Հաղորդագրութիւն Համազգայինի Գանատայի Շրջանի 46-րդ Արտակարգ Շրջանային Ժողովի

Կիրակի, 8 փետրուար 2026-ին, Քինկսթընի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գանատայի շրջանի 46-րդ արտակարգ Շրջանային ժողովը, ներկայութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Թամար Տօնապետեանի եւ առցանց հեռակայ մասնակցութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ ընկհ. Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեանի։

Ժողովին հիւրաբար ուղիղ եթերով իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Քիւլլահեան։ Նշենք նաեւ թէ ժողովին հիւրաբար ներկայ էր Համազգայինի «Բագին» Պարբերաթերթի Խմբագիր՝ ընկհ. Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան։

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամներէն բացի, ժողովին ներկայ էին Համազգայինի Գանատայի շրջանի Քեպէգի «Սանահին» եւ Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները եւ առցանց իրենց մասնակցութիւնը բերին Գէյմպրիճի «Տաթեւ» եւ Վանգուվըրի «Վարագ» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները։

Ընկհ. Թամար Տօնապետեան Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ամփոփ տեղեկագրի ներկայացման աւարտին անդրադարցաւ թէ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը օրինակելի կը նկատէ եւ բարձր կը գնահատէ Գանատայի շրջանը իր բերած շինիչ գաղափարներուն, իր աշխոյժ ու արդիւնաբեր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան ի նպաստ նիւթական եւ բարոյական ներդրումին համար։

Ժողովի ընթացքին Համազգայինի ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ գործունէութեան քննարկումէն ետք, օրակարգի յստակ կէտերով տեղի ունեցան Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ապագայ գործունէութեան ծրագրման առաջարկներ՝ կրթական, մշակութային, տնտեսական, կազմակերպական, քարոզչական եւ այլ գործունէութեանց առնչութեամբ։

Ժողովի աւարտին, շրջանէն երեք պատգամաւորներ ընտրուեցան ընկերներ՝ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, Ռուբէն Սարգիսեան եւ ընկհ. Էօժենի Բարսեղեան։

Սոյն ժողովէն բխած բանաձեւերը շրջանի երեք պատգամաւորներուն կողմէ պիտի ներկայացուին Համազգայինի (Ժ.) 10-րդ Պատգամաւորական ժողովին, որուն բացումը տեղի պիտի ունենայ 28 մայիսին, իսկ ժողովը՝ 29-31 մայիսին, Երեւան։

Նշենք թէ Պատգամաւորական ժողովին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ «Բագին» Պարբերաթերթի Խմբագիր՝ ընկհ. Սոնիա Քիլէճեան-Աճէմեան եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Թամար Շահինեան։

Ժողովը փակուեցաւ ընկհ. Թամար Տօնապետեանի շնորհակալական խօսքով. ան անդրադարձաւ շինիչ առաջարկներուն մասին, որոնց շնորհիւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը նո՛ր խանդավառութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, մի՛շտ հաւատարիմ մնալով իր բնաբանին՝ «Լոյսով՝ լոյսին»։

Համազգայինի Գանատայի Շրջանային Վարչութիւն