Հայաստանի բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններէն ներս հայերէնի ուսուցումը իր պարտադիր վիճակէն դադրեցնելու հարցին մասին
Ի պատասխան՝ Կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի յայտարարութեան
Վարդի Դանիէլեան
Աշխարհահռչակ աստղաֆիզիկոս Վիկտոր Համբարձումյանի «Կտակը»
«Ինձ հաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծոռներիս կտակում եմ տիրապետել հայոց լեզվին: Ամեն մեկը պետք է իր պարտքը համարի ուսումնասիրել հայոց լեզուն, գրագետ լինի հայերենիցՙ անկախ այն բանից, թե քանի տոկոս է նրա մեջ հայկական արյունը: Այդ տոկոսը ոչինչ չի նշանակում: Մենք փոխանցում ենք սերունդներին ոչ թե արյուն, այլ գաղափարներ եւ գաղափարների մեջ ինձ համար ամենաթանկը հայոց լեզուն է: Այդ կապակցությամբ յուրաքանչյուր սերունդ պարտավոր է սովորեցնել հաջորդին հայոց լեզու: Գիտցեք, որ իմ կյանքի ամենամեծ երջանկությունը եղել է ու կմնա, քանի ապրում եմ, հայոց լեզվին տիրապետելը: Ցանկանում եմ երջանկություն բոլորիդ»:
Վ. Համբարձումյան
Երբ թշնամին չի յաջողիր դուրսէն հարուածել, կը դիմէ դաւադրութեան: Կը կաշառէ այնպիսի պաշտօններու վրայ գտնուողները, որոնց միջոցաւ հասանելի կ’ըլլայ առաջադրուած գերագոյն նպատակ մը: Այս պատեհապաշտօրէն ծրագրուած ու գործադրութեան փուլ հասած ռազմավարները, մանաւանդ՝ անհեռատես քաղաքականութիւն վարող կառավարարական պաշտօնատարներու համար, «իմաստուն փրկիչներ»ու դիմակ հագած կը կաշառեն նոյնիսկ իրենց իսկ մայրերը իրենց նպատակին հասնելու համար: Կը կաշառեն միլիառներու հասնող աներեւակայելի գումարներով, կարենալ տիրելու համար համաշխարհայնացմամբ բոլորը հաւասարեցնող այս անմշակոյթ, անգոյն ու անհրապոյր աշխարհին:
Եւ այս կ’ընեն ոչ միայն գումարներով, այլ՝ «յառաջդիմական այնպիսի եղծուած գաղափարախօսութեամբ, իմա՛ իբրեւ թէ մօտեռնիզացման համար ճամբայ ելած, որեւէ նորակազմ կամ «ջարդ ու աւեր տեսած երկրի» այս կամ այն տկարութիւնը, դժուարութիւնները սրբագրողի դերով, աշխարհի տնտեսութիւնը իրենց ափերուն մէջ պահածներու օտար բանակով, որոնք միջոցներուն մէջ տարբերութիւն չեն դրած ու պիտի չի դնեն երբէք, որպէսզի հասնին իրե՛նց առաջադրած նպատակին, եւ ոչ իրենց յայտարարածին:
Այս պարագային՝ Կարէն Սիմոնեանի խօսքերով, «Ազգային լեզուի եւ Ուղղագրութեան նկատմամբ ունեցած վերաբերմունքն է այն եզակի նախապայմանը, որ կարող է բացայայտել պետական իշխանութեան ճշմարիտ նուիրուածութիւնը Ազգային գերագոյն Շահին կամ՝ հակառակը՝ կարող է մերկացնել օտարի հետ եւ օտարի շահերին ծառայելու նրա պատրաստակամութիւնը:» (տե՛ս Կարէն Ա. Սիմոնեան, «Կրմլի յոյժ գաղտնի փաստաթղթերից մի քանիսը», Երեւան, «Նախիջեւան հրատ. 2003): Այսօրուան Կրթութեան նախարարի առած «քայլը» համազօր չի՞ հնչեր այս նոյն ռազմավարութեան, որուն կրողն է ինքը, պարոն Արայիկ Յարութիւնեանը, իր սովետականութեան պատկանողի օրերէն ի վեր, այսինքն՝ ազգի մը մշակութային ողնահարին՝ մայրենի լեզուին ոչնչացումը իր հոգեխառնութեան մէջ ձուլած, հոն, անոր հանդէպ անտարբերութիւն մշակած ազգակործան այս քայլով:
