Հայաստանի Մէջ Կայանալիք Ընտրութեան Այլապէս Կարեւոր Լուսանցքին Վրայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Բազմաթիւ հոգեբաններ եւ իմաստասէրներ կարծիքներ յայտնած են, թագաժահրի (covid-19) ժողովուրդի հոգեկան աշխարհին վրայ ունեցած ազդեցութեան եւ հետեւանքներուն մասին: Ֆրանսայի մտաւորականութիւնը, անկախ ընթացող նախագահական ընտրապայքարէն, իր ուշադրութեան կեդրոնին կը պահէ ժողովուրդի ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ հոգեբանական առողջութիւնը:

Գիրքի մը մէջ ամփոփուած են մտաւորականներու կարծիքներ: Կողքին վրայ կը կարդանք` Les Rencontres Philosophiques de Monaco. LE CAHIER du (dé)confinement»: 140 էջ: Տպագրութեան յաձնուած է 2020-ին: Աշխատակցած են 19 մտաւորականներ եւ կը խօսին թագաժահրի պատճառով պարտադրուած մեկուսացման եւ անկէ դուրս գալու հետեւանքներու մասին:

Երբ գիրքը կը կարդայի, մտածեցի, որ Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդը, վերջին մէկ տարուան ընթացքին, թագաժահրի պատճառած ցնցումներու կողքին` մահեր, հիւանդներ, պարտադրուած մեկուսացում, գտնուեցաւ 44-օրեայ պատերազմի եւ անոր յառաջացուցած մահերու, պարտութեան, նիւթական վնասներու կողքին, նաեւ բացասական հոգեվիճակներու մէջ, որոնք կ’ընդգրկեն քաղաքական կեանքը, մանաւանդ հիմա,երբ Հայաստան կը գտնուի ընտրապայքարի մէջ:

Հոգեկան բազմաբնոյթ ընկճուածութեան (traumatismes) մթնոլորտի մէջ քաղաքացիին համար ի՞նչ բան կրնայ գերակշռող ըլլալ իր քուէով վստահութիւն յայտնելու կամ չյայտնելու համար: Ինչպէ՞ս ան կրնայ ճիշդ ընտրութիւն կատարել երկիրը հարուածած մթնոլորտին մէջ:

Իշխանութեան ձգտողները եւ մտաւորականութիւնը (հոգեբաններ, իմաստասէրներ, ընկերաբաններ, կրօնականներ) պէտք է խօսին բազմաբնոյթ հոգեբանական ընկճուածութիւններու եւ անոնց յաղթահարման մասին, ոչ միայն գրասենեակներու մէջ, այլ` երթալով դէպի ժողովուրդը: Մամուլը իր էջերը լայն պէտք է բանայ այս գծով կարծիքներու, պէտք է խօսիլ անհանգստութիւններու եւ անոնց յաղթահարման մասին (résilience):

Գաղթականները, պատերազմի զոհերը, գերիները, թագաժահրի պատճառով մահացածները սոսկ թիւ եւ վիճակագրութիւն չեն, մարդ են, ընտանիքի հայր, զաւակ, եղբայր: Բնական է, որ այս կացութիւնը ազդէ քաղաքացիի ընտրական որոշման վրայ:

Ընտրապայքարը եւ քաղաքացիին դատողութիւնը երկրի եւ ժողովուրդի այս հոգեբանական կացութեան մէջ ենթակայ են կիրքերու եւ դառնութիւններու, կը ստեղծեն լարուած մթնոլորտ: Դժբախտաբար, երբ կը հետեւինք հայաստանեան մամուլին, մեծ ու պզտիկ հեռատեսիլային պատկերներուն եւ խօսքերուն, հոգեբանական ընկճուածութիւնը կը շեշտուի, որ դրսեւորուելով` աննախատեսելի եւ վատ հետեւանքներ կրնայ ունենալ:

Պէտք է մտածել երկրէն փախուստի երեւոյթի  մասին, որ թիւերով տրուած մտահոգիչ ցուցանիշ է: Կրկին արտագաղթ:

Այս պայմաններուն մէջ միտքի մարզանք չէ խորհիլ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ երկրին, բնակչութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան կացութիւնը տասը տարի ետք: Նման նախատեսութիւն կամ պատկերացում ունենալու համար պէտք է մեկնիլ ոչ հռետորական վերլուծումներէ, այլ` առարկայական ազդակներէ, ինչ որ նախապայման է երկրի եւ անոր պետութեան ինքնուրոյն գոյութեան: Եթէ հետեւիք ընտրապայքարի ընթացքին արտայայտուած կարծիքներուն, փոխադարձ քննադատութիւններուն եւ մերկացումներուն, ամբաստանութիւններուն, անոնք կարծէք կը թուին ըլլալ նախերգանքը քաղաքացիական պատերազմի, իրապէս հաւատացեալ պէտք է ըլլալ, որ գերբնական ուժի մը փրկարար միջամտութեամբ հրաշք պիտի պատահի:

Ինչո՞ւ թաքցնել իրականութիւնը. Հայաստան խոր տագնապի մէջ է: Երգ, ցուցահանդէս, մարզախաղեր իրականութիւնը չեն վարագուրեր:

