Համազգայինի Գանատայի կառոյցի 47-րդ Շրջանային Ժողովը ընտրեց 2026-2028 երկամեակի նոր շրջանային վարչութիւնը
- (0)

ՔԻՆԿՍԹԸՆ.- Շաբաթ, 22 օգոստոսին, Քինկսթընի մէջ գումարուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի կառոյցի 47-րդ Շրջանային Ժողովը՝ մասնակցութեամբ Մոնթրէալի «Սանահին», Թորոնթոյի «Գլաձոր», Գէյմպրիճի «Տաթեւ» եւ, առցանց դրութեամբ, Վանքուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղերու շուրջ 30 պատգամաւորներու եւ հիւրերու։
Ժողովին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Գանատայի ներկայացուցիչ ընկհ. Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։ Առցանց մասնակցեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ եւ Համազգայինի մօտ ներկայացուցիչ ընկհ. Մարալ Մինասեան Քիւլլահեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Քրիստին Աֆարեան։
Ժողովը քննեց անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնը, բարձր գնահատեց շրջանաւարտ կազմի աշխատանքը եւ ճշդեց յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւնները։
Աւարտին, 2026-2028 տարեշրջանին համար ընտրուեցաւ եօթ անդամներէ բաղկացած նոր Շրջանային Վարչութիւնը՝ Թամար Շահինեան, Ծովիկ Կուտեան, Մարալ Պէրպէրեան եւ Կարին Գասապեան՝ Մոնթրէալէն, Ալին Տօնապետեան եւ Արազ Հասըրճեան՝ Թորոնթոյէն, իսկ Ռիթա Արըքեան՝ Գէյմպրիճէն։