Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկաթուղիներու կառավարման հարցով բանակցութիւնները սկսան
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներէն կազմուած աշխատանքային խումբը նոյեմբեր 17-ին Երեւանի մէջ գումարեց իր առաջին նիստը՝ քննարկելու Հայաստանի երկաթուղային համակարգին կառավարման եւ շահագործման հետ կապուած խնդիրները։
Հանդիպումը տեղի ունեցաւ փակ դռներու ետին։ Հայաստանի Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը յայտնեց, որ քննարկումներուն արդիւնքներուն մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն պիտի հրապարակուի։
Հայաստանի երկաթուղային ցանցը 2008-էն ի վեր կը գտնուի ռուսական պետական «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան հովանիին տակ գործող «Հարաւային Կովկասի երկաթուղի» ընկերութեան պայմանագրային կառավարման տակ։ Համաձայնագիրը կնքուած է 30 տարուան համար՝ տասը տարի երկարաձգելու հնարաւորութեամբ։
Աշխատանքային խումբը կազմուած էր հոկտեմբերին՝ երեք ամսուան ժամանակահատուածով քննարկելու համակարգին շահագործման եւ զարգացման խնդիրները։
Վերջին ամիսներուն Նիկոլ Փաշինեան դժգոհութիւն յայտնած էր ռուսական կառավարման հետեւանքներէն՝ պնդելով, որ գործող պայմանաւորուածութիւնները Հայաստանը կը զրկեն տնտեսական եւ ռազմավարական մրցակցային առաւելութիւններէ։ Ան առաջարկած էր նաեւ քննարկել երկաթուղիներու կառավարումը Ռուսիոյ բարեկամ երրորդ երկրի մը, մասնաւորաբար Ղազախստանի փոխանցելու տարբերակը։
Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան նոյեմբեր 17-ին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ դէմ գործող պատժամիջոցները եւ երկաթուղային ենթակառուցուածքներու վերականգնման անհրաժեշտութիւնը կը բարդացնեն Հայաստանի՝ տարածաշրջանային տարանցիկ երկիր դառնալու հեռանկարները։
Ան հարցը ներկայացուց իբրեւ տնտեսական, այլ ոչ թէ աշխարհաքաղաքական խնդիր՝ շեշտելով, որ Հայաստանը պէտք է դուրս գայ հաղորդակցական մեկուսացումէն։
Բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան տարածաշրջանային ճանապարհներու վերաբացման շուրջ ընթացող գործընթացներուն զուգահեռ։ Սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ ինչ փոփոխութիւններ պիտի կատարուին գործող պայմանագրին մէջ եւ ո՛վ պիտի ստանձնէ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքային ներդրումներուն պատասխանատուութիւնը։