Տագնապի եւ զայն յաղթահարելու մասին այնքա՜ն կարծիքներ կան, մանաւանդ` ընտրապայքարի ամբոխավարական մթնոլորտին մէջ, բայց անոնք հրաշքի ակնկալութեան կամ բարիկամեցողութեան սահմանէն անդին չեն երթար: Եթէ զգացական մակերեսայնութենէն հեռանանք, պիտի հաստատենք, որ երկիր մը ոտքի պահող տուեալները թնճուկ դարձած են, խճճուած են:

Եթէ յոռետեսութիւն չհամարուի, կարելի է ըսել, որ երկիրը եւ ժողովուրդը կը գտնուին լաբիւրինթոսի մը մէջ, որուն ելքը առայժմ չի տեսնուիր: Գծե՞նք թնճուկը բաղկացնող հարցերու պատկերը. առողջապահական, տնտեսական, ռազմական, սահմաններու, աշխատանքի, կենսամակարդակի, անհաւասարութեան, անհատական ապահովութեան եւ երկրի անվտանգութեան, կրթական, մշակութային, փտածութեան, դիրքի չարաշահումներու… Մասնագէտներ կրնան տարբեր մարզեր ալ աւելցնել:

Բնական պայմաններու մէջ քաղաքական գործիչ մը, կամ ղեկավար մը կրնայ հրապարակ գալ եւ ըսել, որ ինք գիտէ, ատակ է լուծումներ գտնելու: Հայաստանի ներկայի պայմաններուն մէջ կախարդական ճիպոտով հարցեր չեն լուծուիր: Ոմանք, յապաղած մարգարէներ, կրնան նոյնիսկ հպարտութեամբ յայտարարել, որ իրենք նախատեսած էին այս կացութիւնը:

Անկախ տեսաբանական կամ ամբոխավարական ճառերէ` հարկ է խօսիլ տագնապի յաղթահարման մասին, rռsilience-ի մասին:

Բայց ինչպէ՞ս կարելի է խօսիլ յաղթահարման եւ անելէն դուրս գալու մասին, երբ ատելութիւն, կիրք, փոխադարձ մերժումներ դարձած են կանոն, որուն վրայ եկած ու նստած են նախախնամական առաջնորդ ըլլալու բազմապատկուող յաւակնութիւններ: Ոչինչ կը հնարեմ. հետեւեցէ՛ք Հայաստանի բազաթիւ հեռատեսիլային ալիքներէն սփռուող պատկերներուն եւ խօսքերուն:

Շուրջ երեք տասնեակ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու յաւակնութիւն ունեցողներ…

Ընտրապայքարի փոխադարձ մերժումներու պատկերը յստակացման մասին չի վկայեր:

20 յունիսի քուէարկութիւնը եթէ հրաշքով բիւրեղացման մը չյանգի` տեսանելի մեծամասնութեան մը ծնունդ տալով, թերեւս հարկ պիտի ըլլայ վերստին քուէարկել, կամ` ժամանակ մը երկիրը փորձել կառավարել երկու, երեք-չորս ուժերու համագործակցութեամբ, որ չի կրնար տեւել: Եւ կը շարունակուի անորոշութիւնը: Մեծ ճիգ պէտք չէ երեւակայելու հետեւանքները եւ յառաջանալիք անկառավարելիութիւնը:

Այս խորհրդածութիւններու սկիզբը խօսեցայ ժողովուրդի հոգեբանական կացութեան մասին: Բնական պայմաններու մէջ հարցախոյզերը նախատեսութիւններ կրնան ընել ընտրութեան մը արդիւնքի մասին: Բայց բազմաթիւ եւ զիրար խաչաձեւող պատճառներով հոգեկան ընկճուածութեան մէջ գտնուող քաղաքացիին կարծիքը եւ ընտրութիւնը չափանիշներու չեն հետեւիր, այլ` վերջին պահու տպաւորութեան եւ յոյսին:

Ներկայ պայմաններուն մէջ պերճանք է ըսել, որ` ժողովուրդը կ’որոշէ:

Հազարաւոր մահերով եւ նոյնքան հազարաւոր հաշմանդամներով, անապահովութեան եւ տնտեսական դժուարութիւններու մատնուած քաղաքացին ինչպէ՞ս պիտի կարենայ տրամաբանել եւ ընտրութիւն կատարել:

Վտանգը կրկին վերջին պահու ամբոխահաճական (populiste), պոպուլիստական աչք եւ տրամաբանութիւն շլացնող ճառը կրնայ ըլլալ:

Ամբոխահաճական ճառը վտանգ է իրաւ ժողովրդավարութեան համար: Ան կը խօսի բնազդներու եւ կիրքերու, որոնք միշտ ունեցած են անցանկալի հետեւանքներ, որոնք աւելի կը շեշտեն երկրի եւ ազգի գոյութեան սպառնացող վտանգները:

Հայաստտանի բազմագոյն «ղեկավարութիւններ»-ը, ընդդիմութիւն եւ իշխանութիւն, անկարող եղան մասնագէտներու եւ ոչ քաղաքական պիտակով առժամեայ կառավարութեամբ կազմակերպելու Ազգային ժողովի ընտրութիւնը` խուսափելու համար ամէն կարգի խոտորումներէ: Ափսո՜ս:

Հայաստանի մտաւորականութիւնը ինչո՞ւ ձայն չի բարձրացներ այս վտանգին դիմաց եւ հրապարակը ձգած է ամբոխավարական եւ մրցակցական աղմուկի:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.