«Հալէպը սփիւռքի ծաղիկն է, զոր պէտք է պահել, ջրել, աճեցնել տեւաբար, վաղը կամ միւս օր անոր ընծայելիք բարիքները վայելելու համար». Լեւոն Շառոյեան (Ա. մաս)
- (0)

Լեւոն Շառոյեան դասախօս է Հալէպի Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկէն ներս 2000 թուականէն իվեր, ուր կ’աւանդէ հայերէն լեզու, սփիւռքահայ գրականութիւն եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն։ Ան Հայ գրականութեան ուսուցիչ է նաեւ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրդ․ վարժարանին մէջ (2014-էն ցայսօր) եւ այցելու դասախօս՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հայագիտական Դասընթացքներ»-ուն (2018-էն իվեր): Բազմաթիւ բանախօսութիւններ տուած է Սուրիա եւ այլուր, ունի հրատարակուած տասնեակ մը գիրքեր ու մամուլի մէջ ցրուած մեծաթիւ յօդուածներ, առաւելաբար՝ գրավերլուծական ու գրաքննադատական։ Տակաւին անտիպ կը մնան իր տարաբնոյթ ուսումնասիրութիւններէն շատեր: Ան նաեւ խմբագրած ու վերահրատարակութեան պատրաստած է 15 հատորանի շարքը Թէոդիկի համբաւաւոր Տարեցոյցներուն (1907-1925), որոնք 2006-էն սկսեալ հերթաբար լոյսին բերուած են Հալէպ, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան պաշտօնական մատենաշարով։
Ստորեւ կը ներկայցնենք «Հորիզոն»-ի 2025-ի ամանորեայ բացառիկ թիւին մէջ լոյս տեսած յատուկ հարցազրոյցը Լեւոն Շառոյեանի հետ։
«Հորիզոն».- Պարո՛ն Շառոյեան, Սուրիոյ տագնապի ամբողջ ընթացքին դուք մնացիք եւ գործեցիք Հալէպի մէջ. պատերազմի սպառիչ տարիներէն ետք, այսօր ի՞նչ իրավիճակ կը պարզէ մեր հայ գաղութը Հալէպի մէջ:
Լ.Շ.- Այո՛, 2011-ին ծայր տուած Սուրիոյ պատերազմը թէ՛ ծանրօրէն հարուածեց գաղութիս ազգային բարգաւաճ կեանքը, թէ՛ ալ, անհատական գետնի վրայ, տարտղնեց բազմահարիւր հայ ընտանիքներ, քշեց կամ նետեց զանոնք մօտ ու հեռու օտար ափեր…։
Հալէպահայութեան 65-70 առ հարիւրը գաղթի դիմեց։ Ոմանք իրենց շունչը առին դրացի Լիբանանի մէջ, ոմանք պաշտօնապէս գաղթեցին Գանատա ու Աւստրալիա, աւելի ճարպիկները` իրենց ընտանիքին համար յաջողեցան կայք ապահովել Եւրոպայի սա կամ նա երկիրը։ Հիմա անոնք բոլորն ալ կ’ըսեն, թէ ուրախ են, արդէն կ’աշխատին, սորված են տեղական լեզուն, ընտելացած են նոր միջավայրին եւ այլն։ Արեւմուտքը կը հրապուրէ մասնաւորաբար երիտասարդները։ Սակայն «որդ» մը կայ, որ շարունակ կը կրծէ զիրենք. ատիկա Հալէպի կարօտն է։ Մեր քաղաքին ընկերային տաքուկ մթնոլորտը, մարդկային յարաբերութիւններուն որակը, բայց մա՛նաւանդ հայկական տոհմիկ շրջանակի անփոխարինելի ջերմութիւնը կորսուած ու անվերագտնելի արժէք մը կը մնայ գաղթողներուն համար։ Ճիշդ այս պատճառով ալ, բոլոր արտագաղթողները շատ մօտէն կը հետեւին Հալէպի կամ Սուրիոյ հայկական լուրերուն, որովհետեւ իրենց սրտին կէսը հո՛ս թողած են…։
