Հալէպի հայաբնակ շրջանները նիւթական վնասներ կրած են

Հալէպի մէջ կառավարական եւ քրտական ուժերու միջեւ շարունակուող բախումներուն հետեւանքով տեղի ունեցած պայթումի արդիւնքով նիւթական վնասներ կրած են քաղաքի հայաբնակ Շէյխ Թահա եւ Վիլլաներ թաղամասերը, կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Վիրաւորներ կամ զոհեր չկան․ վնասները բացառապէս նիւթական բնոյթ ունին։

Կը նշուի, որ ներկայիս Հալէպի մէջ կը պահպանուի զգուշաւոր հանդարտութիւն, թէեւ երբեմն կը շարունակեն լսուիլ կրակոցներու ձայներ։

Սուրիական բանակը յայտարարած է, թէ յունուար 8-ին, ժամը 13:30-էն սկսեալ եւ մինչեւ յետագայ ծանուցում, Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ, Աշրաֆիէ եւ Պանի Զէյտ թաղամասերուն մէջ կը սահմանուի պարետային ժամ։

Յունուար 6-ին Հալէպի մէջ բախումներ սկսած էին քիւրտերու գլխաւորած Սուրիոյ Դեմոկրատական Ուժերուն եւ սուրիական բանակին միջեւ, որոնք յանգեցուցած էին քաղաքացիական բնակչութեան մէջ զոհերու եւ լայնածաւալ նիւթական վնասներու։