Հալէպահայութիւնը Հրաժեշտի Հանդիպում Ունեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին Հետ

րամանով Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութեան, Ուրբաթ, 24 Մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս հրաժեշտի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:

Ի յարգանս սրբազան հօր տասնհինգ տարիներու նուիրական, բեղուն աշխատանքին, հրաժեշտի հանդիպումին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան ՀՀ Մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Արժ. Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմինները, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, կրթական հաստատութիւններու, հայրենակցական միութիւններու, բարեսիրական հիմնարկներու ներկայացուցիչները եւ հոգեւորականաց Դասը:
Բացման Խօսքով Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենադպիր Սիլվա Ճապաղջուրեան բարի գալուտ մաղթեց ներկաներուն եւ լուսարձակի տակ առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին վաստակն ու ծառայութիւնը, բարի երթ մաղթելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր իր նուիրական առաքելութեան մէջ:

Այնուհետեւ կատարուեցաւ հանդիպման բացումը եւ ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան եւ մտերմիկ զրոյցի:

Հայ Կաթողիկէ Համայնքին եւ Գերապայծառ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Տէր Կոմիտաս Քահանայ Տատաղլեան, որ ըսաւ. «Թոյլ տուէք, որ նախ փոխանցեմ ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները ձեր սիրեցեալ եղբօր Գերապայծառ Տիրոջ, որ բանաւոր պատճառով երկրէն դուրս կը գտնուի:

«Սրբազան հայր, 15 ծանր տարիներ ծառայեցիք, ծառայեցիք հաւատքով, սիրով եւ ամենայն բծախնդրութէամբ, ձեր ուսերուն առնելով պատուական Խաչը Հայոց Բերիոյ Թեմին:

«Ծառայեցիք որպէս բազմաշխատ հոգեւորական, քաջ հովիւ, գթառատ հայր եւ մանաւանդ աննահանջ հայրենասէր եւ տեսլահար Առաջնորդ: Մանաւանդ Հալէպի դժնդակ տագնապալից օրերուն: Ձեր մէջ տեսանք աստուածային սիրով օծուն եղբայրական կապը՝ Գերապայծառ Տիրոջ եւ Վերապատուելիին հետ, տեսանք, շօշափեցինք ձեր իւրայատուկ, վճռական եւ բարերար դերը ի սպաս հալէպահայութէան, երբ կազմեցիք Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինը»:
Ապա Տէր Կոմիտաս Գերապայծառ Տիրոջ եւ Հայ Կաթողիկէ Համայնքին անունով, որպէս յիշատակ անմոռացութէան Առաջնորդ Սրբազան Հօր յանձնեց յուշանուէր մը՝ Ս. Պատարագի արծաթէայ սկիհ մը արտասանելով հետեւեալը. «Յիշեսցիր զմեզ առաջի, Անմահ Գառն Աստուծոյ», իսկ սրբազանը պատասխանեց. «Յիշէալ լիցիք» ու շնորհակալութիւն յայտնեց:

Այնուհետեւ իր սրտի խօսքը արտասանեց Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Վերապատուելին ըսաւ. « Գերշ. Սրբազան Հօր անցնող 15 տարիներուն մատուցած ծառայութիւնը իր դրոշմը թողուց ոչ թէ միայն Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. շրջագիծէն ներս, այլ հալէպահայութեան համընդհանուր կեանքին մէջ: Գերշ. Սրբազան Հայրը իր տիպարով եւ կենցաղով օրինակ ծառայեց բոլոր եկեղեցականներուն եւ այսօր, կարելի է ըսել, որ բնական տարիներ չէին անցնող յատկապէս վերջին եօթը-ութը տարիները: Այդ տարիներուն Գերշ. Սրբազան Հօր հետ մենք բաժնեկցեցանք մեր ուրախութիւնն ու տագնապը, բաժնեկցեցանք մեր մարտահրաւէրները, միասնաբար կրեցինք ամէն ցաւ, կսկիծ, երբեմն այն դժբախտութիւնները, որոնք մեր կամքէն անկախ մեր առօրեան ներխուժեցին: Այս բոլորին հետ մէկտեղ, Սրբազան Հայրը իր հաւատքը պահեց, բոլորանուէր ծառայութիւնը շարունակեց՝ դառնալով հեզահամբոյր ներկայութիւն, եւ իր ողջմիտ, մշակութասէր, ազգասէր, բարեգութ սրտին ու մտքին թելադրութեամբ դրական ներդրում ունեցաւ մեր ազգային կեանքին եւ տոկունութեան օրինակ ծառայեց տագնապահար ժողովուրդին»:

