Կիրոյ Մանոյեան. «Կարեւոր է Արցախի հարցը օրակարգին վրայ պահել»
- (0)

Մարտ 23-ին «Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան «Երկրի հարցը» հաղորդաշարին հիւրը եղաւ ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակի պատասխանատու Կիրոյ Մանոյեան։
Հաղորդման ընթացքին քննարկուեցան արտերկրի Հայ Դատի գրասենեակներու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններն ու առաջնահերթութիւնները։ Մանոյեան նշեց, թէ ներկայ բարդ իրավիճակին մէջ եւս կառոյցը կը շարունակէ իր աշխատանքը տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու եւ միջազգային կառոյցներու մէջ՝ կեդրոնանալով երկու առանցքային խնդիրներու վրայ՝ արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդում։
Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այսպէս կոչուած «խաղաղութեան համաձայնագիր»-ին՝ Մանոյեան յայտնեց, թէ այն նախաստորագրուած է ճնշումներու եւ սպառնալիքներու պայմաններուն տակ, ինչ որ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն կը դարձնէ այդ փաստաթուղթը անվաւեր։ Ան ընդգծեց, որ Հայ Դատի գրասենեակները իրենց գործընկերներուն կը փոխանցեն Արցախի հարցին վերաբերող ամբողջական պատկերն ու կը շեշտեն, որ խնդիրը լուծուած չէ։
Մանոյեան նաեւ մատնանշեց, թէ այդ աշխատանքներու արդիւնքը կը դրսեւորուի միջազգային մակարդակի վրայ ընդունուած հայանպաստ որոշումներու մէջ, ինչպիսիք են Պելճիքայի կառավարական յուշագիրին մէջ տեղ գտած ձեւակերպումները եւ ԱՄՆ Քոնկրեսին մէջ քննարկուող նախաձեռնութիւնները։
Խօսելով Արցախի հայաթափումէն ետք հարցը միջազգային օրակարգ վերադարձնելու հնարաւորութեան մասին՝ Մանոյեան ընդգծեց, թէ այդ գործընթացը կախուած է Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումէն։ Ան շեշտեց, որ քանի դեռ չեն բարձրացուիր արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքի եւ գերիներու ազատ արձակման հարցերը, եւ քանի դեռ կը խուսափուի նոյնիսկ «Արցախ» բառը օգտագործելէ, միջազգային հարթակներու վրայ հարցը չի վերադառնայ։ «Եթե մենք չխօսինք այս հարցերուն մասին, մեր փոխարէն ոչ ոք պիտի խօսի», ըսաւ ան։