«Կոմիտասի երգարուեստը ինծի համար ուղղակի ներշնչում է». Հարցազրոյց երգիչ Էլի Պէրպէրեանի հետ
Էլի Պէրպէրեան ծնած է Լիբանան: Յաճախած է Լիբանանի Կիլիկեան վարժարանը, Թռչնոց բոյնը, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճը: 4 տարի հետեւած է Լիբանանի Պետական երաժշտանոցի դասընթացքներուն, ապա առիթը ունեցած է երաժշտական իր ուսումը շարունակելու Գանատայի ՄըգԿիլ համալսարանին մէջ, զոր աւարտած է 2015-ին՝ արժանանալով մագիստրոսական կոչումին: Լիբանանի մէջ 10 տարեկանէն սկսեալ ազգային-յեղափոխական երգերով հանդէս եկած է, ապա Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ հրապարակուած է աշուղական երգերու իր առաջին ձայնասկաւառակը: 2006 Օգոստոս 9-ին հրաւիրուած է Գանատա, Մոնթրէալ, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ տարեկան քերմէսին, որմէ ետք հաստատուած է Գանատա: Էլի Պէրպէրեան այսօր, որպէս դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգերու մեկնաբան, հանդէս կու գայ զանազան երգահանդէսներով ու ելոյթներով ոչ միայն Գանատայի, այլեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ: Առայժմ հրապարակած է երեք տեսահոլովակ՝ «Արեւ,արեւ», «Դու ես» եւ «Հոփփա» իր երգերուն, իսկ անցնող օրերուն հրապարակուեցաւ իր «Ինձ կը մոռանամ» տեսահոլովակը:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Հորիզոն»ի հարցազրոյցը իր հետ.
Հ.- Այս տարի կը նշուի Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը. դուք յաճախ իր երգերը կը հնչեցնէք, ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար Կոմիտասի երգարուեստը:
Է.Պ.- Կոմիտասի երգարուեստը ինծի համար ուղղակի ներշնչում է: Մանկութենէս հետաքրքրուած էի իրմով եւ իր ողբալի կեանքով, միեւնոյն ժամանակ՝ իրագործումներով: Կոմիտաս 6 ամսու մանուկ կորսնցուցած է իր մայրը, այս մէկը խորապէս ազդած է իր վրայ: Տասը տարեկանին կորսնցուցած է նաեւ հայրը: Որբ Կոմիտասին հոգատարութիւնը ստանձնած է իր մեծ մայրը: Մանկութեան տարիներուն ան եղած է մելամաղձոտ եւ ինքնամփոփ, ապա տարիներ ետք, երբ Փարիզի մէջ կը տառապէր հոգեկան հիւանդութենէն, նոյն որբ Կոմիտասի կերպարով կը ներկայանայ՝ մելամաղձոտ եւ ինքնամփոփ: Տպաւորիչը այն է, սակայն, թէ ան թեւեր կ’առնէ ու կը ձերբազատի որբութեան մելամաղձութենէն, երբ կ’որդեգրուի եկեղեցւոյ կողմէ Էջմիածնի մէջ, կ’անցնի Եւրոպա, կը ծանօթանայ համաշխարհային երգահաններու, ուր ուսում ստանալով հանդերձ զինք մտահոգողը կ’ըլլայ հայ երգն ու երաժշտութիւնը: Ապա կը սկսի շրջիլ գիւղէ գիւղ եւ գրառել մեր ժողովրդական պարզունակ երգերը՝ ազգագրագէտի եւ երաժշտագէտի վարպետութեամբ: Մեր ժողովրդական բանահիւսութեան գոհարներուն պահպանումը կը պարտինք իրեն: Հետեւաբար Կոմիտասի անձնական կեանքէն շատ ազդուած եմ, իր նուիրումէն, նախանձախնդրութենէն եւ բծախնդրութենէն: Ուշագրաւը այն է Կոմիտասի մշակումներուն մէջ, թէ ան հմտօրէն յաջողած է ներկայացնել գեղջուկին, պանդուխտին եւ ռամիկ ժողովուրդին պարզունակ երգերն ու երաժշտութիւնը, որովհետեւ իսկապէս դժուար է մեծ երաժշտագէտի մը համար մշակել ժողովրդական սովորական երգերը՝ պահելով անոր հարազատութիւնը: Ըսեմ, թէ խօսելով Կոմիտասի մասին, կրկի՛ն կը խոնարհիմ անոր անձին եւ մեզի թողած ժառանգութեան դիմաց:
Հ.- Ձեր ելոյթներուն ընթացքին կը հնչեն թէ՛ դասականը եւ թէ՛ ժողովրդականը, ներառեալ pop music-ը: Ինչպէ՞ս կրցած էք համադրել այս երկուքը, ինչպէ՞ս կրցած էք մէկտեղել այս երկու ծայրայեղութիւնները:
Է.Պ.- Իրաւունք ունիք. բաւական դժուար է արուեստագէտի մը համար մատուցել դասականը՝ իր բոլոր գոյներով, տարբեր լեզուներով, ապա՝ հարազատ տոհմիկը, եւ՝ pop-ը: Իմ երաժշտական ճանապարհս սկսայ դասականով, այդպիսով կը փորձէի մեր մշակոյթին ծառայել եւ տարածել, բայց զգացի, որ ժողովրդային խաւեր կան, որոնց զգացումներուն հարազատ թարգմանը ժողովրդական երգարուեստն է, որմէ եկած է նաեւ անոնց անուանումը՝ ժողովրդական, հետեւաբար սկսայ մեկնաբանել նաեւ ժողովրդական երգեր: Անդին երիտասարդութիւնը կը հակի ժամանակակից երգարուեստի pop music-ին, այդ ալ ներառեցի իմ երաժշտական ոլորտիս մէջ:
Չեմ ուզեր սահմանափակուիլ երգարուեստի որոշ տեսակով մը, այլ կ’ուզեմ ժողովուրդի՛ն երգիչը ըլլալ՝ երէց սերունդին, կրտսերին, երիտասարդին եւ բոլոր խաւերուն: Անշուշտ դիւրին չեղաւ այս մէկը, սակայն ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքով, փորձերով ու յարատեւութեամբ կարելի է ամէն բան իրագործել:
Հ.- Համաշխարհայնացումը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ նաեւ երգարուեստին վրայ. որպէս երիտասարդ երգիչ, ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօրուան հայ երիտասարդին մօտեցումը հայկական երաժշտութեան եւ հայ երգին նկատմամբ:
Է.Պ.- Համաշխարհայնացումը զօրաւոր ալիք մըն է, որ բոլոր ազգերուն վրայ կ’ազդէ: Ուղղակի մշակոյթներուն դէմ պայքար մը կայ՝ զանոնք հալեցնելու, մէկ գոյնի վերածելու, որմէ անխուսափելիօրէն ազդուած է նաեւ մեր երիտասարդութիւնը: Ճիշդ այդ է պատճառը, որ կ’ուզեմ ներկայացնել նաեւ երիտասարդին սրտին խօսող երգեր, ինչպէս կ’ընեն ժամանակակակից երգիչներ, այն հեռատես երգիչները, որոնք գիտակցութիւնը ունին համաշխարհայնացումի մարտահրաւէրին:
Ուրեմն կարելի եղած չափով մենք՝ արուեստագէտնե՛րս, պէտք է հասնինք երիտասարդին: Անշուշտ ըսել չեմ ուզեր, որ շուկայական ոճով պէտք է ըլլայ այդ մէկը, այլ՝ կարելիութեան սահմաններուն մէջ հրամցնենք իրեն հայերէն երգը ի՛ր սիրած ու ի՛ր սպասած ոճով: Օտար երգիչներուն նորօրեայ ժանրերը` pop-ը, rap-ը, ազդած են բոլորին վրայ, դժբախտաբար, բայց մենք ալ ձեռնածալ պիտի չմնանք, այլ պիտի փորձենք հայ երիտասարդին ուշադրութիւնը շեղել, որպէսզի հայերէ՛նը լսէ, հայերէնո՛վ արտայայտուի, ճաշակէ հայերէնը, վայելէ լեզուն եւ ըմբոշխնէ, այդ միջոցաւ նաեւ պիտի փորձենք որոշ չափով հայկական մշակոյթէն ալ պատառիկներ ներառել նման գործերու մէջ:
Հ.- Ուրեմն, ըստ ձեզի, այսօր տակաւի՛ն կարելի է հայ երիտասարդը գրաւող հայերէ՛ն երգեր մշակել եւ առթել, որ անոնք մտիկ ընեն հայերէ՛ն երգեր ու ապրեցնեն զանոնք իրենց առօրեային մէջ:
Է.Պ.- Ըսեմ, որ երիտասարդին հասնիլը այնքան ալ հեշտ չէ այս օրերուն. նախեւառաջ չափազանց ծախսալից է այդ մէկը: Այսինքն՝ եթէ երգիչ մը երգ մը հրապարակէ, ոչ մէկը պիտի հետաքրքրուի անով, եթէ անոր տեսահոլովակ ալ չհրապարակէ: Այսօր երիտասարդը դժբախտաբար գերին դարձած է լսատեսողական միջոցներուն, ան օրն ի բուն կը դիտէ եւ կը լսէ օտար երգերը ամէնուր՝ ռատիոյէն, հեռատեսիլէն, հաղորդակցական միջոցներէն, ընկերային հաւաքներուն եւ այլուր, հետեւաբար իր ուշադրութիւնը գրաւելու համար պէտք է մօտաւոր նոյն մակարդակի, նոյն չափանիշներով տեսահոլովակներ հրապարակել, որպէսզի հետաքրքրուի անոնցմով եւ իրեն հաճելի թուին: Այս բոլորը, սակայն, մեծածախս ծրագիրներ են, կրնամ ըսել նաեւ մսխում են, օտարներ միլիոնաւոր տոլարներ կը ծախսեն նման տեսահոլովակներու վրայ երբեմն, հետեւաբար մենք եւս պէտք է քայլ պահենք նորարարութիւններուն հետ, այլապէս համաշխարհայինը կը կլանէ մեր երիտասարդները…
Ես առ այսօր հրապարակած եմ «Արեւ, արեւ», «Դու ես» եւ «Հոփփա» երգերուս տեսահոլովակները, եւ մեծ ուրախութեամբ կ’ուզեմ անդրադառնալ, թէ քանի մը ամիս առաջ Տիթրոյթի մէջ ելոյթներէս մէկուն ընթացքին, երբ 300 հոգի հաւաքուած էր սրահին մէջ, եւ ես «Դու ես»ը սկսայ երգել, ժողովուրդը գրեթէ իր բոլոր խաւերով, 16 տարեկանէն մինչեւ միջին տարիքի ունկնդիրները, բառ առ բառ հետս երգեցին: Այս մէկը ինծի համար մեծ իրագործում է, որ կը նշանակէ, թէ երգս հասած է ժողովուրդին, յատկապէս՝ հայ երիտասարդին, եւ կը փաստէ այն իրողութիւնը, թէ եթէ այդ երգը տեսահոլովակով չհրապարակէի, դժուար թէ հասնէր ժողովուրդին ընդհանրապէս, եւ հայ երիտասարդին՝ մասնաւորապէս:
Հ.- Այո՛, հրապարակի վրայ լայն տարածում եւ մեծ ընդունելութիւն գտած է ձեր «Դու ես» երգին տեսահոլովակը, իսկ նոր երգեր հրապարակելու ծրագիրներ ունի՞ք մօտ ապագային։
Է.Պ.- Միշտ կան նոր ծրագիրներ. առաջինը` անցնող օրերուն արդէն հրապարակեցի, որ Յովհաննէս Շիրազի «Ինձ կը մոռանամ»ն է՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, երաժշտութիւնը մշակած է Մաժակ Թոշիկեան: Չափազանց խանդավառ եմ Շիրազի «Ինձ կը մոռանամ»ի բառերով, որ մեր ժողովուրդին արդար պոռթկումին հարազատ թարգմանն է: Այս մէկը պիտի հնչէ Նիւ Եորքի Թայմ հրապարակէն, ուր պիտի մեկնաբանեմ Շարլ Ազնաւուրի «Ils sont tombés»ն եւ գուսան Հայկազունի «Հայեր միացէք»ը: Ասոնցմէ զատ ունիմ երկու ճոխ երգեր, ինչպէս նաեւ «Դու իմ միակ» սիրային երգը, որուն հրապարակումը Դեկտեմբերին նախատեսուած է:
Հարցազրոյցը վարեց
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան