Հալէպի մէջ զինադադար հաստատուած է
- (0)

Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ Հալէպի մէջ քանի մը օր շարունակուած ուժգին բախումներէն ետք որոշում տրուած է դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները։ Քրտական զինուած ուժերուն տրուած է քանի մը ժամ՝ Հալէպի թաղամասերը լքելու համար։
«Սուրիական Ժողովրդավարական Ուժեր»-ը ցարդ կը մերժեն լքել իրենց դիրքերը, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Սուրիոյ կառավարական զօրքերուն եւ քրտական կազմաւորումներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով առնուազն 21 քաղաքացի զոհուած է, իսկ հազարաւոր բնակիչներ հարկադրուած են լքել իրենց տուները՝ փրկուելու մարտական գործողութիւններէն։
Նախատեսուած էր, որ քրտական ստորաբաժանումները՝ Սուրիոյ նոր ղեկավարութեան հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան համաձայն, մինչեւ 2025 թուականի աւարտը պէտք է համալրուէին կառավարական բանակին կազմին մէջ, սակայն վերջին օրերուն կողմերը փոխադարձաբար մեղադրած են զիրար այդ գործընթացի ձախողման համար։
Սուրիոյ նախագահ Ահմետ աշ-Շարաան, ստեղծուած իրավիճակի պայմաններուն մէջ, հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ, ինչպէս նաեւ Քրտական Ժողովրդավարական Կուսակցութեան ղեկավար Մասուուտ Պարազանիի՝ ուշադրութեան կեդրոնը պահելով շրջանի կայունութիւնը։ Շարաան շեշտած է խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան, Հալէպի մէջ անվտանգութեան ապահովման եւ երկրի վերակառուցումը խոչընդոտող ապօրինի զինուած միջամտութիւններու դադրեցման անհրաժեշտութիւնը։ Պարզանիի հետ իր ունեցած զրոյցի ընթացքին, աշ-Շարաան աւելցուցած է, որ որ քիւրտերը սուրիական ընկերութեան անբաժան բաղադրիչն են եւ պիտի վայելեն իրենց քաղաքական, ազգային եւ քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները, այնպէս ինչպէս սուրիական ընկեդութեան մնաացեալ բաղադրիչները, առանց խտրութեան, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Հալէպի մէջ կառավարական եւ քրտական ուժերուն միջեւ շարունակուող բախումներուն հետեւանքով տեղի ունեցած պայթումի պատճառով նիւթական վնասներ կրած են քաղաքի հայաբնակ Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ թաղամասերը։ Վիրաւորներ կամ զոհեր չկան, իսկ վնասները բացառապէս նիւթական բնոյթ ունին։