Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Պատմութեան ժամի յանձնախումբի կազմակերպած Բարեկենդանը համախմբած էր աւելի քան 100 փոքրիկներ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի Պատմութեան ժամի յանձնախումբին, Կիրակի, 15 Փետրուար 2026-ին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի աննախընթաց ձեռնարկ մը, ուր համախմբուած էին աւելի քան 100 փոքրիկներ, իրենց ծնողներուն ընկերակցութեամբ:

Սրահին մէջ տեղակայուած էին զանազան խաղերու եւ ձեռային աշխատանքներու կրպակներ, ինչպէս նաեւ դէմքի նկարազարդման կրպակ մը: Փոքրիկները, ըստ իրենց նախասիրութեան, նախ մօտեցան կրպակներուն եւ վայելեցին անոնց մատուցած զբաղումները, որմէ ետք առաջին անգամ ըլլալով մոնթրէալահայ Թամար Փանոսեանի հեղինակած եւ Սիլվա Խաչերեանի նկարազարդած «Բարեկենդան» մանկապատանեկան պատմութեան գիրքը հնչեց, կատարողութեամբ Պատմութեան ժամի յանձնախումբի վարչական ներկայացուցիչ Մեղրի Պագարեան-Քիլէրճեանի: Գիրքը հաճելի կերպով կը փոխանցէ Բարեկենդանի խորհուրդն ու անոր կապուած սովորութիւնները, հետեւաբար գիրքին ձեռնհաս ներկայացմամբ, Պագարեան յաջողեցաւ երեխաներուն ծանօթացնել ու ապրեցնել տօնին կապուած հայկական աւանդութիւնները:

Ապա տեղի ունեցաւ ծնողք-երեխայ «Թամզարա» պարի աշխատանոց մը, գլխաւորութեամբ յանձնախումբի ատենապետուհի Սօսէ Պուճագեանի եւ օժանդակութեամբ յանձնախումբի միւս անդամներուն:

Մեծ խանդավառութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ երեխաներուն կողմէ իրենց մարմնաւորած տարազին ու անձնաւորութեան ներկայացում, որուն աւարտին ընտրուեցան 3 լաւագոյն տարազակիրներ: DJ Առէնին մասնակցութիւնը ստեղծեց բաւական ճոխ մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ՝ նկարահանումի կրպակը (VKapture), ուր փոքրիկները առիթ ունեցան Բարեկենդանի տարազներով յիշատակի նկարներ ունենալու:

Համազգայինի Քեպէգի «Սանահին» մասնաճիւղի «Անի» պարախումբի յանձնախումբի անդամները ստանձնած էին խմորեղէնի վաճառքի կրպակը, որմէ երեխաները վայելեցին ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ թխուածքները:

Նշենք, որ սոյն ձեռնարկը կու գայ վերյիշեցնելու եւ վերակենդանացնելու վերջին տարիներուն անշքացած Բարեկենդանի տօնը, հաւատարիմ մնալով Համազգայինի առաքելութեան՝ վերաշխուժացնելու եւ վերապրեցնելու մեր հայկական տօները, մշակոյթն ու սովորութիւնները:

Նշենք նաեւ, որ վերոնշեալ «Բարեկենեան» գիրքը ստանալու համար կրնաք դիմել Համազգայինի Գրատարածին:

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ
«Հորիզոն»