Գաղթող զանգուածին մէջ կար անշուշտ մեծ հատուած մըն ալ, որ նախընտրեց Հայաստան հաստատուիլ։ Այս քայլը ողջունելի էր, որովհետեւ թէ՛ բնական էր հայրենի կտուրին տակ ապրելու տենչը, նախընտրութիւնը, թէ՛ ալ ապահովութիւն մըն էր ատիկա ընտանիքի երեխաներուն կամ դպրոցական տարիքի պատանիներուն ազգային ինքնութեան պահպանման տեսակէտէն։ Այսօր, սուրիահայերու կարեւոր ներկայութիւն մը կը տեսնէք Երեւանի մէջ, եւ բոլորն ալ գոհ են առհասարակ, տարեցները կը վայելեն նաեւ պետութեան նիւթական հոգածութիւնը։ Առաւելութիւն մը, որմէ զրկուած էին Սուրիոյ մէջ։
Մեր մայր գաղութին թիւը նօսրացած է անշուշտ։ Մարդահամար չէ եղած, ու ճշգրիտ թիւեր կամ տուեալներ տալու կարելիութիւն չունիմ։ Սակայն աչքի առջեւ ունինք 3 պարագաներ, որոնք ինքնին խօսուն են։ Մին` Նոր Գիւղ հայաշատ թաղամասի հայաթափումն է։ Հարիւրաւոր հայ ընտանիքներ հեռացան հոնկէ անվերադարձ, չքացաւ նաեւ տեղւոյն հայ արհեստաւորութիւնը։ Այդտեղի ազգային Զաւարեան ու Սահակեան վարժարանները հարկադրաբար փակուեցան։
Երկրորդ պարագան դպրոցներու աշակերտութեան թիւն է։ Մեր այն վարժարանները, որոնք պատերազմէն առաջ 1200-ի չափ աշակերտ ունէին, ներկայիս գիրկ բացած են հազիւ 250-300 աշակերտի…։ Այս թիւերը գաղութին համրանքին հարազատ հայելին են։
Երրորդ պարագան ալ պսակադրութիւններն են, որոնք խիստ նուազած են տասը տարիէ, թէ՛ տնտեսական պատճառներով եւ թէ՛ երիտասարդ տարրին արտագաղթին հետեւանքով։ Պսակներու նուազումը անշուշտ որ ստեղծած է ընկերային տագնապ մը, որ կը յատկանշուի խառն ամուսնութիւններու բազմացումով, իբրեւ հետեւանք հայ մանչերու եւ հայ աղջիկներու թուային անհաւասարութեան։ Մանչերը կը գաղթեն, իսկ դեռատի շատ աղջիկներ… տունը կը մնան։ Եւ ուստի, Հայ Ընտանիքի հաստատումին ու ծաղկումին այնքա՜ն բնական հոլովոյթը կը կաղայ։ Կը սկսի գլուխ ցցել խառն ամուսնութեան երեւոյթը, որ խորթ է Հալէպի համար եւ կ’ենթադրեմ որ անիկա յառաջիկայ տարիներուն աւելի՛ ու աւելի՛ կրնայ սրիլ, եթէ ազգային մարմինները շօշափելի քայլերու չդիմեն` օժանդակելու համար ամուսնութեան թեկնածու հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն։
Հոս-հոն շինարարութիւններ կ’ըլլան, քաղաքին ծայրամասը գտնուող եկեղեցի մը կը վերանորոգուի եւ այլն։ Կը խորհիմ որ քարէն առաջ մարդո՛ւն արժէք պէտք է տալ։ Միւսներուն կարգը յետո՛յ թող գայ…։
Հալէպի համայնքային, ազգային, միութենական կեանքը կը շարունակուի անշուշտ նախկին թափով, բայց նուազ որակով, քանի որ մարդուժի մեծ արտահոսք մը տեղի ունեցաւ դէպի Հայաստան եւ Արեւմուտք։
