառակ անոր որ յուսալքուած եւ հոգեպէս ընկրկած է հայ ժողովուրդի ստուար հատուած մը, այս բանակումը կը միաւորէ ՀՅԴ մարտունակ երիտասարդութիւնը. նայեցէ՛ք անոնց աչքերուն մէջ, հոն պիտի տեսնէք համարձակութիւն, բոցավառող պայքարի ոգի ու յաղթանակի կամք։ Հակառակ անոր որ մեր թշնամիներու եւ անոնց կամակատար իշխանութիւններուն կողմէ թիրախ դարձած է դաշնակցական երիտասարդութիւնը՝ հարիւրաւոր դաշնակցական երիտասարդներ աշխարհի տարբեր անկիններէն եկած են հայրենիք՝ թիկունք կանգնելու իրենց ընկերներուն։ Հակառակ անոր որ կը փորձուի ՀՅԴ երիտասարդականը ներկայացնել իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը, մեր գործունէութիւնը կը փաստէ, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը ձգտի իր տեսլականները իրականացնել նորարական եւ յառաջադիմական ծրագիրներով։ Նոյն ատեն, մենք կը մնանք կառչած մեր գաղափարական հիմնասիւներուն, մասնաւորաբար ազգային եւ յեղափոխական նկարագիրին», ըսաւ Տէր Գէորգեան։

Հաստատելով, որ երիտասարդութիւնը եւ ուսանողութիւնն է տէրը ՀՅԴի դաւանանքին ու անոր անգնահատելի ժառանգութեան՝ Տէր Գէորգեան կոչ ուղղեց՝ շարունակելու հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ազգային, հասարակական, քաղաքական, մշակութային, կրթական եւ յարաբերական ոլորտներու մէջ առաջնագիծի վրայ մնալ, չազդուիլ հալածանքներէ ու մոլորեցնող ազդակներէ,  նորարար միտքերով, մարտունակ ոգիով, անպարագիծ աշխարհահայեացքով ուժ եւ կորով ներշնչելու շրջապատին:

Իշխան Սաղաթելեան շատ կարեւոր եւ խորհրդանշական նկատեց հայութեան ու պետութեան դիմագրաւած այս ծանր օրերուն աշխարհի 17 երկիրներէ շուրջ 400 երիտասարդներու համախմբումը մայր հայրենիքի մէջ: «Սա պատասխան է բոլոր նրանց, ովքեր անցնող բոլոր տարիների ընթացքում ամէն ինչ արել են Հայաստան-Սփիւռք կապը խաթարելու համար` արգելելով նաեւ մեր սփիւռքահայ երիտասարդների մուտքը ՀՀ: Սա պատասխան է բոլոր նրանց, ում թւում է դաշնակցական երիտասարդներին ապօրինի կալանաւորելով կարող են զերծ պահել հայ ժողովրդի հաւաքական իրաւունքների համար պայքարելուց: Ամէն հարուածից յետոյ Դաշնակցութիւնը աւելի է ուժեղանում, ամրանում եւ ազգային նպատակներին հասնելու համար աւելի հետեւողական պայքար մղում», շեշտեց Սաղաթելեան, որուն համար բանակումները ժամանցային ճամբարներ չեն կամ  զբօսաշրջութեան այցելութիւններ, այլ՝ Դաշնակցութեան գաղափարներու դարբնոցներ են:

Նկատի ունենալով, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը մեր ժողովուրդի ճակատագրական պահերուն իր դերակատարութիւնը ստանձնած եւ պատիւով կատարած է՝ ան յայտնեց, թէ ինք վստահ է, որ «Վերադառնալու ենք» կարգախօսով այս բանակումն ալ իր դրական արդիւնքները պիտի տայ։

«Մենք հայրենիքի կողքին ենք` առանց ետ կանգնելու, առանց սահմաններ եւ հեռաւորութիւն ճանաչելու, անկախ նրանից, թէ այսօր ովքեր են ղեկավարում մեր երկիրը կամ ինչպիսի բռնաճնշումներով են փորձում մեզ լռեցնել», յայտարարեց Ժոր Աւդալեան` շեշտելով, որ դաշնակցական երիտասարդներուն համար ամէն ինչէ վեր են հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին ծառայելը: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայի բոլոր դժուարութիւններուն դաշնակցական երիտասարդներուն պատասխանը դաշնակցական կազմակերպուած երիտասարդութիւնն է` յստակ գաղափարով, գիտակցուած նպատակով եւ անվերապահ նուիրուածութեամբ:

Եզրափակիչ խօսքին մէջ Մհեր Գարագաշեան հաստատեց, որ պիտի վերադարձուի Արցախը, պիտի վերադառնան ռազմագերիները, «մենք ժողովուրդին կը վերադարձնենք յոյսն ու հաւատքը, այս մէկն է, որ պէտք է ընէ ՀՅԴ երիտասարդութիւնը»:

Ան յայտնեց, որ բանակումը կոչուած է Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը միաւորելու, ինչպէս նաեւ անցեալին, ներկային եւ ապագային միջեւ կապ հաստատելու:

«Դաշնակցութիւնը իր 135ամեայ պատմութեան ընթացքին չէ կորսնցուցած վճռականութիւնը, այդ պատճառով ալ անիկա հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար մղուած պայքարին մէջ յառաջատար ուժ դարձած է: Մենք պէտք է իրականացնենք իսկական Հայաստանի հայեցակարգը, կը շեշտեմ՝ իսկակա՛ն Հայաստանի, իրական, եւ ոչ թէ այլասերած ժողովրդավարութեան գաղափարը», ընդգծեց Մհեր Գարագաշեան:

Բացման արարողութենէն ետք մասնակցողները երթով ուղղուեցան դէպի Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանը, ուր ծաղիկներ զետեղուեցան՝ իբրեւ յարգանք անոր յիշատակին։