Հայաստանի առօրեայ լեզուին մէջ լողացող «Մօտեռնիզացում» ըսուածը ոչ այլ ինչ է, քան՝ գետնին հաւասարեցումը, չէզոքացումը ոչ միայն մեր, այլեւ՝ այնպիսի հարուստ մշակոյթներու, որոնց յարատեւումը կը սարսափեցնէ «մօտեռնիզացիայի» ջահակիրներու փաղանգը, որ օր մը չէ օր մը կրնայ աշխարհին պարզել այդ քարոզուածին ախտ մը ըլլալը, մերկացնելով անոնց ոչնչութիւնն ու աշխարհատիրակալութիւնը իբրեւ թիրախ ընտրողներուն իսկական դէմքերն ու ախորժակները::
Դժբաղդաբար, մեր «նոր քայլ արած» իշխանաւորները գաղափար ունի՞ն արդեօք 104 տարեկան Սփիւռքի պատմութեան, 600 տարուան ստրկութեան մէջ ողնահար պահող արեւմտահայութեան մասին. թէ՝ ի՞նչ կը նշանակէ նախընտրել, ե՛ւ լեզու, ե՛ւ կրօնք, հայու արժանապատուութիւն պահպանելու համար քաշքռտուիլ անապատի աւազներուն մէջ՝ ներբան պատռելով, քան՝ հաւատափոխ ըլլալ, ձեր լեզուով ասած՝ կաշի փրկելու համար:
Ոչ ոք կ’ակնկալէ, որ անկախութեան 27 տարիներու ընթացքին երեք ոճրագործ նախագահներու եւ իրենց մանկլաւիկներուն կողմէ կողոպտուելէ, անարգուելէ ետք, ձեր՝ իսկապէս զարթնեցնող, շնորհաւորելի «նոր քայլ»երէն ետք, կարենայիք ամէն բան մէկ տարուան ընթացքին հասցնել հոն՝բոլորին համար ցանկալի «ամենայն փրկիչ» ապահովութեան, եւ այս՝ ամէն ծիրէ ներս: Սակայն վստահ էինք, որ դուք, ձեր որեւէ կեցուածքով, չէիք կրնար դաւաճանել լեզուին՝ մեր լեզուի բարգաւաճման, զարգացման ու զայն մաքրամաքուր գործածութեամբ մեր հպարտութեան աղբիւրը դարձնող միջոցառումներով «քայլ» պահելով աշխարհի որեւէ զարգացած ժողովուրդի հետ: Այս կարելի կրնայ ըլլալ միմիայն խորացուած բարձրագոյն մակարդակի ուսումնասիրութիւններով, գրականագիտական խորացուած ուսումնասիրութիւններով. Ինչ որ կարելի չէ ապահովել երկրոդականի աւարտական դասարանի 16-17 պատանիներու լեզուի եւ գրականութեան ջնջին պաշարով: Մեր լեզուաբաններն ու գրականագէտները ա՛յս է, որ կ’երաշխաւորեն, իրենց բծախնդիր մօտեցումով լեզուն ու մշակոյթը կը մաքրեն, եւ առ տակաւ, կը սպասենք, որ զտուին ու բիւրեղանան սովետախառն արտայայտձեւերը, հեռատեսիլէն, մամուլէն, թղթակիցներու հայերէնէն, այնպէս՝ ինչպէս յաջողեցան ընել Վրաստանի մէջ…:
Լեզուն պահելու մեր մաքառումը նոր չէ. ցեղասպանութենէն առաջ՝մեր արեւմտահայ գաւառներուն մէջ, եւ անկէ ետք՝ սփիւռքի տարածքին մինչեւ այսօր: Շատ դիւրին է ձեզի համար, պարոն Յարութիւնեան, բեմերէն քարոզել մեզի հայ ազգի «ինքնուրոյն տեսակին» մասին, Քալիֆորնիա թէ այլուր, երբ դուք, մեր երկրին մէջ, բազմած՝ ձեր նախարարի հանգիստ աթոռին, մէկ գրիչի հարուածով ահա կը յաւակնիք աւերել այն՝ ինչ Թուրքը չյաջողեցաւ ընել արդէն 104 առաւել 600 տարիէ ի վեր:
Ա՞յս է ձեր առած «աւետաբեր ՔԱՅԼԸ», ձեր հրապուրիչ ՆԵՐԳԱՂԹի կանչն ու հրաւէրը, ուղղուած՝ սփիւռքի երիտասարդ սերունդին, որուն համար Հայաստանի մէջ մասնագիտանալու գլխաւորագոյն պատճառը մասնագիտութեան մը կողքին, հայերէնի եւ մեր պատմութեան տիրանալու ցանկութիւնն է, եւ վերջապէ՜ս, դառնալը՝ Հայաստանաբնակ ու Հայաստանակերտ, ու Հայաստանա-ամէն ինչ, մասնակցիլ քայլ առ քայլ հայրենիքի կառուցման՝ հայերէնո՛վ միայն: Մենք յոգներ ենք հայերէնը փնտռելէն մեր տուներէն դուրս, ու արդէն նաեւ՝ տուներէն ներս: Սփիւռքահայ ուսանողները ստուար թիւ են այսօր համալսարաններուն մէջ: Հարցուցա՞ծ էք երբեւէ իրենց, թէ հայերէնը որեւէ ձեւով կը խոչնդոտէ՞ իրենց ընտրած մասնագիտութեանց ըմբռնումն ու տիրապետումը անոր: Ուրեմն մենք՝ սփիւռքահայերս, չի կա՞նք ձեր առած «քայլ»-երու ծրագրումներուն մէջ…: Ահաւասիկ թէ ինչ արդիւնք կը սպասուի ձեր այս անհեթեթ որոշումով. դուք ոչ միայն լեզուի եւ գրականութեան պարտադիր կոչուած դասերն է որ կը ջնջէք, այլեւ՝ ինչ որ շա՜տ աւելի կարեւոր հետեւանքներու տանող բան. կը ջնջէք մասնաւորաբար՝ ՀԱՒԱ՛ՏՔԸ՝ հայերէնին հանդէպ, նոր սերունդին փոխանցուած համոզո՛ւմը, որ մեր լեզուն հայ ազգի փրկիչն է, եւ որ դուք ահա կը խողխողէք զայն…: Կը զիջիք լեզո՞ւն, որ Թուրքին հող ու հայրենիք տալու համազօր է…:
Վստահ եմ, ձեզի անծանօթ պէտք չէ ըլլայ մաքառում բառը, ինչ կը վերաբերի մեր արժէքներուն, եւ այս՝ 1970-ականներուն սկսած: Շատ հաւանաբար միմիայն լսած ըլլալու էք այդ մասին, առանց ապրած ըլլալու եւ թերեւս՝ բանտարկուելու, Սիպիր ղրկուելու մղձաւանջը՝ 1965-ին, Ցեղասպանութեան յիսնամեակի այդ լուսաւոր առաւօտուն եւ անոր յաջորդող օրերուն ու տարիներուն: Մաքառիլ, հայրենի հողին ու լեզուին վերջնականապէս տիրանալու համար: Յիշե՞նք մայրենիին հանդէպ անդաւաճան անուններ, Սիլվա Կապուտիկեան, Զօրի Բալայեան, Պարոյր Սեւակ, Գէորգ Էմին ու Համօ Սահեան, Վարդգէս Պետրոսեան առանց մոռնալու Ռաֆայէլ Իշխանեանը, որ ամէն վտանգ ու սպառնալիք աչքն առած, պայքարեցաւ առանց տեղի տալու խրատներուն, եւ զգուշացումներուն, եւ ամբողջ բանակ մը հեղինակաւոր ու վաստակաշատ գիտնականներ, թուաբանագէտներ, հայե՛ր, որոնց ազգային արժեհամակարգին շնորհիւ շահուածն է, որ մենք կը վայելենք այսօր…:
Իսկ մենք, սփիւռքի տարածքին, կը վերցնէինք ու ցայսօր կը վերցնենք աւելի՛, շատ աւելի ծանր բաժինը այդ պայքարին: Դուք հայրենի հողին վրայ էք, ուր հայերէնը կ’ապրի, կը շնչէ ու կը ներշնչէ, իսկ մենք՝ զրկուած ըլլալով անկէ, մեր մայրենին է, որ դարձուցած ենք հող ու հայրենիք, ստեղծելով մամուլ ու դպրոցներ, զորս պահելն ու անոնց գոյատեւելը երաշխաւորելը այլ մղձաւանջներ կը ստեղծէ օր ու գիշեր…:
Հաւատացինք, ու դեռ կը հաւատանք, թէ օր մը հայրենի մասնագէտներն ու մանկավարժները պիտի օգնութեան հասնին հետզհետէ անգտանելի դարձած մանկավարժ ուսուցիչներու եւ գիտնականներու հայթայթման…: Նախարարութեանդ անտարբերութիւնը մե՛ր պէտքերուն հանդէպ, աւելի քան աննախատեսելի էր…: Հոն ոչինչ կայ մեզի համար, ու մենք կրկին առանձին ենք մեր կարողականութեանց հետ: Իսկ մեր կողմէ ձեզի տրամադրուած նիւթական հոսքին համար դուք մեզի կը շռայլէք կեղծիք միայն, առաւել եւս, կեղծաւոր կը թուին նաեւ ձեր ամէն տեսակի հայապահպանական, հայրենասիրական ու ազգանուիրման մասին ձեր բարբաջանքները Հայաստանի՛ նոյնպէ՛ս եւ հայ գաղութներու մէջ՝ ձեր այցելութեանց ընթացքին: Որովհետեւ այդ Հաւատքի աւազանին մէջ կնքուած մեր ե՛ւ Գրաւոր Լեզուն, ե՛ւ ուղղագրութիւնը գլխաւոր միջոցներն են, որ մեզ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆԱՊԷՍ ձերբազատելու են «Չարիքի» առ տակաւ շարունակուող կայսրութեան ապազգայնացուցած մեր անցեալէն: Իսկ այդ ԼԵԶՈԻԻ իմացութիւնն ու իւրացումը կ’երաշխաւորուին միմիայն համալսարանական բուհերուն մէջ, շնորհիւ մեր սքանչելի գրականագէտ-գրող-բանաստեղծ դաստիարակներու:
Ինչպէ՞ս յուսադրուիլ, ինչպէ՞ս հաւատալ, որ մենք կրթութեան եւ գիտութիւններու նախարարութիւն ունինք, որուն միակ նպատակը իբրեւ թէ «դիւրացնել» է երկրին մասնագիտական, ձեր լեզուով՝ «թեքնոլոճիական» մակարդակը, որուն արդիւնքով ի՜նչ-ինչ ներդրումներ կ’ակնկալէք ի շահ՝ Հայրենիքի՞ն…:
Ի դէպ, հոս տեղին է յուշել, որ ֆրանսախօս Քէպէք նահանգը իր թիւ 101 օրէնքով պարտադիր կը դարձնէ ֆրանսերէնի գործածութիւնը ամենուրէք: Քանատայի պաշտօնական լեզուները հաւասար իրաւունքներով ֆրանսերէնն ու անգլերէնն են, բայց որովհետեւ Քէպէքը նահանգ է, եւ ֆրանսախօս փոքրամասնութիւն Քանատայի մէջ, շրջապատուած ըլլալով ամէն վայրկեան իր լեզուին սպառնացող անգլերէնով, մասնաւոր օրէնքներով պարտադիր կը դարձնէ անոր գործածութիւնը պաշտօնական թէ սովորական գործարքներու մէջ. (աշխատանքի մը դիմող անձ մը պարտաւոր է նախ՝ ֆրանսերէն գիտնալ): Մոնրէալը ունի 2 ֆրանսախօս եւ 2 անգլիախօս համալասրաններ, որոնց գիտական մակարդակը միջազգային համբաւ կը վայելէ: Այս համալսարաններու բոլոր դասաւանդած նիւթերը կը կատարուին ֆրանսերէնով: Անգլերէնով հրատարակուած որեւէ մասնագիտութեան վերաբերող գիրքեր, պարբերաթերթերն ու ամսագրերը կը թարգմանուին ֆրանսերէնի: Ոչ ֆրանսախօս դասախօսները կը խօսին ֆրանսերէն թարգմանիչ գործիքներու օժանդակութեամբ: Ուրեմն, ֆրանսերէնի պարտադրութիւնը նաեւ քաղաքական որոշում է, ինքնութիւնը պահելու եւ հիւսիսային այս անգլիախօս տարածքին մէջ չձուլուելու ռազմավարութիւն է: Հայաստանի թարգմանիչներու յարատեւ աշխատանք հայթայթած կ’ըլլաք, իսկ Հայաստանի լեզուաբանական կաճառին՝ մեր ճկուն հայերէնը հարստացնելու աշխատանք, նորագոյն ճարտարարուեստի բառակազմութեան համար: Կը մնայ մէկ բան. Հաւատա՛լ եւ համոզել բոլորը, որ մենք այսպէ՛ս երկիր կը կառուցենք:
Մենք քաջ գիտենք, թէ Նոր Հայաստանը, ինչպէս որ դուք կը սիրէք զայն կոչել, տակաւին պատրաստ չէ իր ուժերով սփիւռք պահելու: Մենք՝ սփիւռքահայերս պատրաստ ենք նո՛յն անխախտելի հաւատքով, եղունգներո՛վ ու ակռաներո՛վ եթէ պէտք է, պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնն ու գոյութիւնը, ապաւինելով միմիայն մեր արդէն սրբացուած ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻՆ, որուն դասական ուղղագրութիւնը ձեզ կը խանգարէ, կը շփոթեցնէ իբրեւ թէ դժուարահասանելի գիտութիւն, որուն ետին կը նախընտրէք անտեսել ամենակարեւո՛րը, որ կրթական նախարարութիւնդ պարտաւոր էր կատարել մեր անկախութեան առաջին իսկ օրէն, 1991-ին, Հայաստանը ազատ անկախ յայտարարելու օրն իսկ, որպէս Հայաստան-սփիւռք միացնող ուժ, զոր կը շարունակէք յամառօրէն «որերորդ կարգի դասել», ձեր ուղղագրութեամբ մեզ մեկուսացնել, մեզ ձեզմէ հեռացնել, այսինքն՝ միանալ ա՛յն խարդախ ու աղուէսադրոշմ քաղաքականութեան, որուն միակ նպատակը հայութիւնը աղճատել իսկ էր, հայը կտրելն էր իր միւս՝ սփիւռքի մէջ տարտղնուածներու արմատներէն: Արեւելահայերէնը կը կաղայ ու նահանջի մէջ է արդէն, իսկ դուք այդ քաղաքականութեան առ տակաւ կիրարկողը դարձած էք…: Պարո՛ն նախարար, ձեր խեղաթիւրուած տեսլականը կը խոչընդոտէ մե՛ր ՔԱՅԼԵՐԸ:
Մեր խոշտանգուած ու ցիրուցան եղած ժողովուրդը ի մի բերող կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները հաւատացին մեր լեզուի ուժին, եւ անկէ բխած կորովով կառուցին մեր 104 տարեկան սփիւռքը, որ այսօր թեւ ու թիկունք կը կանգնի այն հայրենիքին, որ վերջապէս ինքզինք կը յայտարարէ «ազատ ու անկախ»:
Եւ վերջապէս՝ պարոն նախարար, ունեցանք երազուած ու միմիայն մեզի՛ պատկանող հարազա՛տ հող, վերջապէս՝ հայերէ՛ն ամենուրէք, հայախօս ոստիկան ու վարորդ, փռապան ու դերասան, փողոցը զուարթացնող, հայերէնո՛վ խաղացող մանուկներ, ամեն տեղ հայեր, հայալեզո՜ւ…: Դուք գիտէ՞ք ատոր արժէքը սփիւռքահայուն համար, դուք նշմարա՞ծ էք թաց աչքերը անոնց, ի տես՝ այս իրակա՛ն ու շօշափելի հայրենիքին, որ երազ ըլլալէ դադրած է այլեւս, թեկուզեւ՝ արդէն խարդախուած՝ այսօ՛ր իսկ, դուրսէն թէ ներսէն, եւ շատ հաւանականութեամբ՝ դուք անտեղեակ՝ դուրսէն դէպի ներս խուժող աղէտէն, որ այնպիսի փայլուն ծրարներով ձեզի կը ներկայանայ որպէս «երկրի փրկիչ», նորագոյն աղուէսի քաղաքականութեամբ, ձեր ինքնասիրութիւնը միայն շոյող մէտալներու ու ծափերու խժալուր աղմուկին մէջ լռութեան մատնելով իւրաքանչիւր իմաստուն քայլ ի շահ՝ Հայաստանի: Ձեր առած «քայլ»երով մեր նորաբոյս երկրին հումքը կը խժռեք 70 տարի կորսուած համարելէ ետք այն արժանապատւութիւնը, որ այնքան դժուարաւ վերակերտուեցաւ մեր մեծ ու փոքր յաղթանակներով: Յուսադրել ու հաւաստիացնել երիտասարդութիւնը, թէ հայերէնի «բուհ»երէն վերացմամբ, հարցերը կը լուծուին… եւ թէ այդ է ուղին դէպի արդիականութիւն եւ աշխարհին հետ քայլ պահելու միջո՞ց, ինչպիսի՜ խաբկանքի մատնելով զանոնք:
Հոս սփիւռք է, տեղական կառավարութիւնները ամէն վայրկեան կը փորձեն կրճատել մեր հայերէնի պահերը: Մենք ամէն օր կ’ապրինք խառն ամուսնութիւններու արդիւնք՝ ոչ միայն ձուլման վտանգները, այլեւ՝ այլասերման վտանգները: «Արի տուն» սփիւռքի նախարարութեան ծրագրով Հայաստան այցելած մեր սկաուտ կամ պատանի տղաքը մեծ խանդավառութեամբ կը յիշեն իրենց կեցութիւնը, սակայն մեծ յուսախաբութեամբ կը խօսին Երեւանի ռուսերէնախառն եւ անգլերէնախառն հայերէնին մասին, կ’այպանեն, որ ամէն տեղ հայերէն տառերով օտարալեզու ազդեր կան, ճաշարանները դարձեր են ռեսթօրան, հիւանդանոցը՝ հոսբիթալ, փուռը՝ պէյքըրի, շուկան՝ մարքէթ: Անոնք ցանկ կազմած են, որ խօսակցական լեզուին քանի՞ տոկոսը մաքուր հայերէն է…: Հարց կուտան. այս ամէնը վերջին 28 տարուան մէջ, այսքան արագընթաց հայերէնի նահա՞նջ…:
Իսկ դուք, պարոն Յարութիւնեան, կարծես վէրքին վրայ աղ ցանելու պէս, կրթութեան նախարարութիւնդ, կարծես ամենագէտ, ամենակարող Աստուած ըլլար, կը յանգի ՄԵԶ ՈՒ ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՑՆԵԼՈՒ քաղաքականութեա՞ն…:
Հայերէնը Հայաստանի պաշտօնական լեզուն է ըսուեցաւ ու ամրագրուեցաւ, սակայն ոչ մէկ «քայլ առնող» մարմին, ոչ իսկ հին կամ նորագոյն վարչապետ ու նախագահ, չփորձեցին սփիւռքը հայրենիքէն վերջնականապէս հեռացնելու սովետական միտումնաւոր քաղաքականութիւնը սրբագրել: 1923-ին յայտարարուած եւ հլու հնազանդ կերպով գործադրուած տէքրէտը (decree)ն չեղեալ համարել, ու դասական ուղղագրութիւնը որդեգրել, որպէս միասնութեան առհաւատչեայ: Գիրքերու հեղինակները, իրե՛նք, եւ կարգ մը հրատարակչատուներ, իրենց «պիզնէսը» սփիւռք հասցնելու հետամտութեամբ, սկսան դասական ուղղագրութեամբ հրատարակել կարգ մը գործեր, բայց ասոնք ձեզ՝ մեր «կրթութեան նախարարութիւնը» չեն հետաքրքրեր, որովհետեւ իրեն վստահուած պաշտօնը հայերէնը նախ իր պարտադիր վիճակէն դադրեցնել է, իբրեւ թէ «թող բուհ»երու պատասխանատու տէքանները որոշեն, թէ զայն պարտադրե՞ն թէ՝ ոչ:» Այո, որպէսզի մեր հպարտութեան ու սքանչացումին արժանի մեր հեղինակաւոր գրականագէտները, լեզուաբաններն ու պատմաբանները փոխարինելու պատճառաբանութիւնը պատրաստ ըլլայ, որ առանց տափ-թմբուկի, անձայն ու անշշուկ հեռացուին անոնք եւ փոխարինուին «ձեզի հետ քայլ առնող» անգոյն ու անգրագէտ, փողով ու փորով լիցքաւորուածներու փաղանգով:
Հայաստանը մեր հայրենիքն է, թեկուզեւ՝ ռուսախառն ու անգլերէնախառն հայերէնի գործածութեամբ, թեկուզեւ «մօտեռնացման կիրքով գինովցած», կարծես հայերէնը թանգարանի պատկանած ըլլար, թեկուզեւ հետզհետէ բազմացող անտարբեր երիտասարդութեամբ, (քանիներ չէին գիտեր թէ ով է Մաշտոցը, Կոմիտասն ու Խորենացին, այս վերջի՞նս գիտէին. «հա, փողոցի անուն ա, էդ ա…»): Ասո՞ր է, որ կը ձգտի հասնիլ այսօրուան կրթութեան նախարարութիւնը…: Հաւատա՞լ ենթադրեալ «ճշմարտութիւն»ներուն, թէ խոստովանիլ, թէ դուք չէք, չէք կրնար նման դաւաճանութիւն ընել մեր այնքան դժուարութիւններէ ետք ձեռք բերած պետականութիւնը դաշունահարել ներսէն: Պարզապէս տակաւին շատ էք միամիտ, կարենալ հաւատալու ձեր ուժերուն ու անհաւատալի ստեղծագործական կարողականութեան, ուղեղի ներուժին, առանց նաւթահորերու ու բնական հարստութիւններու նուաճել գիտնալ ու զարգանել երկիրը, գիտակցօրէն եւ համոզումով, առանց տեղի տալու համաշխարհայնացման գլանին…:
ԶԱՐԳԱՆԱԼ՝ ԱՌԱՆՑ ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ… այս է Դաշնակցութեան գործելակերպի նշանաբանը, որ հիմնուած է 110 տարուան սփիւռքեան տաքն ու պաղը տեսած ու ապրած փորձառութեան վրայ: Դուրսինները միշտ աւելի գունեղ ու զուարթ են, երեւոյթո՛վ միայն, իսկ հիմա, սփիւռքը չէ որ կը վտանգուի, մեզ չեն կրնար խախտել, այլ՝ մեր այնքան տակաւին փխրուն, նորածիլ հայրենիքը: Կաշառքը միմիայն նիւթականով չ’ըլլար, այլ՝ մեզ իրենց ոլորտին մէջ բանտելու քաղաքականութեամբ ու գաղափարախօսութեամբ, որ անուն չունի, մինչեւ որ հասնին իրենց դարաւոր երազին. Հայաստանը՝ առանց հայի, որուն հասնելու առաջին «քայլը» նախարարութեանդ հրահանգ ու օրէնք դառնալիք հայերէնի ու հայոց պատմութեան վերացումն է համալսարաններէն:
Պարոն նախարար ժա՛մ է ոտքի կանգնելու եւ հայո՛ւ միտք ու մկանով, եթէ պէտք է արիւնո՛վ իսկ պաշտպանելու մեր մշակութային իւրաքանչիւր պատառ ու փշրանք, իւրաքանչիւր իրաւունք ու հաւատամքի կտոր, որոնք ազգը պահող միակ երաշխիքներն են, եւ կտրականապէս մերժել ներմուծուած համակարգերը ի գին՝ այս կամ այն գաղափարախօսութեան: Մենք պէտք եղած իմաստութիւնն ու փորձառութիւնը ունինք: Կարգը մեր բոլորի՛նն է, թէ՛ հայրենիք եւ թէ՛ սփիւռք, որ միասնաբար «քայլ առնենք» ու թոյլ չտանք նման անհեթեթութիւններու իրագործման:
Վարդի Դանիէլեան
Մանկավարժ-ընկերաբան
Մոնրէալ, հոկտ. 20, 2019