Եկեղեցական կեանքը շա՛տ աշխոյժ է։ Մեր առաջնորդ սրբազանը, իր կողքին ունենալով Անթիլիասի միաբանութենէն երկու վեղարաւորներ, տեղաբնակ քահանաներուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն հետ միասին շէն ու կենսունակ կը պահէ եկեղեցիները, չի զլանար հովուական յաճախակի այցեր կատարելու մինչեւ հեռաւոր Գամիշլի, Քեսապ, Լաթաքիա, Եագուպիէ եւ այլուր, մխիթարելով ու գօտեպնդելով իր վիրաւոր հօտը։
Դպրոցները կը բանին նախկին կշռոյթով, բայց ունին նորատեսակ տագնապներ, որոնք միայն նիւթական չեն։ Ամէնէն լուրջ հարցը` ոչ-հայ աշակերտներու մեծաթիւ ներկայութիւնն է շատ մը վարժարաններէ ներս։ Կը հասկնամ, որ երեւոյթը երբեմն անխուսափելի է (դպրոց մը ինչպէ՞ս գոյատեւէ 60-70 աշակերտով։ Ստիպուած է իր դռները անարգել բանալ ոչ-հայ դիմորդներու առջեւ ալ, որպէսզի գէթ հաւասարակշռէ իր նկուն պիւտճէն…), սակայն ասիկա ժխտական ազդեցութիւն կը գործէ հայ վարժարանին ներքին հայեցի դիմագիծին, հայախօսութեան եւ հայերէնի դասապահերու արդիւնաւէտութեան վրայ։
Ինչ կը վերաբերի միութենական ճակատին, ապա պէտք է ըսել, թէ երկրին տագնապը մեծապէս ընդարմացուց կամ սառեցուց կարգ մը միութիւններ, ակումբներ։ Մեծ միութիւնները (Համազգայինի, ՍՕԽ-ի կամ ՀԲԸՄ-ի նման) կը շարունակեն իրենց երբեմնի գրեթէ բոլոր գործունէութիւնները։ Փոքր միութիւննե՛րն են որ անկում մը ապրեցան ու կ’ապրին, տառապելով մարդուժի պակասէ։ Ակումբներ կան, որոնք դարձեր են անուանական. կա՛մ փակ են, կա՛մ ձեւական ու լուսանցքային ներկայութիւն մը ունին։ Այդպէս են հայրենակցական երբեմնի միութիւններէն շատեր ալ։
Քաղաքիս միակ լրագիրը` «Գանձասար» շաբաթաթերթը, գնահատելիօրէն կը շարունակուի անխափան, իր շուրջ պահելով աջակից յօդուածագիրներու ոչ-արհամարհելի թիւ մը։
Հալէպը, հիմա, փոքրացած, որոշ չափով ընկճուած գաղութ մըն է, յիշեցնելով մեզի եգիպտահայ կամ իրաքահայ գաղութներու անցեալի համանման պարագաները։ Բայց սպառած չէ՛ ան։ Իր երբեմնի կենսունակութիւնը կրնայ վերաթարմանալ, եթէ խոհեմ ու շրջահայեաց կերպով կառավարուի, ինքզինք դուրս բերէ յուսալքութեան կապանքներէն ու գործէ, աշխատի համախումբ ճիգերով։ Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը, այս տեսակէտով, պէտք է ընկալել ԴՐԱԿԱՆՕՐԷՆ։
Բայց միաժամանակ կը մտածեմ, թէ մեր բոլոր գաղութներն ալ հարցեր ունին, ընկրկումներ կ’ապրին։ Արդեօք աւելի լա՞ւ է Լիբանանը, ուր մտաւորականութիւն չէ մնացած, դպրոցները նօսրացած թիւեր ունին, թերթերն ու պարբեկանները կը խարխափին…։ Ֆրանսա՞ն, ուր հայախօսութիւն չկայ, Արժանթի՞նը, ուր մեր թերթերը կը հրատարակուին սպաներէնով, Պոլի՞սը, որ արդէն հողին յանձնեց իր հայատառ փառաւոր գրականութեան բոլո՜ր մեծերը (վերջինը` Ռ. Հատտէճեանը), առանց զանոնք փոխարինող ուժեր պատրաստած կամ կոփած ըլլալու…։
