Հայաստանի Կառավարութիւնը Անհեթեթ Բեռ Կ՛աւելցնէ Արդէն Իսկ Տառապեալ Արցախցիներու Վրայ
412
0
Յարութ Սասունեան
Կարծես թէ բռնի տեղահանուած արցախահայերու խնդիրները քիչ էին, հաշուի առնելով անոնց հարկադրաբար հեռացումը իրենց հայրենի հողէն եւ կրած հետագայ զրկանքները Հայաստան ժամանելէ ետք՝ բնակարանի, սնունդի, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու բացակայութեան պատճառով, ներկայիս ալ Հայաստանի կառավարութիւնը աւելորդ խնդիրներ կը ստեղծէ անոնց համար:
Երկար ժամանակ Հայաստանի քաղաքացի հանդիսացող արցախահայերուն Հայաստանի կառավարութիւնը յանկարծ ըսաւ, որ իրենք Հայաստանի քաղաքացի չեն, թէեւ ունին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ տրուած անձնագիրներ։ Բազմաթիւ արցախահայեր տարիներ շարունակ օգտագործած են իրենց հայկական անձնագիրները՝ առանց որեւէ հարցի արտասահման մեկնելու համար, որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանի եւ այլ երկիրներու իշխանութիւններ անոնց անձնագիրները ընդունած են իբրեւ հայկական եւ իսկական: Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ արցախցիները Արցախի մէջ ապրելու ժամանակ եղած են Հայաստանի քաղաքացիներ, սակայն Հայաստան ժամանելէ ետք՝ ոչ։
Աւելի մեծ խառնաշփոթութիւն ստեղծելով՝ Հայաստանի կառավարութիւնը այժմ արցախահայերուն կ՛ըսէ, թէ քանի որ իրենք Հայաստանի քաղաքացի չեն, կրնան հետագային դիմել՝ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու առաջարկով: Ասիկա կատարեալ անհեթեթութիւն է։ Ինչպէ՞ս կրնայ Հայաստանի քաղաքացին երկրորդ անգամ դիմել քաղաքացիութիւն ստանալու գործողութեան։ Եթէ ես՝ իբրեւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի, երկրորդ անգամ դիմեմ ԱՄՆ քաղաքացիութիւն ստանալու առաջարկով, Ամերիկայի պետական պաշտօնեաները զիս խենթ կը նկատեն եւ դուրս կը դնեն։
Կը կարծեմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, թաքնուած օրակարգ ունի արցախահայերը իբրեւ ոչ քաղաքացի վերաբերելու հարցով։ Ան կ՛ուզէ արգելք հանդիսանալ, որպէսզի արցախահայերը չկարենան քուէարկել Հայաստանի մէջ յառաջիկայ ընտրութիւններուն՝ գիտնալով, որ անոնցմէ շատեր պիտի չքուէարկեն իր կուսակցութեան թեկնածուներու օգտին, քանի որ Փաշինեանն է յանձնած Արցախը Ատրպէյճանին: Այժմ մենք ունինք լրացուցիչ ապացոյց, որ երկրի ղեկավարը ոչ միայն անկարող է, այլեւ կը խախտէ երկրին օրէնքները՝ յանուն քաղաքական շահերու։ Այս կը հաստատէ Հ.Հ. ներքին գործերու նախարարութեան յայտարարութիւնը՝ «Գաղթականի կարգավիճակ ունեցող անձը չունի ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք համապետական ընտրութիւններուն»։
Անցեալ շաբաթ, Հ.Հ. ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածեց՝ «Բռնի տեղահանուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն կողմէ յաճախ տրուող հարցերու պատասխաններ» ձեւաչափով։ Այս առաջին նախադասութեան մէջ արդէն սխալ կայ։ Արցախահայերը Հայաստանի քաղաքացիներ են, ոչ թէ Արցախի կամ Ատրպէյճանի։