Ապա Վերապատուելին համայնքին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր:
Հանդիպումը շարունակուեցաւ բարի մաղթանքներու փոխանակումով: Դասական երաժշտութեան ընտրեալ կտորներ նուագելով ջութակահար Ռոզի Շուշանեան ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց ու բարեմաղթութիւնները համեմեց սիրոյ եւ երախտագիտութեան երանգներով:

Կազմակերպիչ կողմին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութեան տպաւորիչ խօսքը արտասանեց Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամ դոկտ. Հուրի Ազէզեան, հրաւիրեալներու մտահորիզոնին վրայ անգամ մը եւս ուրուագծելով անցնող տարիներու ազգային մեր կեանքի տագնապալից ու հպարտալից դէպքերն ու հալէպահայութեան միասնական ոգին:

Դոկտ. Ազէզեան ըսաւ. «Յանուն սուրիահայութէան, մեր որդիական շնորհակալութիւնն ու անվերապահ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Թեմի Գաւազանագիրքին 61-րդ Առաջնորդին՝ Գերաշնորհ Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանին, որ անցնող տասնհինգ տարիներուն ամբողջական նուիրումով, յառաջահայեաց մօտեցումով, օրինակելի յանձնառութեամբ եւ որակական նպատակասլաց ըմբռնումով հովուեց իր հօտը»:

«Այսօր, հրաժեշտի այս ոգեխանձ պահուն, մեզի կը մնայ ըսել՝ վարձքդ կատա՛ր, վաստակդ արդա՛ր, Սիրելի Շահան Սրբազան, վստահաբար յառաջիկայի ձեր գործունէութիւնները պիտի իրագործէք ձեզի վայել նոյն պիրկ կամքով եւ անխախտ հաւատքով»:

Ապա Դոկտ. Ազէզեան հրաւիրեց Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ տիար Տարօն Մակարեանը՝ Ազգ. Իշխանութեան յուշանուէրը յանձնելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Հանդիպումի աւարտին Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղելով հրաւիրեալներուն եւ հանդիպումը կազմակերպող Ազգ. Իշխանութեան ըսաւ.
«Այս պահը իմ կեանքին մէջ հանգրուան մը բոլորած ըլլալու ուրախութեան պահն է: Ընդհանրապէս ընկերային կեանքին մէջ մեկնում նաեւ կը նշանակէ կատարուած ծառայութեան մը աւարտ, որ նաեւ տխուր երանգ մը կ’ունենայ իր մէջ: Ամենակալին փառք եւ գոհութիւն կը յայտնեմ, որ զիս արժանի դարձուց իր եկեղեցւոյ սպասաւորը ըլլալու եւ իմ ծառայութեան բաժինս բերելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով Բերիոյ Հայոց պատմական Թեմէն ներս, ուր իմ ծննդավայրիս յիշատակները, իմ հարազատները, բարեկամներս եւ ննջեցեալ սիրելիներս միասնաբար կը տողանցեն այս պահուն իմ աչքերուս առջեւ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի որ ներկայ էիք մեր կեանքին մէջ եւ վստահ եմ որ ներկայ պիտի ըլլաք նաեւ յառաջիկայ տարիներուն»:

Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար Հաֆէզ ալ Ասատին, Սուրիոյ մէջ գործող պետական եւ բոլոր պատասխանատուներուն, քրիստոնէական համայնքներուն եւ համայնքապետներուն, իսլամ հոգեւոր առաջնորդներուն եւ պատասխանատուներուն, սուրիացի քաղաքացիներուն, մասնաւորաբար Սուրիահայ համայնքի զաւակներուն:

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Գերապայծառին եւ Վերապատուելիին յուշանուէրներուն համար, ինչպէս նաեւ Ազգ. Իշխանութեան՝ այս երեկոն կազմակերպելուն համար:
Ապա ներկաները յիշատակի լուսանկարներով անմահացուցին պահը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.