Վերադառնալով ձեր հարցումին, ինչ կը վերաբերի իմ եւ իմ ընտանիքին Հալէպ մնալուն, այդ ալ պէտք է բացատրել երեւի այն հոգեկան զօրաւոր ու անբացատրելի կապով, որ երկաթեայ շղթայով մը ագուցած էր զիս Ծառուկեանի այս «երազային» քաղաքին։ Այո՛, մենք մնացինք հոս` տոկալով բազմաթիւ դժուարութիւններու, մերթ տրտնջալով, մերթ յարմարելով ստեղծուած իրավիճակներուն, մերթ զրկելով մենք մեզ կենցաղային տարրական պահանջքներէ, մտածելով թէ «վաղը լաւ կը լինի»…։
Հալէպը սփիւռքի ծաղիկն է, զոր պէտք է պահել, ջրել, աճեցնել տեւաբար, վաղը կամ միւս օր անոր ընծայելիք բարիքները վայելելու համար…։
«Հորիզոն».- Որպէս հայ գիր-գրականութեան սպասարկու եւ կրթական մշակ, ըստ ձեզի արեւմտահայերէնը իսկապէ՞ս վտանգուած լեզու է:
Լ.Շ.- Այս հարցումը տասնամեակներէ իվեր անդադար կ’ուղղուի մեր սրտցաւ մտաւորականութեան։ Նոյնիսկ կրնանք ետ երթալ մինչեւ հարիւր տարի` կանգ առնելու համար Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» վէպին դիմաց ու ականջ տալու անոր էջերէն դուրս պոռթկացող խռովիչ աղաղակին. «Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն»…։
Մինչ Շահնուր այսպիսի ահազանգ մը կը հնչեցնէր, անդին, իր անմիջական դրացնութեան մէջ, Ֆրանսայի հողին վրայ, երիտասարդ հայ գրողներ մեր գրականութեան կը շահեցնէին հրաշալի գործեր, գրուած շատ տոկուն, գեղեցիկ եւ յղկուած հայերէնով…։ Յիշեցէ՛ք Վազգէն Շուշանեանի քնարաշունչ արձակը, Շաւարշ Նարդունիի տոհմաշունչ հեքիաթները, Որբունիի դասական վէպերը, Նիկողոս Սարաֆեանի նկարագրական հմայիչ էջերը, երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանի հիւթեղ եւ հարուստ բառամթերքը, մինչեւ իսկ Կարօ Փօլատեանը, հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեանը` իր «Յառաջ»-ով…։ Եւ տակաւին շատ ուրիշներ։
Այնպէս կը թուի, թէ Շահնուրի ահազանգած նահանջը այն ատեն չէր վերաբերեր հայ գրականութեան (որ առողջ ու կենսունակ լեզուով մը կը շնչէր), այլ ժողովրդային խաւերո՛ւ ուծացումին, ինքնութեան կորուստին եւ տոհմիկ բարքերու (ներառեալ` մայրենիի գործածութիւնը) աստիճանական չքացումին։
Այսօր, սակայն, իրավիճակը բոլորովին տարբեր է։ Կը գտնուինք իսկական սահանքի մը առջեւ, ա՛զգովին։ Այն բոլոր լծակները, որոնցմով հայ սփիւռքը կրցեր էր պահել-պահպանել ինքզինք 70-80 տարի, հիմա մաշումի ենթարկուած են այլեւս։ Մաշումը, որեւէ իրի կամ սարքի պարագային, բնական երեւոյթ մըն է։ Մաշած գործիքդ կը նորոգես, կը յղկես, յետոյ զայն կրկին կը գործածես երկա՜ր տարիներ։
Մեր պարագային, «մաշած սարքեր»-ը չենք նորոգած, լքած ենք զանոնք իրենց ճակատագրին, ձեռնածալ դիտած ենք անոնց ժանգոտումը…։
Բացատրեմ աւելի յստակ բառերով։
Դուք հարց կու տաք ինծի արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգներուն մասին։ Ի՜նչ կ’ըսէք։ «Վտանգ»-ը շատո՜նց եկած, արդէն պարուրած ու առեւանգած է արեւմտահայերէնը եւ հիմա արագասոյր կը տանի զայն դէպի անծանօթ մթին հորիզոններ…։
Տեսէ՛ք։ Արեւմտահայերէնը, որ կորսուած Արեւմտահայաստանէն մեզի հասած ՄԻԱ՛Կ ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԱՒԱՆԴՆ Է, Մեծ Եղեռնէն ետք ապրեցաւ ու շնչեց` իր կռնակը տալով չորս յենարաններու. հայախօս գաղութները (սփիւռքի կազմաւորման սկզբնական շրջանին գրեթէ մեր բոլոր գաղութները հայախօս էին), սփիւռքահայ մամուլը, հայ գրականութիւնը եւ հայ դպրոցը։
Այսօր, դժուար չէ անդրադառնալ, թէ այդ չորս յենարաններն ալ լրջօրէն վնասուած են, երբեմն` տապալած…։ Հայախօս գաղութները փոքրամասնութիւն դարձեր են օտարախօս գաղութներուն դիմաց։ Հայատառ մամուլը ընկրկեր է ու այլեւս տէրը չէ իր լեզուին, երբեմն նոյնիսկ փոխած է իր լեզուն։ Հայատառ գրականութիւնը կ’ապրի իր մայրամուտը։ Իսկ հայ դպրոցը իր առաքելութեան մէջ կը տատանի, ընդհանրապէս չի յաջողիր հայերէն անսխալ կարդացող ու անսխալ գրող սերունդներ արտադրել…։
Այո՛, 4 վիրաւոր յենասիւներ, որոնք այսուհետեւ պիտի չկարենան լիապէս նեցուկ կանգնիլ արեւմտահայերէնին։
Զորօրինակ, սփիւռքահայ մերօրեայ մամուլը կը պարզէ լեզուական-ոճային այնպիսի խոցելի պատկեր մը, որ անկարելի կը դարձնէ իրմէ գալիք ենթադրեալ նպաստ մը հայերէն լեզուին։ Է՜ր երբեմն, մամուլը ԴՊՐՈՑ ՄԸՆ ԷՐ։ Այսօր` չէ։ Ընդհակառակն, մեր թերթերէն շատերը (կը խուսափիմ անուններ թուելէ) իրենց գործածած աղկաղկ ու որձեւէգ լեզուով ուղղակի կը մորթոտեն հայերէնը…։ Արեւմտահայերէն լեզուին տրուած մեծագոյն հարուածը հոսկէ կու գայ։ Նորոգ հանգուցեալ տոքթ. Արմենակ Եղիայեան տարիներո՜վ պայքարեցաւ` զգաստութեան հրաւիրելով մեր թերթերը, անոնց սխալագրութիւնները մատնանշելով, ճիշդ գրելաձեւերը սորվեցնելով։ Յետո՞յ։ Բան փոխուեցա՞ւ մեր մամուլին ծուռ գնացքին մէջ։
Հիմա մենք մէկ կողմէ ծունկ կը ծեծենք հայ մամուլին պարզած թերի ու անհրապոյր հայերէնին ի տես, միւս կողմէ ալ կը փնտռենք մօտիկ անցեալի հայկաբան ու հմուտ հայերէնագէտ խմբագիրները` Սիմոն Սիմոնեանը, Ծառուկեանը, Օննիկ Սարգիսեանը, Պետրոս Հաճեանը, Պօղոս Սնապեանը, Անդրանիկ վրդ. Կռանեանը, Ժիրայր Դանիէլեանը, Երուանդ Ազատեանը, Ռ. Հատտէճեանը…։
Առանց լեզուին տիրապետող վարպետներու անմիջական շունչին ու մշտատեւ նպաստին` արեւմտահայերէնը պիտի չյաջողի ինքզինք «մաքրել», վերադառնալ իր ջինջ աւազանին։ Իսկ ո՞ւր են այդ վարպետները։
