Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2022-2026 քառամեակի Ա. լիակազմ ժողով

11, 12 եւ 13 Նոյեմբեր 2022-ին,   Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Լիբանանի մայր գրասենեակին մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2022-2026 քառամեակի Ա. լիակազմ ժողովը: Ժողովին յատուկ օրակարգերու տակ իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան եւ Մարսէյի Ճեմարաններուն, Համազգայինի Երեւանի եւ Արցախի գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ «Վահէ Սէթեան» տպարանին ու հրատարակչատան տնօրէնները։

Լիակազմ ժողովը առաջին հերթին հետեւեցաւ Համազգայինի շրջաններու գործունէութեան եւ տեղեկագրական զեկուցումներուն, քննարկելով անոնց աշխատանքային ընթացքը եւ ապագայի ծրագիրները: Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ անկախ տնտեսական, կենցաղային եւ քաղաքական դժուարութիւններէ, Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնները՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն, նոյնն է պարագան Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն, Յունաստանի եւ Կիպրոսի, ուր Համազգայինի գործունէութիւնը, երիտասարդ համազգայնականներու ներդրումով կը ծաւալի: Գնահատուեցան Ֆրանսայի Իսի լէ Մուլինոյի եւ Ռուսիոյ նորաստեղծ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ Քուէյթի Մեկուսի կազմի յուսադրիչ աշխատանքները:

Հարաւային Ամերիկայի եւ Եւրոպայի կարգ մը կառոյցները կազմակերպական յաւելեալ ճիգ եւ ուշադրութիւն կը պահանջեն։ Անոնց վերակազմակերպումը Կեդրոնական Վարչութեան օրակարգի կարեւոր խնդիրներէն պիտի ըլլայ քառամեայ գործունէութեան ընթացքին:

2023-ը կը զուգադիպի Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին եւ պաշտօնաթերթ «Բագին» գրական հանդէսի 60-ամեակին, առ այդ որոշուեցաւ զոյգ առիթները զանազան նախաձեռնութիւններով եւ ձեռնարկներով պատշաճօրէն նշել Համազգայինի շրջաններուն, ինչպէս նաեւ հայրենիքի մէջ:

Ժողովը քննեց Մայիս 2022-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համազգայինի Թ. Պատգամաւորական ժողովի բանաձեւերը: Կրթական խնդիրներու գլխուն տակ, արծարծեց Կեդրոնական Վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու ելեւմտական, վարչական եւ ուսումնական խնդիրները: Տեղի ունեցաւ Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան, Մարսէյի եւ Սիտնիի Ա. եւ Ս. Գոլստըն Ճեմարաններու հայեցի դաստիարակութեան հարցերու քննութիւնը եւ այդ հաստատութիւններու տնօրէններուն եւ անձնակազմի աշխատանքներու գնահատականը: Յատկապէս գնահատուեցաւ 22 Հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցած Համազգայինի Մարսէյի Ճեմարանի երկրորդ շէնքի հիմնարկէքը, ուր կարելի պիտի ըլլայ ընդունիլ մեծ թիւով աշակերտներ, որոնք կը փափաքին իրենց ուսումը ստանալ այս երկլեզու  հաստատութեան մէջ: Ժողովը քննեց Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի շինարարական կենսական ծրագիրներու թղթածրարը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տնտեսական տագնապին հետեւանքով, Ճեմարանի նիւթական հսկայական դժուարութիւնները եւ անոնց մեղմացման միջոցները։ Գնահատանքի արժանացաւ նաեւ Պէյրութի «Ռաֆֆի եւ Անելկա  Արսլանեան Մանկամսուր»-ի արձանագրած թիւի աճը:

Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ նաեւ Իսի լե Մուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի գործունէութիւնը եւ այս գծով որոշուեցաւ շարունակել Համազգայինի յանձնառութիւնը այդ հաստատութեան նկատմամբ:

Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի եւ հայոց պատմութեան  ապագայ ուսուցիչներ պատրաստելու ծրագիրին առնչութեամբ, ժողովը որոշեց թափ տալ Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ գործակցութեամբ իրականացուող Համազգայինի հայագիտութեան մագիստրոսական ծրագրի քարոզչութեան: Ծրագիրը արդէն սկսած է տալ շօշափելի արդիւնքներ, եւ իրենց հայագիտութեան մագիստրոսական ուսումը աւարտած երիտասարդներ այժմ կը պաշտօնավարեն սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ։ Սոյն ծրագիրի ծիրին մէջ կը շարունակուի նաեւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին հետ գործակցութիւնը: Նոյնպէս, սփիւռքի տարածքին գործող հայկական վարժարաններուն համար տնօրինական մասնագիտացած անձնակազմ պատրաստելու միտումով, ժողովը հաստատեց դպրոցական վարչագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիրին յաւելեալ քարոզչութիւն կատարելու աշխատանքին կարեւորութիւնը:

Ժողովը առանձնաբար քննեց Համազգայինի այլ հաստատութիւններուն` «Վահէ Սէթեան» տպարանին, հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին գործունէութիւնը եւ կարեւոր նկատեց յատկապէս գրատարածի առաքելութիւնը՝ հրատարակուած գիրքերն ու դասագիրքերը աշխարհասփիւռ ընթերցասէր հանրութեան եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան հասցնելու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ հրատարակչական մարզին մէջ արդիականացման միջոցներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս օրինակ ելեկտրոնային գրադարանին յաւելեալ աշխուժացումը եւ ընդարձակումը:

Անդրադառնալով «Բագին»-ին` գրական հանդէսի 60-ամեակին նշումի կողքին ժողովը որոշեց յատուկ քարոզչութեամբ տարածել «Բագին»-ի նորաստեղծ կայքէջը, որ կը բովանդակէ պարբերաթերթի 60 տարուան թուայնացած հսկայ արխիւը։

Կազմակերպական գրասենեակներու օրակարգով, ժողովը քննեց Պէյրութի, Հայաստանի, Արցախի գրասենեակներու գործունէութիւնը:

Քննուեցաւ նաեւ «Լալան ու Արան» մանկական խաղերու պատրաստութեան աշխատանքները, նորաստեղծ «Մտամարզ» խաղը եւ ընդհանրապէս մանկավարժական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու գործադրութիւնը, որոնք կը գործադրուին «Համազգայինի մանկավարժական արդիական ծրագիրներու բաժանմունք»-ին կողմէ:

Յատուկ քննութեան ենթարկուեցաւ «Հ-Բեմ» համացանցային երիտասարդական մշակութային հարթակի աշխատանքը, ընդգծելով այս նախաձեռնութեան հիմնական կարեւորութիւնը՝ սփիւռքեան մաշումին ու ձուլումի ենթակայ նորահաս սերունդները հայ մշակոյթի ոլորտին մէջ պահելու Համազգայինի առաքելութիւնը արդիւնաւէտ կերպով գործնականացնելու տեսանկիւնէն:

Ապա ժողովը անդրադարձաւ Համազգայինի երիտասարդական երեք ծրագիրներու՝ Ուսանողական Հաւաքին (Ֆորում) Հայաստանի մէջ, ԱրթԼինքս Երիտասարդական Ցանցին՝ Հիւսիսային Ամերիկա եւ Եութլինքս-ին՝ Եւրոպայի մէջ։ Ժողովը ընդգծեց, որ նշեալ երեք ծրագիրներն ալ հայ երիտասարդութիւնը յաջողապէս կ’առնչեն Հայաստանին, հայկական մշակոյթին եւ ինքնութեան։ Ուստի, ժողովը որոշեց ճիգ ու միջոցներ չխնայել, այդ ծրագիրները առաւել յաջողութեամբ պսակելու համար։

Կեդրոնական Վարչութիւնը հաստատեց, որ մօտէն պիտի հետեւի Արեւելեան Ամերիկայի մէջ կազմակերպուող Համազգայինի «Փեթակ» ճամբարին, որ արեւմտահայերէնով ամառնային դաստիարակչական ծրագիր է եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը իր կարեւոր ծրագիրներէն մէկը կը նկատէ:

Քարոզչական հարցերու օրակարգով, ժողովը ընդգծեց Համազգայինի գործունէութեան քարոզչութեան թափ տալու եւ միութեան աշխատանքներուն մասին հանրութիւնը շարունակականօրէն իրազեկ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը։

Վերոյիշեալ լայնածաւալ ծրագիրներուն իրականացման համար, հիմնական կերպով քննարկուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան ելեւմտական իրավիճակը եւ հարկ եղած ֆինանսաւորումի ապահովման պահանջքն ու միջոցառումները։ Յատուկ օրակարգով քննութեան առարկայ դարձաւ Համազգայինի հիմնադրամներու վերակազմաւորման պահանջքը։

Վերոնշեալ հարցերու քննութիւնն ու անոնց գործադրութիւնը մաս կը կազմեն Համազգայինի ռազմավարական ընդհանուր ծրագիրին, որուն այժմէականացումը կատարուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ: Առ այդ, որդեգրուեցաւ Համազգայինի ռազմավարական ընդհանուր ծրագիրը, որ իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայէ Համազգայինի գործունէութեան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ 
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.