Նախարարութիւնը փորձած է համոզել արցախահայերը՝ ընդունիլ գաղթականի կարգավիճակ՝ ըսելով անոնց, որ գաղթականի կարգավիճակ ունեցողները պարտաւոր չեն ծառայելու Հայաստանի զինուած ուժերուն։ Այսինքն՝ արցախահայերը, որոնք պէտք է ծառայեն Հայաստանի զինուած ուժերուն՝ իբրեւ Հայաստանի քաղաքացիներ, սխալմամբ ազատ կը կացուցուին զինուորական ծառայութենէ, ինչ որ Հայաստանի օրէնսդրութեան խախտում է։
Նախարարութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ իբրեւ գաղթական՝ արցախահայերը իրաւունք չունին ունենալու գիւղատնտեսական նշանակութեան հողեր։ Այս դրոյթը զանոնք կը զրկէ սեփական հողամասի մէջ սննդամթերք աճեցնելու հնարաւորութենէն, մինչդեռ անոնք անհրաժեշտ միջոցներ չունին սնունդ գնելու համար։
Նախարարութիւնը այնուհետեւ յայտարարած է, որ գաղթականները չեն կրնար մեկնիլ օտար երկիր։ Ասիկա նոյնպէս կեղծիք է, քանի որ արցախահայերը իրենց հայկական անձնագիրներով կրնան մուտքի անհրաժեշտ արտօնագիր ստանալէ ետք մեկնիլ որեւէ երկիր։ Որոշ երկիրներ, Ռուսիոյ նման, մուտքի արտօնագիր չեն պահանջեր Հայաստանի քաղաքացիներէ։ Հազարաւոր արցախահայեր արդէն լքած են Հայաստանը՝ պարզապէս ցոյց տալով իրենց հայկական անձնագիրները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանը, այնպէս ալ այլ երկիրներ ճանչցած են իրենց անձնագիրները իբրեւ ճամբորդական օրինական փաստաթուղթեր։
Այնուհետեւ նախարարութիւնը հակասած է ինքնիրեն՝ նշելով, որ «գաղթականի անձնագիրի ժամկէտը աւարտելու պարագային, զայն կարելի է թարմացնել՝ ներկայացնելով երկու լուսանկար եւ ժամկէտը անցած անձնագիրը»։ Ինչպէ՞ս կրնան արցախահայերը Հայաստանի մէջ երկարաձգել իրենց անձնագիրները, եթէ Հայաստանի քաղաքացի չեն եւ չունին հայկական անձնագիրներ։
Ուրիշ հակասութեան մը մէջ, նախարարութիւնը յայտարարած է, որ այն արցախահայերը, որոնք Հայաստանի քաղաքացի կը դառնան, չեն կորսնցներ գաղթականներու յատուկ՝ ընկերային աջակցութեան ծրագիրներէն օգտուելու կարելիութիւնը։ Միակ պահանջը այն է, որ անոնք դասակարգուին իբրեւ «տեղահանուածներ»: Եթէ անոնք չեն վտանգեր օգնութիւն ստանալու իրենց իրաւունքը Հայաստանի քաղաքացի դառնալէ ետք, ապա ինչո՞ւ զանոնք կը կոչեն գաղթականներ, այլ ոչ թէ քաղաքացիներ:
Անհաւատալի է, որ Արցախը յանձնելով եւ Հայաստանի մէջ Արցախի անունով որեւէ քաղաքական գործունէութիւն իրականացնելու արցախահայութեան իրաւունքները ճնշելէ ետք ներքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ Արցախի մէջ անոնց ունեցուածքային կորուստները «չեն անհետանար կամ դադրիր գոյութիւն ունենալէ մարդկային իրաւական կարգավիճակի փոփոխութեան հետեւանքով», նկատի ունենալով Հայաստանի քաղաքացիութեան ձեռք բերումը։ Դեռ յայտնի չէ, թէ արդեօք Հայաստանի կառավարութիւնը, զուտ խօսքերէ դուրս, պատրաստ կ՛ըլլա՞յ հայցեր ներկայացնելու միջազգային ատեաններ՝ պաշտպանելու համար արցախահայութեան սեփականութեան իրաւունքները։
Արցախահայերը, որոնք Հայաստանի քաղաքացիներ են, չափէն աւելի տառապած են եւ պէտք չէ զանոնք ծանրաբեռնել կառավարչական նման աւելորդ անհեթեթութիւններով։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Comments are closed.