«Հորիզոն».- Իսկ հայերէն գրականութիւնը, յատկապէս արեւմտահայերէն գրականութիւնը ի՞նչ ընթացքի մէջ է, ըստ ձեզի:
Լ.Շ.- Ընդհանուր հայ գրականութեան մասին տեսակէտ յայտնելու բաւարար տուեալներ չունիմ ձեռքի տակ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ մշակուող ու հրատարակուող արեւելահայ ժամանակակից գրականութիւնը իր բոլոր երեսներով ծանօթ չէ ինծի։ Կասկած չունիմ սակայն, որ հայրենի հողը այն կենսատու «թաղար»-ն է, ուր հարկաւ կը ծլին, կ’աճին ու կը ծաղկին գրականութեան բոլոր սեռերը, բնականոն ու առողջ պայմաններու մէջ։ Հոն վտանգ չկայ։ Վտանգը հո՛ս է, արտասահմանի մէջ։
Ճիշդ 15 տարի առաջ, 2010-ին, բազմաձայն զրոյց մը կատարեր էի ինծի ծանօթ սփիւռքահայ 5 սիրելի մտաւորականներու հետ եւ այդ առթիւ` ճի՛շդ ձեր այս նոյն հարցումը ուղղած էի իրենց։ Զրուցակիցներս էին Ռ. Հատտէճեան, Պետրոս Հաճեան, Վրէժ-Արմէն, Յակոբ Չոլաքեան եւ Վարդան Մատթէոսեան։
Առաջին երկու անունները, որոնք այլեւս մեզի հետ չեն, տխրօրէն ընդգծեր էին, թէ արեւմտահայ գրականութիւնը կ’ապրի իր վերջալոյսը։ Միւս երեք անունները խուսափեր էին յոռետեսական մտածումներէ եւ ըստ երեւոյթին` դրական միտումներ կ’ատայայտէին սփիւռքահայ գրականութեան ներկային (այդ օրերու) եւ ապագային մասին։
Ես, իբրեւ զրուցավար, կողմնակից էի առաջին երկու գրագէտներու կարծիքին։ Այսօ՛ր եւս կը մնամ նոյն տեսակէտին վրայ։
Նայեցէ՛ք։ Գրականութիւն մշակելու, գիր-գրականութիւն արտադրելու համար մարդ պէտք ունի երկու լծակի. տաղանդ (որ յաճախ բնատուր շնորհք մըն է, բայց կրնայ ձեռք բերուիլ նա՛եւ յամար աշխատանքով) եւ Լեզու (որով թուղթին պիտի յանձնուին մտածումներդ)։ Առաջին լծակը թերեւս կայ, բայց երկրորդ լծակը խախուտ է, երբեմն բնա՜ւ գոյութիւն չունի։ Այս պատճառով ալ, Ամերիկայի, Արժանթինի, Պոլսոյ մէջ կը հանդիպինք հայանուն գրողներու, որոնք գիրքեր հրատարակած են անգլերէնով, սպաներէնով կամ թրքերէնով (վէպ, պատմուածք, բանաստեղծութիւն)։ Ուրեմն, տաղանդը կայ, սակայն չկայ հայերէն լեզուն…։ Իսկ «հայ գրականութիւն» եզրը միայն ու միայն կրնանք գործածել հայագիր գրականութեան համար։ Սարոյեան մը կամ Փիթըր Պալաքեան մը մաս չեն կազմեր հայ գրականութեան, նոյնիսկ եթէ իրենց նիւթը կ’առնչուի հայութեան, կամ հայ հերոսներ կ’երեւին իրենց էջերուն երկայնքին…։
Հալէպ, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի երդիքին տակ, տարիներէ իվեր կը դասաւանդեմ «Սփիւռքահայ գրականութիւն» առարկան, որուն դասագիրքն ալ պատրաստած եմ անձնապէս։ Հոն կը տողանցեն Համաստեղն ու Վահէ-Հայկը, Նուրիկեանն ու Յակոբ Ասատուրեանը, Շահնուրն ու Շուշանեանը, Սարաֆեանն ու Հրաչ Զարդարեանը, Մուշեղ Իշխանն ու Ծառուկեանը, Ժագ Յակոբեանն ու Եղիվարդը, Զահրատն ու Զարեհ Խրախունին, Հատտէճեանն ու Մնձուրին եւ դեռ ուրիշներ։ Տաղանդ ու որակ կայ բոլորի՛ն գործերուն մէջ։ Արեւմտահայերէնի ջերմիկ բաբախումով, սլացիկ խոյանքներով լեցուն են բոլորի՛ն ալ գործերը։
Այս ցանկին վրայ ի կեանս եղողներ չկան։ Վերջինը` Ռ. Հատտէճեանն էր, որ կեանքին հրաժեշտ տուաւ դարահասակ տարիքին, դեռ քանի մը ամիս առաջ։
Այսօր եթէ վանենք մեր յոռետեսական միտումները եւ փորձենք սփիւռքահայ գրականութեան ապրող գրագէտներու ժողովածու մը պատրաստել, ո՞ր անունները պիտի շարայարենք մեր ենթադրեալ ցանկին վրայ։ Ճիշդ է, որ զանազան գաղութներու մէջ դեռ կարելի է թուել բուռ մը վաստակաւոր գրողներու անուններ, բայց անոնք բոլորն ալ արդէն կը պատկանին երէց սերունդի մը, որ անցնող 40-50 տարիներուն տուա՛ւ իր տալիքը ու ջանաց վառ պահել գրականութեան ջահը` արեւելքէն արեւմուտք։ Մեզ հետաքրքրողը ասոնց ենթադրեալ յաջորդներն են, որոնք պիտի կարենային աւանդական դրօշակը ձեռք առնել ու վազքը շարունակել…։ Ես այդ յետնորդները չեմ տեսներ։
Սին յոյսերու չապաւինինք։ Հոս ու հոն կրնա՛ն գտնուիլ գրչի համեստ մշակներ (երիտասարդ կամ միջին սերունդէն), բայց անոնք չեն կրնար փրկել արեւմտահայ գրականութեան ապագան։ Այս ծիրէն դուրս կ’իյնան նաեւ Հայաստանէն Ամերիկա գաղթած այն քանի մը գրողները, որոնք կը շարունակեն ստեղծագործել իրենց մայր բարբառով` արեւելահայերէնով։ Այդ երկերը ներդրում չեն բերեր սփիւռքահայ գրականութեան, քանի որ չեն սատարեր արեւմտահայերէնին, չեն ապրեցներ զայն։ Անոնք հայաստանեան գրականութեան արտասահմանեան երկարաձգումներն են պարզապէս։
Յետոյ, ակնբախ է, որ այսօր արեւմտահայերէնով «գրականութիւն» կամ մինչեւ իսկ «հրապարակագրութիւն» փորձող մեր նորահաս գրիչները յաճախ կը գործածեն խորթ, աղճատ ու ոչ-գոհացուցիչ հայերէն մը։ Անփայլ է իրենց արձա՛կը մանաւանդ, անհրապուրիչ ու նոյնիսկ վանողական։ Միթէ կարելի՞ է «գրականութիւն» տիտղոսին տակ խմբել գործեր, ուր լեզուն գեղեցիկ չէ, լեցուն է սխալագրութիւններով, չունի հմայք ու պերճանք։ Որովհետեւ լեզուն նուաղած է, ուստի գրականութիւնն ալ խոնարհած է, ծունկի եկած…։ Հայ սփիւռքի մեծագոյն ցաւը, արդէն, լեզուի կորուստն է` մեր սեփակա՛ն կամքով, մեր հաւաքական թէ անհատական անփութութեանց հետեւանքով…։ Հոսկէ ալ մեկնած` ես այլեւս այն համոզումը գոյացուցած եմ, թէ սփիւռքահայ գրականութիւնը կ’ապրի իր մայրամուտը։ Ան կը դիմէ դէպի իր տխուր վերջալոյսը։
Հարցազրոյցը՝ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեանի
(Ա. մաս)